Չեմ գիտեր, թէ մեր այս դարասկիզբը ի՞նչ անունով պէտք է կոչել՝ պատերազմներո՞ւ, վարակներո՞ւ, Գովիտի՞, կլիմայական փոփոխութիւններո՞ւ, թէ՞ գիտական հզօր զարգացումներու դարասկիզբ, մասնաւորաբար որ Արհեստական բանականութիւնը (AI- Artificial intelligence) սրարշաւ կ՛ընթանայ, մարդամեքենայի (ռոպոթ) ճամբով, որ արդէն անհաւատալի մակարդակներու հասած է: Այսօր, գիտութեան յառաջընթացը կը չափուիր ռոպոթներու զարգացման մակարդակներով: Արդէն սովորական դարձած է տեսնել տնային սպասեակի ներկայութիւնը հարուստ ընտանիքներու մօտ, որոնք իրենց հիւրերուն կը ցուցադրեն մարդամեքենային հրահանգներու ենթարկուիլը, հիւրերուն մատուցումներ, կամ տան մէջ որոշ աշխատանքներ կատարելու, հարցումներու պատասխանելու եւ այլն, զարմացնելով ներկաները, ի մեծ բաւականութիւն հարուստ տանտիրոջ:
Ասիկա անհատական օգտագործումն է, սակայն աւելի ընդարձակը ճարտարարուեստի մէջ է անոնց օգտագործումը՝ բժշկագիտութեան, տիեզերագնացութեան, ռազմական եւ այլ ոլորտներու:
Վերջերս, ամերիկեան շարժանկար մը դիտեցի, ուր գիտնական մը պատրաստած էր կանացի դէմքով երկու ռոպոթ, սիրուն դէմքերով, որոնց գլխու եւ մարմնի մնացեալ սարքուած բաժինները եթէ ծածկուին մազով ու հագուստով, ոչ մէկ տարբերութիւն իսկական կենդանի կիներէ: Գրաւիչ էին, խօսող ու արտայայտուող դիմաշարժերով, տրուած հարցումներուն շատ տրամաբանական պատասխաններով… եւ որ ամենակարեւորն էր, ոեւէ անհատի նման զգացումներ կը դրսեւորէին՝ ժպիտ, լրջութիւն, յուզում…: Գլխաւոր դերակատարուհին կը սիրէր, կը նախանձէր, վրիժառութեան կը դիմէր… Ըստ ֆիլմին, ուրեմն գիտութիւնը, կամ գիտնականը հասած են կատարեալ մարդ ստեղծելու մակարդակին՝ որ խելք ունի եւ բանականութիւն, զգացում եւ ապրում:
Դիտած վայրկեաններուս հիացական ժպիտս տեղի տուաւ ներքին սարսափի մը՝ ինչպէ՞ս կարելի է Աստուծոյ դեր խաղալ եւ մարդ ստեղծել… Նախ ըսեմ, թէ մարդը մարդամեքենայով փոխարինելը ինքնին աշխատող տարրին մեծ հարուած է, մեր ժամանակներուն մարդոց համար աշխատանք գտնելը դժուար եղած է, զանոնք մեքենայով փոխարինելը ինչպիսի՞ ահաւոր սխալ պիտի ըլլայ, անջատ այդ սարքերուն ապագային անակնկալ գործելաձեւերէն, որոնք նախատեսուած չեն: Մարդիկ չեն հասկնար, որ գիտութիւնը որքան ալ զարգանայ, բնութեան ստեղծածին փոխարէն նոր մը չի կրնար ստեղծել: Շրջան մը մարդուն նմանակը ստեղծեցին DNA-ը օգտագործելով (cloning), սակայն արդէն մոռացութեան տրուեցաւ՝ անպատեհութիւնները նկատի առնլով: Գիտութիւնը իսկական ծաղիկ մը իսկ ստեղծել չի կրնար, մնաց որ մա՞րդ ստեղծէ:
Մեծերը կ՛ըսեն՝ «Աստուծոյ գործին մի խառնուիր». Ապրիր կեանքդ ու փառք տուր Ստեղծողին: (Մօտս 4 տարիներէ ի վեր պահուած փոքր կարմիր պղպեղներու տնային բոյսի մը սերմերը ունէի,.անցեալ ամիս նկատեցի՝ որ թաղար մը ունիմ հողով լեցուն, բան մը ցանեմ ու զբաղիմ,- ըսի, գտայ պահած չորցած պղպեղները եւ մէջէն սերմերը հանեցի ու հողին մէջ մի քանի հատ թաղեցի ու սկսայ ամէն օր ջրել: Շաբաթ մը չանցած՝ արդէն ծիլ տուին այդ սերմերը եւ օրէ-օր հասակ նետեցին, չեմ կասկածիր որ կը ծաղկին, կը պտղաւորուին կանաչ, ապա կարմիր պղպեղներով, պահելով իրենց յատուկ կծու համը: Աստուած իմ, 4 տարի չոր ու ցամաք, եւ ահա՛ վերակենդանացում:
Աշխարհը թնդաց, երբ chip-ը ստեղծուեցաւ, այդքան փոքր սարքի մը մէջ անթիւ անհամար գիտելիքներ ու ինչեր ու ինչեր… անհաւատալի՛, հրաշալի՛… իսկ դուք նոյն զգացումը ունեցե՞ր էք գնդասեղի գլխիկին չափ փոքր սերմին մէջ կեանք ըլլալուն… Ինչ ուզէք կոչեցէք՝ աստուածային, թէ բնութեան հրաշք. (երանի բոյսին, հրաշալի իւրայատկութիւն մը, որ մարդուն եւ կենդանիին չէ շնորհուած):
Մէկ ռոպոթ պատրաստելու համար ի՜նչ միլիոններ կը ծախսուին, լաւ կ՛ընեն, օգտակար է տեղին համեմատ, սակայն անոնց ցուցադրականներուն վրայ ծախսուածին չափ եթէ մարդկութեան վրայ ծախսուի, աշխարհը աւելի հանգիստ կ՛ըլլայ:
Վերադառնալով մեր նշած ֆիլմին, ըսեմ որ այդ գիտնականին պատրաստած երկու ռոպոթ կիները յարձակեցան իրենց արարիչին վրայ եւ սպանեցին զայն, քանի որ չուզեցին այլեւս ենթարկուիլ անոր քմահաճ հրահանգներուն եւ նախընտրեցին ազատութիւնն ու անկախութիւնը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ