Վերջերս մեր թերթին մէջ յօդուած մը կարդացի իրանահայ գրիչի մը ստորագրութիւնը կրող, ուր կը գովաբանէր Իրանեան իշխանութիւնները, որոնք Իրանի մէջ տասնեակ մը փողոցներ պաշտօնապէս անուանած են իրանահայ նահատակներու անուններով, որոնք 33 տարի առաջ Իրաք-Իրան պատերազմին զոհուած են: Յուշատախտակները «վկայում են յանուն իրանական հայրենիքի ազատութեան նահատակուած, Իրանի քաղաքացի հայերի անմնացորդ նուիրումի եւ հաւատարմութեան վէհ արժէքների մասին», ինչպէս կ՛ըսէ գրութեան հեղինակը:
1988-ին սկիզբ առած Իրաք-Իրան ութամեայ պատերազմին զոհ գացած են 106 իրանահայեր… Արդեօք քանի՞ իրաքահայ ալ զոհ գացած է նոյն պատերազմին. այդ մասին ես բան չեմ կարդացած: Պատահած կրնա՞յ ըլլալ, որ երկու կողմի հայ զինուորներ, առանց իմանալու դիմացինին ով ըլալը, զիրար սպաննած են… Անկարելի վարկած մը չէ: Իրաքը Իրանի նման հայ նահատակները պատուելով անոնց անունները յաւերժացուցա՞ծ է, չեմ լսած: Կարեւորն այն է, որ Հայաստանէն դուրս որեւէ երկրի հայ քաղաքացի, երկրի օրէնքներուն համեմատ, պիտի ծառայէ բանակին մէջ ու պատերազմի ժամանակ ալ կռիւ մղէ ու դիմացինը սպաննէ, առանց հարցնելու, թէ դիմացինը բնիկ ի՞նչ ազգութեան կը պատկանի. ինք քաղաքացիութեամբ պատերազմող երկրին կը պատկանի, եւ վե՛րջ:
Սուրիական պատերազմին ալ մեծ թիւով նահատակներ տուինք: Բարեբախտաբար դիմացի ահաբեկիչներուն մէջ անհնար էր որ հայեր ալ ըլլային: Սուրիական պետութիւնը անմահացուց հայ զինուորի մը անունը արաբական դպրոց մը կոչելով անոր անունով: Արդեօ՞ք քաղաքացի, սակայն ուրիշ ազգի պատկանող զինուորի մը պարագային խտրականութիւն կը գործէ ու տեղացիէն աւելի կը գնահատուի անոր սխրանքն ու ի պատուի կ՛ըլլայ ան:
Աշխարհով մէկ ցրուած հայերուն ճակատագրի մէկ երեւոյթին մտահոգիչ եւ տխուր երեսն ալ այս է: ԱՄՆ-ի Իրաք ներխուժման 20 տարիներու ընթացքին ամերիկեան բանակին մէջ ալ հայեր եղած են, թերեւս նաեւ նախկին իրաքահայ, արդեօք անոնք կրակ բացա՞ծ են տեղացիՙ իրենց նախկին քաղաքակիցներուն վրայ: Վստահ եմ ուրիշ օրինակներ ալ կարելի է գտնել, պրպտելով զանազան երկիրներու հայկական համայնքները, սակայն թողունք օտար երկիրներն ու խօսինք Հայաստանի մասին: Սփիւռքէն Հայաստան փոխադրուած քանի՞ ծնողք իր զաւակը հայկական բանակ ուղարկեց. Քանի մը բացառիկներ միայն, Հայաստան տեղափոխուածները սովորաբար երբ քաղաքացիութեան կը դիմեն ու կը ստանան, իրենց տղայ զաւակներուն համար միայն կեցութեան արտօնագիր կ՛առնեն, որպէսզի զօրակոչի չենթարկուին: Հակառակ որ Հայաստանի թշնամիները յստակ ենՙ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա: Ատրպէյճանը բացառուած է, որ հայ զինուոր ունենայ, սակայն Թրքական բանակին մէջ շատ հաւանական է, որ հայեր ալ ըլլան: Ուրե՞մն:
Երբ ծնող մը իր տղան, յատկապէս երբ ան մէկ հատիկ է, չ՛ուզեր բանակ ղրկել, ինծի կը թուի, որ ատիկա հայրենասիրութեան պակասէն չէ, այլ զաւակը կորսնցնելու սարսափէն, մասնաւորաբարՙ երբ աչքի առջեւ կ՛ունենայ Եռաբլուրը…
Հայու դառն ճակատագիր… Աստղափոշիի հատիկներուն նման ցրուեցանք աշխարհով մէկ. Շատ տեղեր մեր շուրջը լուսաւորեցինք մեր աստղային լոյսով, շատ տեղեր ալ մարեցան աստղալոյսերը ու ասուպներու նման վար ինկան: Հայու քանքարէն բաժին հանեցինք մեզ ընդունած երկիրներուն, անոնց տուինք արուեստագէտ նկարիչներ, դերասաններ, երաժիշտներ, երգիչներ, տուինք համալսարաններու դասախօսներ, գրողներ, գիտնականներ, գիւտարարներ, որոնցմէ ամենաթարմըՙ Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ: Եւ այս բոլորին կողքին ալ տուինք զինուորներ… կամայ, թէՙ ակամայ… Անոնցմէ ոմանք անցեալին հասան բարձրագոյն աստիճաններու իրենց սխրագործութիւններով, ոմանք ալ, վերջին տասնամեակներուն, ակամայ դարձան «եղբայրասպան»… Դատապարտե՞լ, այպանե՞լ, ի՞նչ իմաստ ունի: Օտար երկիրներու մէջ մենք մեր ճակատագրին տէրը չենք: Բոլոր տեղաբնակ կամ եկուոր ազգութիւններու նման, մենք ալ կամայ, թէ ակամայ կ՛ենթարկուինք տուեալ երկրին օրէնքներուն, ինչպէս ըրած ենք միշտ:
Սա բազմաքաղաքացիութեան գունագեղ բեռը կրնա՞նք մեր վրայէն թօթափել ու մէկ երկրի քաղաքացի ըլլալ: Անշուշտ կրնանք, սակայն… տեսականօրէն միայն:
Հայու ճակատագիր… Դառն ճակատագիր: