Նոյեմբերի 26-ին կայանալիք եռակողմանի գագաթաժողովին լոյսին տակ ՌԱԿ-ի համադրուած մամուլի պատասխանատուները նախորդ օրը քննարկեցին հայրենիքն ու հայ Ժողովուրդը յուզող հարցեր
Չորեքշաբթի 24 Նոյեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի պատասխանատուներուն հերթական առցանց հանդիպումը:
Հանդիպման մասնակցեցան «Ազգ»ի, «Ապագայ»ի, «Զարթօնք»ի, «Պայքար»ի, «Սարդարապատ»-ի եւ «The Armenian Mirror-Spectator»-ի խմբագիրները:
Նախորդ օրակարգերէն բխած հարցերուն լուծումներուն հետ կապուած գնահատականներէն ետք, ժողովը ծանրացաւ Նոյեմբերի 26-ին կայանալիք Ազրպէյճան-Հայաստան-Ռուսիա գագաթաժողովին մութ եւ անհասկնալի ծալքերուն, ինչպէս նաեւ անոր օրակարգին կողմնակից, թէ հակադրուող ուժերուն աշխատանքներուն վրայ:
Ընդհանուր եզրակացութեամբ հաստատուեցաւ, որ իրավիճակը կը մնայ անորոշ ու խիստ մտահոգիչ:
Քննարկուեցան նաեւ այլ հարցեր: