Կարդալով Արծուի Բախչինեանի «Թէեւ Խաչատրեանը պաշտպանութեան կարիք չունի» գրութիւնը («Ազգ», Յունիս 23), յիշեցի, թէ ինչպէս, երբ 1980-ականներուն ուսանող էի Երեւանի մէջ, ծանօթ երաժիշտ մը, որ սկաւառակներ ալ ունէր ձայնագրած, ըսած է ինծի. «Խաչատրեանը բիզնես արեց հայկական մեղեդիներով»:
Ինչպէս կը գրէ յօդուածին հեղինակը, նման մարդիկ նախապատուութիւնները կը դարձնեն օրէնք ու վերջնագիր: Նաեւ՝ արդիականութեան (մոտեռնիզմի) մասին կանխադրոյթները, որոնք տիրող են ոչ միայն հայկական շրջանակներու մէջ:
Օրինակ, Փօլ Կրիֆից երաժշտական արդիականութեան մասին ամբողջ հատոր մը ունի (հռչակաւոր գիրք մըն է), ուր ամբողջապէս անտեսած է «աւանդական» կոչուածները, չկայ նոյնիսկ Քարլ Օրֆ, չըսելու համար ուրիշ բազմաթիւ տաղանդներ, որոնց գործերն անընդհատ կը հնչեն: Երաժշտական արդիականութիւնը, դժբախտաբար, հիւսուած է բացառապէս Շէօնպերկի, Շթոքհաուզէնի, Պուլէզի, Պերիոյի եւ նմաններուն վրայ: Առանց հերքելու վերջիններուն արժէքն ու տաղանդը՝ անոնք կը ներկայացնեն արդիականութեան լոկ մէկ ուղղութիւնը, թէեւ մեծապէս զանգուայնացած՝ շնորհիւ այդ տեսակ երաժշտութիւնը կրող տիրական հիմնարկներու (օրինակ՝ IRCAM): Այս հիմնարկները յաջողած են ստեղծել կանխադրոյթներ արդիականութեան մասին, այն աստիճան, որ մարդիկ իրազեկ են կանխադրոյթին՝ նախքան իրենք անձամբ իրազեկ ըլլալու արդիականութեան եւ անոր երաժշտութեան: Դրամատիրութեան (կապիտալիզմ- խմբ.) ալ օրէնքը չէ՞ ասիկա:
Բայց եթէ այս մտայնութեամբ մենք՝ հայերս, պիտի դատենք մեր ունեցած քանի մը տաղանդները, փոխանակ խորանալու նոյն ինքն երաժշտութեան մէջ (Խաչատրեանը՝ իբրեւ օրինակ) եւ անկէ բխեցնելով կարծիքներն ու մեկնաբանութիւնները, ուրեմն կը գտնուինք լուրջ խնդիրի առջեւ:
Ինչեւէ: Բախչինեանի գրութիւնը կարեւոր կէտ մը եւս կը շօշափէ՝ կարծիքի բանաւոր շերտը, մարմնաւորուած մարդոց կողմէ, որոնք կրնան գրել, բայց կը նախընտրեն չգրել, այլ խօսիլ: Վստահ եմ, որ այդ մարդիկ ընդունակ չեն քննական բանավէճի եւ հարցերը կը տեսնեն «լաւ-վատ», «ճերմակ-սեւ» երկուութեամբ:
Նշուած յօդուածն ուրիշ կէտ մը եւս կը շօշափէ. խզումը պատումի եւ իրականութեան միջեւ, այն իմաստով, որ նման կարծիքներ արտայայտողները կ՛անտեսեն իրական գետինի վրայ Խաչատրեանի գործերու կատարումները: Իրենց սեփական գիտելիքը աւելի բարձր է, քան իրական փորձառութիւնը՝ արտայայտուած կատարումներուն ընդմէջէն: Փրոֆեսիոնալիզմի խզումներէն մէկը…
Ինչեւէ… Մաղթեմ, որ նման յօդուածներ յաճախակի լոյս ընծայուին հայ մամուլին մէջ:
ՀԱՅԿ ԱՒԱԳԵԱՆ, երաժշտագէտ
Գահիրէ (Եգիպտոս)