Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր 23ը նշեց վաստակաւոր խմբագիր Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեանի ծննդեան հարիւրամեակը: Տոքթ. Պէրպէրեան անմնացորդ նուիրումով ծառայած է ՌԱԿի լայն ցանցի կարեւոր հանգոյցներուն վրայ եւ իր ետին թողած է լրագրական կոթողային ժանագութիւն մը: Իր ծննդեան հարիւրամեակին առիթով իր խմբագրականներէն ծաղկաքաղ մը հրատարակուեցաւ – «ՌԱԿի անխոնջ խմբագրապետը` Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեան» վերնագրին ներքեւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Կանատայի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն հատորին ներածականը հանգուցեալ մտաւորականին գործակից եւ սրտակից ընկերոջ` Երուանդ Ազատեանի գրիչով:
Խմբ.
Տոքթ. Նուպար Պէրպէրեանի կորուստով վերջ գտաւ կարծէք դասական խմբագիրներու սերունդը: Ան ժամանակակից էր Վահան Թէքէեանի, Յովհաննէս Պօղոսեանի, Համբարձում Գարայեանի, Գերսամ Ահարոնեանի, Անդրանիկ Անդրէասեանի եւ Հրաչ Երուանդի. հրապարակագիրներու համաստեղութեան մը որ իր լուսափայլ հետքը թողած է սփիւռքի հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Անոնք կþապրէին դարաշրջանի մը մէջ, երբ ելեկտրոնային մամուլի հնարքը չէր կատարուած տակաւին եւ խմբագիր ու աշխատակից աւելի մերձ ու մտերիմ յարաբերութեան մէջ կը գտնուէին: Խմբագիրին գրասենեակը ազգային խնդիրներու արծարծման եւ լուծման օճախ մըն էր, ուր մտաւորականներ կը համախմբուէին զրոյցի եւ վերլուծման համար. տեսակ մը նախատիպը այսօրուան Think Thank-երուն, որ խմբագիրը կը հանդիսանար աղբիւրը լուրերու եւ իրաւարարը` վէճերու:
Նաեւ ժամանակ մըն էր, երբ լուրերը կը հետապնդէին խմբագիրը, եւ` հակառակը, ինչպէս աշխատակիցներն էին խնդրարկու իրենց յօդուածները հրատարակել տալու եւ անոնց շնորհիւ իրենց տեղը ապահովելու ընկերային դասաւորումին մէջ:
Իր բոլոր պաշտօններուն վրայ Նուպար Պէրպէրեան փնտռուած հեղինակութիւն էր, որուն խօսքն ու գաղափարները իրենց կշիռն ունէին թերթին սիւնակներուն մէջ եւ այդ սիւնակներէն անդին:
Եգիպտոսի Նուպարեան վարժարանը աւարտելէ ետք` ան մեկնած է Փարիզ ստանալու իր բարձրագոյն կրթութիւնը միջազգային իրաւաբանութեան մէջ. մասնագիտութիւն մը՝ որ լաւ ծառայած է Պէրպէրեանին` իր խմբագիրի պաշտօնը կատարելու գործին մէջ, հանդիսանալով անոր մտածումի տարածութեան հիմքը, ինչպէս վերլուծական միտքի բացայայտումը:
Վարպետ գրողները եւ հեղինակաւոր խմբագիրները անպայման օժտուած չեն ըլլար հռետորական տաղանդով. օրինակ Վահան Թէքէեան, որուն հետ գործակցած է Պէրպէրեան իբրեւ փոխ-խմբագիր, այնքան յայտնի չէր իր բեմբասանութեամբ, որքան գրելու արտակարգ տաղանդով: Պէրպէրեան օժտուած հռետոր մըն էր, որ իր խօսքով կրնար զանգուածներ շարժել: «Արեւ»ի խմբագրութեան իր օրերուն, թեմական փոթորկայոյզ ընտրութիւններուն ընթացքին Նուպար Պէրպէրեան ուսամբարձ կը տարուէր բեմ եւ նոյն խանդավառութեանց մէջ ալ կþիջնէր բեմէն վար:
Իր ճառախօսութիւնը եւ իր խմբագրականները միշտ ունէին կառոյց եւ շատ յաճախ` քարտէսեան տրամաբանական շարք: Ան կը բանար իր խօսքը կամ խմբագրական սիւնակը բնաբանով մը, կամ` պատահարի մը նշումով: Հակառակ իր խոժոռ երեւոյթին եւ սեւ շրջանակով իր ակնոցներուն, ան ունէր զուարթախոհութեան նուրբ զգացում մը. եւ յաճախ երգիծական երանգներով կը համեմէր իր բնաբանը, հետզհետէ զարգացնելով իր նիւթը մինչեւ իր գաղափարներուն գագաթնակէտը, ուր արդէն կþարձակէր իր իմաստուն punch line-ը:
Պէրպէրեան հրաւիրուած է խմբագրելու իր շրջանի գրեթէ բոլոր ռամկավար թերթերը` սկսելով Փարիզի «Ապագայ»էն, անցնելով Գահիրէի «Արեւ»ին: Ապա ան հրաւիրուած էր Ամերիկա, Ֆրեզնոյի մէջ խմբագրելու համար «Նոր Օր»ը, ուրկէ անցաւ Պոստոն, ուր իր վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ «Պայքար»ի խմբագրատունը:
Պէրպէրեան տասը տարի վարած էր «Արեւ»ի խմբագրութիւնը, վայելելով մեծ համակրանք եւ յարգանք: Իր մեկնումէն երկու տարի ետք ինծի տրուեցաւ պատեհութիւնը ինը տարի խմբագրելու թերթը: Խմբագրատան մէջ, ինչպէս իր օրէն մնացած աշխատակիցներու մօտ, կը շարունակէր տիրել պատկառանքի լուսապսակ մը զոր Նուպար թողած էր իր ետին: Շրջապատը միեւնոյն վերաբերումը կը տածէր նաեւ ինծի հանդէպ, հակառակ ժողովրդական այն ոճին, որուն ես վարժուած էի իմ աշխատանքներուս կատարման մէջ:
Պէրպէրեանի հրապարակագրական ասպարէզին հեռուէն հետեւելէ վերջ երկար տարիներ` ինծի բախտը վիճակուեցաւ իրեն հանդիպելու «Պայքար»ի խմբագրատան մէջ, ուր վեց տարի վայելեցի իր մտերմութիւնն ու գործակցութիւնը:
Անոր աշխատանքը ունէր ժամացուցային ճշգրտութիւն: Առաւօտուն ճշդապահութեամբ կը հասնէր խմբագրատուն եւ միեւնոյն ճշդապահութեամբ ալ կը մեկնէր խմբագրատունէն երեկոյեան: Ան կարգապահութեան մարդն էր եւ գիտէր իմաստուն կերպով տնտեսել իր ժամանակը: Պէրպէրեանի որոշումով «Պայքար»ի շաբթուան վեց թիւերը պէտք է սկսէին խմբագրականով: Երեք խմբագրականները կը գրէր Նուպար Պէրպէրեան ընդհանուր նիւթերու մասին, իսկ օր ընդ մէջ քաղաքական խմբագրական մը կը գրէր Նուպար Ակիշեան, մեր տաղանդաւոր գրագէտ ընկերը, որուն գրիչը բեղուն էր: Պարբերաբար նաեւ հերթը կը հասնէր ինծի խմբագրական գրելու: Այնպէս որ թերթը կþօժտուէր այլազան ոճով եւ այլազան դիմագիծ ունեցող առաջնորդող յօդուածներով:
Պէրպէրեան աւանդապաշտ էր եւ մեծ յարգանք կը տածէր որքան հայկական տօներու, նոյնքան` ամերիկեան տօներու նկատմամբ. հետեւաբար անպայման խմբագրական մը կը գրէր այդ տօներու կապակցութեամբ եւ տարուէ տարի միեւնոյն տօները կþունենային տարբեր բովանդակութեամբ խմբագրականներ:
Պէրպէրեան խստամբեր կերպով կը հետեւէր հայկական, հայրենական եւ միջազգային անցուդարձերուն, որոնք կþընդգրկուէին իր խմբագրականներուն մէջ: Իր հայկական նիւթերուն մէջ կը ճառագայթէր իր ջերմ հայրենասիրութիւնը, իսկ, կուսակցական բովանդակութեամբ խմբագրականներուն մէջ՝ կուռ գաղափարապաշտպանութիւնը:
Բնականաբար, տարիներու թաւալքով իր բոլոր գրութիւնները չունէին միեւնոյն տոկունութիւնը, սակայն անպայման ունէին Նուպարի յատուկ անհատականութեան դրոշմը:
Նուպար կը խօսէր բառերն ու վանկերը յատուկ շեշտաւորումով դրսեւորելով. անոր խօսքին բառերը մարգարիտներն էին անոր միտքին: Իր կառուցուած խօսակցութեան նման ունէր նաեւ կառուցուած ձեռագիր մը զոր պահեց մինչեւ իր վերջին խմբագրականին հրապարակումը:
Հսկայ եւ պարտաւորեցնող ժառանգ մը թողուց ան իր ետին, իր ողջութեան, ինչպէս յետ մահու, իր ամբողջական թողօնը նուիրելով Թէքէեան Մշակութային Միութեան: Իր անձին ու ժառանգութեան աւանդապահը հանդիսացաւ իրեն այնքան հոգատար Գէորգ Մարաշլեան:
Նուպարին ամէնէն վստահելի մտաւորական ընկերն էր Յակոբ Վարդիվառեանը, որ ստանձնեց հարիւրաւոր գրութիւնները ուսումնասիրել եւ Նուպարի յիշատակին արժանի հատոր մը կազմել:
Վտահ եմ, որ Նուպար իրեն յատուկ լուռ ժպիտով այսօր վերէն գոհունակութիւն կը յայտնէ այս ծրագրի ամբողջացման համար եւ իր օրհնութիւնը կը տարածէ այդ դժուարին գործը գլուխ հանողներուն նկատմամբ:
Այս հատորը, որքան կը ցոլացնէ Նուպարին անհատականութիւնը, նոյնքան ալ կը վերակենդանացնէ անոր ապրած ժամանակը, իր վերիվայրումներով, պայքարներով, յաջողութիւններով, ու նաեւ` վիշտով:
ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Նոր լույս տեսած գրքի առաջաբանը