Երեւանի «Թէքէեան կեդրոնին» մէջ 11 յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական դասախօսութիւն մը: Պէյրութէն ժամանած հետազօտող լրագրող Համօ Մոսկոֆեանը ամբողջ երկու ժամ ներկայացուց, տեսաերիզներով, քրտական հարցի էութիւնը եւ հայ-քրտական յարաբերութիւններու անցեալն ու ներկան: Լիբանանի, Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի քիւրտական ինքնավար մարզի, Իրաքեան Քիւրտիստանի, Թուրքիոյ ու Եւրոպայի զանազան տարածքներուն ապրող «քրտացած հայերու», ասորիներու, «ասորացած հայերու», զազաներու, քզըլպաշներու եւ անոնց մէջ ձուլուած, նաեւ դէպի հայութիւն վերադարձող հազարաւոր հայերու ոդիսականը ներկայացուեցաւ կարճատեւ տեսաերիզներու եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ: Ներկայիս աւելի քան մէկ միլիոն մարտական քիւրտերու մեծագոյն մասը հայերն ու Հայաստանը կը համարէ իր դաշնակիցները ընդդէմ Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանի ցեղապաշտ ու կրօնամոլ միւս ոյժերու: Յիշուեցաւ նաեւ, որ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, Հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ ինքնավար մարզի ղեկավարները մանրամասն տեղեկութիւններ հայթայթեցին Թուրքիայէն եւ Սուրիայէն «Իսլամական պետութեան» վարձկաններուն դէպի Ազրպէյճան եւ Արցախ ուղարկման մասին, որոնք ատենին փոխանցուեցան Արցախի եւ Հայաստանի պատկան շրջանակներուն, օրուան դասախօսին կողմէ…:
«Կամք» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած դասախօսութեան երկրորդ մասը հարց-պատասխաններու յատկացուած էր: Համօ Մոսկոֆեանը քրտական շրջանակներու հետ իր ունեցած կապերուն շնորհիւ կուտակած իր տուեալներու մատուցմամբ բաւականին լոյս սփռեց խռովայոյզ Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ռազմա-քաղաքական գործընթացներու վերաբերեալ:
Թղթակից