Տարիէ մը ի վեր իսրայէլական բանակի պաղեստինեան Կազա երիզին վրայ շղթայազերծած պատերազմը կարծես իր սլաքները այս անգամ ուղղեց դէպի հիւսիս, Լիբանանի հարաւային շրջանը, թիրախաւորելով իրանեան հովանիին տակ գտնուող, Շիա դաւանող «Հըզպալլա» կոչուած կուսակցութիւնը, բնակավայրերը, բանակն ու անոր ղեկավարները: Որովհետեւ, որպէս «Համաս» կազմակերպութեան զինակից, «Հըզպալլան» սկսած էր հրթիռակոծել իսրայէլեան հիւսիսային շրջանները կուսակցութեան մօտ ամբարուած բազմահազար հրթիռներով, որոնց մեծամասնութիւնը տեղ չէին հասներ, իսկ հասածներն ալ գրեթե վնաս չէին պատճառեր: «Հըզպալլան» իր կազմակերպուած օրէն բացէ ի բաց կը յայտարարէր, որ պիտի հարուածէ Իսրայէլը, մինչեւ որ պաղեստինցիք հասնին անկախ պետութիւն մը ունենալու իրենց երազին:
Բախումներ կը պատահէին, սակայն այս անգամուան պատերազմը յստակ կերպով «Հըզպալլան» հիմնայատակ կործանելու կը միտէր, որուն համար Իսրայէլը արդիական այնպիսի թեքնոլոճի մը կիրարկեց, որ պատերազմէ աւելի «մարդորսութիւն» կարելի է անուանել, երբ մէկ առ մէկ թիրախաւորեց եւ սպանեց «Հըզպալլայի» ղեկավարները, մինչեւ հասնելով անոր գլխաւոր ղեկավարին՝ Սայէտ Հասան Նասրալլային: Բազմայարկ շէնքի մը 30 մեթր խորութեամբ ստորերկրեայ յարկին վրայ կուսակցութեան վերին մարմնի ժողովի մը ընթացքին, ուր ներկայ էր նաեւ Սայէտը, մէկ թոննոց հրթիռ մը կ՛արձակէ իսրայէլեան բանակը, որ տուեալ շէնքին վերէն վար կը մխրճուի ու ժողովավայր հասնելէ ետք կը պայթի ու կը սպաննէ բոլոր ներկաները:
Իսրայէլի արդիական թեքնոլոճիին մէկ կարեւոր փաստն էր նաեւ յարձակումը կանխող «Հըզպալլայի» անդամներուն գրպանի «Փէյճըր» կոչուած հեռախօսներուն պայթիլը, մարդոց ձեռքերուն մէջ, ուր տասնեակներ մահացան եւ հարիւրաւորներ վիրաւորուեցան եւ կուրացան:
Երբ մարդ գիտէ, որ դիմացի թշնամին բազմապատիկ աւելի ուժեղ է, քան ինք, կը դիմէ՞ արկածախնդրութեան եւ նախայարձակ ըլլալով կը հարուածէ՞ թշնամին, գիտնալով որ իր ըրածին փոխարէն տասնապատիկ վնաս պիտի կրէ: Իսկ եթէ չի գիտեր իր թշնամիին կարողութիւնը, այդ պարագային արդէն յանցանքին մեծ բաժինը իրենը կ՛ըլլայ: Ուրեմն ի՞նչ ընելու է, վազ անցնիլ ճակատելէ եւ յանձնուի՞լ, թէ՞ թշնամանքը մեղմացնել ու բարեկամանալ փորձել, կամ սպասելու է յարմար առիթի, երբ որոշ յոյս մը զինք կը մղէ վտանգը աչքի առնելու յանուն արժանապատուութեան:
Օրինակներով խօսելու համար աչքի առջեւ ունենալու է վերջին դէպքերը, յատկապէս Իսրայէլ-Պաղեստին-Սուրիա-Իրան-Եմէն-Հըզպալլա-Լիբանան հակամարտութիւնները, որոնք արդէն տարիէ մը ի վեր տեղի կ՛ունենան:
Այս եօթը մասնակիցներէն վեցը Իսրայէլի դէմ են ու եթէ ոչ ուղղակի, գոնէ Իսրայէլի գլխաւոր թշնամի Համասին կը զօրակցին: Միջին Արեւելքի ներկայի այս անհանգիստ վիճակին գլխաւոր դերակատարները եօթն են, մէկ կողմէ Իսրայէլ եւ միւս կողմէ Պաղեստին (Համաս) Սուրիա եւ իրանեան զինեալ կուտակումներ ի զէն «Հըզպալլային»: Լիբանանը եւ անշուշտ անոր հարաւի «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը, Եմէնը եւ հութիները, որոնք սկսած են այդքան հեռուէն հրթիռ արձակել դէպի Թէլ Աւիւ: Բազմաճակատ պատերազմ մըն է, զոր Իսրայէլ ԱՄՆ-ի օգնութեամբ կը տանի գերակշիռ յաղթանակով:
«Համասը» Իսրայէլի նման զօրաւոր բանակ չունի, սակայն շատ զօրաւոր բարոյական ոյժ ունի եւ կը յենի Իրանի օժանդակութեանց վրայ: Սուրիան, ուր արդէն Իրանը տարիներէ ի վեր կը գործէ եւ Իսրայէլի քիթին տակ «Հըզպալլան» կը պահէ իր հսկողութեան տակ, յաճախ թիրախ կ՛ըլլայ իսրայէլեան հրթիռակոծումներու, որոնց հետեւանքով Սուրիան ահագին վնասներ կը կրէ: «Հըզպալլան» առաջին օրէն կը սպառնայ Իսրայէլի գոյութեան եւ ատենը անգամ մը հրթիռ մը կ՛արձակէ անոր ուղղութեամբ: Անշուշտ Լիբանանը ձեռնպահ է, չի ճակատիր Իսրայէլի դէմ, սակայն, այնքան ատեն որ «Հըզպալլան» իր հարաւն է, միշտ վտանգի տակ է, ինչպէս վերջերս Լիբանանի հարաւէն անցաւ Պէյրութի հարաւային շրջանը, որ դարձեալ «Հըզպալլայի» տարածք կը նկատուի: Տակաւին այդ շրջաններէն ալ անցաւ ու Պէյրութի կեդրոնը գտնուող շէնք մըն ալ հարուածեց՝ սպանելով պաղեստինցի ղեկավար մը: Տակաւին կան Իրաքի մէջ գործող կազմակերպութիւն մը, որ ատենը անգամ մը հրթիռ մը կ՛արձակէ դէպի Իսրայէլ: Յորդանանը չի մասնակցիր պատերազմին, սակայն անոր թագաւորին ՄԱԿ-ի մէջ արտասանած ճառին բառերը հրթիռներէ պակաս չէին:
Միով բանիւ, Իսրայէլ մինակը այս 6-7 ճակատներուն դէմ կը պայքարի եւ ամէն տեղ ալ մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ: Ատենն է կրկնելու հարցումս. երբ այդ ճակատները տկար են Իսրայէլի ոյժին հետ բաղդատած, ինչո՞ւ մեծ զոհեր տալով կը շարունակեն պայքարը: Ես կը կարծեմ, որ երկարատեւ պատերազմը նպաստաւոր չէ Իսրայէլին եւ հեռու չէ այն օրը, երբ Իսրայէլ-Պաղեստին երկու անկախ պետութիւններու գոյակցութիւնը կրնայ յաջող լուծում մը գտնել:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ