Հին դարերէն ի վեր ի՞նչ զարգացումներէ անցած են ռազմավարութիւնն ու զինատեսակները, ի՞նչ զէնքեր գործածած են մարդիկ՝ սկսեալ նախամարդէն մինչեւ մեր օրերը՝ նետ ու նիզակներէն մինչեւ հրթիռներն ու աթոմական ռումբը: Թերեւս ոչ մէկ այլ մարզ այսքան զարգացումի չէ ենթարկուած, որքան մարդ սպանելու նպատակով օգտագործուող զէնքերն ու ռազմավարութիւնը:
Ամէն բանէ առաջ, զինուորներէն ու զէնքերէն առաջ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունէր «Անակնկալ»-ի ազդակը օգտուելով թշնամին անակնկալի բերել եւ անոր անպատրաստ վիճակէն յարձակումը գործել: Պարզ է, որ երբ թշնամին պատրաստ չէ, յաղթանակը յարձակողին կ՛ըլլայ:
Այս օրերուս, անշուշտ գիտութեան զարգացման զուգահեռ, այլեւս «անակնկալ»-ի ազդակը իր իմաստը կորսնցուցած է: Իւրաքանչիւր կողմի համար թշնամիին ունեցածը զէնքերը, զանազան տեղաշարժերն ու ռազմավարութիւնը դադրած են գաղտնիք ըլլալէ: Այսօր ամենայն վստահութեամբ անոնք կը յայտարարեն, թէ պիտի հակահարուած տան, սակայն երբ եւ ինչպէսը չեն հաղորդեր, որպէս փոխվրէժի իրաւունքի տէր: Որքան կը լսենք հարուած ստացած տուժող կողմէն, թէ «Հակահարուածը մեր իրաւունքն է, ժամանակն ու ձեւը մենք կ՛որոշենք»: Անոնք ճշգրիտ օրը չեն նշեր, սակայն գաղտնի սպասարկութիւններ այդ «ծառայութիւնն» ալ կ՛ընեն, եւ աշխարհը կը գիտնայ, թէ այս մի քանի օրերու ընթացքին պիտի տեղի ունենայ յարձակումը: Արդէն հակառակ կողմը միշտ պատրաստ է հարուածը ընդունելու եւ անոր ազդեցութիւնը նուազագոյնի վերածելու:
Երբ այսպիսի յայտարարութիւն կ՛ընէ կողմերէն մէկը, սակայն կ՛ուշանայ հակահարուածը, կամ բնաւ տեղի չունենար, կը գիտնանք, որ ներքին կամ արտաքին սպառումի համար «խօսք» մըն է եղածը, որ գործի չի վերածուիր: Օրինակներ յիշելու համար պրպտումներու կարիք չկայ, վերջին մէկ տարին, եւ յատկապէս վերջին ամիսներուն, նման որքա՜ն արտայայտութիւններ լսեցինք Իսրայէլ- Իրան, Իսրայէլ-Համաս եւ Իսրաէլ-Հըզպալլա կռիւներու ընթացքին:
Իւրաքանչիւր պատերազմող կողմ շատ լաւ գիտէ, թէ իր թշնամին ի՞նչ տեսակի զէնքեր ունի, ի՞նչ քանակութեամբ, անոնց մթերման վայրերը, անոնց կարողականութիւնը բաղդատած իր սեփական բանակի կարողականութեան: Որքան ալ որ ըլլայ, Իսրայէլը գերօժտուած է ամենաարդիական զէնքերով, քանի անդադար մատակարար հովանաւոր ԱՄՆ միշտ իր թիկունքին է ու ամենայն համարձակութեամբ կը յայտարարէ, թէ երբեք առանձին պիտի չթողու Իսրայէլը, քանի անոր ստնտուն է, որ չափ ու սահման չի ճանչնար, թէեւ վերջերս իր տարած յաղթանակներէն գինովցած՝ Իսրայէլ օժանդակութիւն խնդրողի վիճակէն, անցաւ պահանջողի վիճակին, հաւատարիմ խրատուողի վիճակէն՝ ականջ չդնողի գոռոզ կեցուածքին, եւ առանց քաշուելու վարչապետ Նաթանիահուն համարձակեցաւ ըսել, թէ պարտաւոր չէ ենթարկուելու ԱՄՆ-ի բոլոր պահանջներուն, քանի ինք ԱՄՆ-ի նահանգներէն մէկը չէ:
Իսրայէլը իր բոլոր յաղթանակները ինքզինքին կը վերագրէ ու կը շարունակէ ինքնագլուխ գործել, նոյնիսկ երբ ԱՄՆ կը զգուշացնէ, որ Լիբանանեան տարածքներ չփորձէ գրաւել, կամ չփորձէ Իրանի աթոմական համալիրը հարուածել, այլապէս պիտի ստիպուի պատժել եւ որոշ օժանդակութիւններէ զրկել զայն:
Պատերազմը առիթ է իր սահմանները քայլ առ քայլ աւելի ընդարձակելու: (Կը յիշէք չէ՞ հրէական լոզունգը՝ Եփրատէն մինչեւ Նեղոս քու հայրենիքն է Իսրայէլ):
Իրար յաջորդող ինչ մեծ իրանցի կամ իրանամետ անձնաւորութիւններ սպանեց իսրայէլեան բանակը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, անկէ առաջ ալ Իրաքի մէջ. պարզ է որ Իրանը պիտի պատասխանէ, կը յորդորեն Իսրայէլին իր բարեկամները, որ հակահարուածը զուսպ ըլլայ, յատկապէս չմօտենայ անոր աթոմակայանին: Իսրայէլ բաւական ուշացուց պատասխանը,, եւ զօրաւոր հարուածով մը քանդեց Իրանի հրթիռներու քիմիական լիցք պատրաստող գործարանը: Հիմա կը փորձեն մեզ համոզել, որ Իրան զուսպ ըլլայ իր պատասխան հակահարուածին մէջ, միշտ զգուշացնելով որ հակամարտութիւնը մագլցումներ չարձանագրէ:
Մարդ չի կրնար հասկնալ յորդորներուն էութիւնը: Միջինարեւելեան պատերազմ մըն է, որուն դերակատարները եթէ երկու, երեք կամ չորս են, գործին խառնուողները տասնապատիկ են. արդեօք «համաշխարհային» ըսուածը ա՞յս է:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ