Թերթի ամառնային արձկուրդի երեք շաբաթներու ընթացքին համաշխարհային բեմին վրայ այնքան բաներ պատահեցան, որոնց վրայէն առանց անդրադարձի անցնիլը անկարելի էր, ապա ուրեմն հակիրճ վերյիշում եւ արձագանգ:
Երբ Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուն ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի դահլիճը մուտք գործեց ու հարիւրաւոր ներկաները յոտնկայս ծափողջոյններով դիմաւորեցին զինք՝ որպէս հերոս, որ 9 ամիսներու ընթացքին յաջողեցաւ երկրամաս մը ամբողջ քարուքանդ ընել, 40.000 հոգի սպաննել ու 90.000 վիրաւորեալներ փողոցը նետել, ես չկրցայ դիտելս շարունակել եւ հեռատեսիլին կոճակը սեղմեցի:
Եթէ այս է չափանիշը ներկայ դարուս զարգացման, ափսոսանքով աչքերս կը փակեմ ու կը մտածեմ բոլոր հաւատալիքներս վերարժեւորումի ենթարկել:
Եթէ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու պալատի քաղաքականութիւնը այս վերաբերմունքով կը դրսեւորուի, ապա՝ անիմաստ է այլեւս խաղաղութեան ու տեմոքրասիի ջատագով այդ հզօր երկրին հրապարակ նետած լոզունգներուն եւ արժեհամակարգին հաւատալ:
Պարզ էր, որ միջազգային դատարանին կողմէ դատապարտուած Նաթանիահուն, որպէս պատերազմի յանցագործ, առօք-փառօք վերադառնար իր երկիրը եւ քաջալերուած ԱՄՆ-ի կեցուածքէն՝ նոր ոճիրներու ձեռնարկէր: Դատապարտուածը եթէ պատիժի չ ենթարկուիր, աւելի լկտի ու անսանձ կը դառնայ. բան մը՝ որուն կարճ ժամանակ մը ետք ականատես եղաւ ամբողջ աշխարհը, երբ իրար ետեւէ սպաննուեցան ՀԱՄԱՍ-ի ու Հըզպալլահ-ի ղեկավարները, յատկապէս ՀԱՄԱՍ-ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյյան, որ Թեհրան կը գտնուէր եւ իր բնակավայրը թիրախ դարձնելով հրթիռակոծեցին եւ սպանեցին մարդը: Պատկերացուցէք. հեռակայ կը հետապնդեն անոր բոլոր շարժումները եւ սենեակ մտնելուն պէս կը հրթիռակոծեն ու կը սպաննեն զինք: Երբ այսքան կարողութիւն ունին այդքան հեռուէն հետապնդելու իրենց թիրախը եւ ճշգրիտ հաշուով արձակելու հրթիռը, պիտի չկարենայի՞ն 9 ամիս ետք գտնել իրենց պատանդներուն արգելափակուած վայրը: Ես կը կարծեմ, որ շատ ալ լաւ գիտեն, պարզապէս կ երկարաձգեն անոնց ազատագրումը, որպէսզի ՀԱՄԱՍ-ի մնացեալ ղեկավարներն ալ սպաննեն:
Միւս կողմէ, ՀԱՄԱՍ-ն ալ կ երկարաձգէ իր մօտ գտնուող պատանդներուն յանձնումը, մինչեւ որ Իսրայէլ համաձայնի իր պահանջները գոհացնել: Մինչ ասոր ու մինչ անոր ուզածները ըլլան, ամէն օր արագաքայլ կ՛աճի զոհուած պաղեստինցիներուն թիւը: Հանիյյայի ահաբեկումը համաշխարհային հարցի վերածուեցաւ, որովհետեւ յայտնի էր, որ այսպիսի ոճիրի մը որպէս պատասխան Իրանը մեծ յարձակում մը պիտի գործէ Իսրայէլի դէմ:
Իսրայէլ իր ամբողջ զինական կարողութիւնները լարած կը սպասէ հարուածին: Դէտերու նախատեսութիւնները, թէ յարձակումը մօտալուտ է, սխալ դուրս եկան: ԱՄՆ եւ արեւմտեան պետութիւններ սկսան համոզել Իրանը, որ զսպէ ինքզինքը եւ յարձակում չգործէ, քանի որ այդ քայլին պիտի հետեւին հակաիրանական պատասխաններ. բան մը, որ կրնայ երրորդ համաշխարհայինի մը դուռը թակել:
Ոչ միայն ես, այլ ամբողջ մարդկութիւնը սկսած է կորսնցնել իր հաւատքը, յատկապէս մեծ երկիրներէն, քաղաքագէտներէն եւ կրօնականներէն, որովհետեւ անոնք կ՛ազդեն մարդու ուղեղին վրայ, թելադրութիւններ ընելով, ուղղութիւններ տալով՝ ի նպաստ իրենց, որոնք եթէ մաղէ անցընես, կը տեսնես որ տակը ի նպաստ քեզի բան չի մնար: Անոնք կրօնի անուան տակ կ՛օրօրեն մարդկութիւնը սնամէջ երազներով: Բայց իսկական հաւատքը ուրիշ բան է, ոչ քարոզիչի կարիք ունի, ոչ ալ ծիսակատարութիւններու. մարդ ինքը իր հաւատալիքը կ՛որդեգրէ, կը նուիրականացնէ եւ ի՛նք կ՛որոշէ ի՛նչը եւ ինչպէ՛սը:
Խաղաղութեան մասին վերամբարձ լոզունգներով մարդիկը համոզող բոլոր ղեկավարներուն անցեալն ու ներկայի կենցաղը փորփրեցէք, վարագոյրներուն ետին թափանցեցէք, կը տեսնէք, թէ ինչքան սուտ բան կայ ըսուածներուն մէջ, երբ իրենք մէկ կողմէն խաղաղութիւն կը քարոզեն, իսկ միւս կողմէն պատերազմներ կը հրահրեն:
Իսրայէլ-ՀԱՄԱՍ պատերազմը 9 ամիսը բոլորեց, սակայն քառակողմ հանդիպում – ժողովներն ու քննարկումները արդիւնք չտուին, գերհզօր կողմը կ՛ուզէ պարտադրել իր կեցուածքը, տկար կողմը՝ ահաւոր վիճակի մէջ ծունկի գալու նպատակ չունի: Հանիյյային փոխանորդ Սինուարը բարձրագոռ յայտարարութիւններ ըրաւ, գիտնալով հանդերձ, որ հիմա արդէն Իսրայէլի սեւ ցուցակին վրայ իր անունն է առաջինը:
Ու պատերազմը կը շարունակուի:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ