Անկախութեան երեսնամեակի երեկոյեան Հանրապետութեան կից գտնուող խաչքարերու պուրակին մէջ էինք, դժուար եղաւ նստարան գտնել, քանի որ բոլորը գրաւուած էին ոստիկաններու կողմէ, որոնք կը ծխէին, կամ ձեռքի հեռախօսով զբաղած էին: Այսքան մեծ թիւով ոստիկան ինչո՞ւ համար է… Հրահանգի մը վրայ ոստիկանները սկսան շարժիլ հրապարակի ուղղութեամբ, հետաքրքրութենէ մղուած հետեւեցանք իրենց: Հեռուէն տեսայ որ անցարգելի մը մուտքին հրաւիրեալներու հրաւիրատոմսերու ստուգումներ կը կատարեն, մտնողները բեմին դիմաց տեղադրուած աթոռները կը գրաւէին: Ես եւ ազգականս մօտեցանք անցարգելներուն եւ ոստիկաններէն մէկուն հարցուցինք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հրապարակ մտնել. Թելադրեց որ կառավարութեան շէնքը շրջանցենք եւ Տիգրան ՄԵծ պողոտայի կողմէն մտնենք:
Ձեռնափայտիս յենած, կամաց-կամաց քալելով հասանք նշուած կէտը ու մօտեցանք անցարգելին: Ոստիկանը ձեռքի ստուգիչ գործիքը մարմնիս բոլոր մասերուն վրայ, վերէն վար սահեցուց ու թոյլ տուաւ որ մտնեմ, իսկ ինծի ընկերակցող երիտասարդին, միեւնոյն ստուգումը ընելէ ետք, պահանջեց որ դրամապանակը ցոյց տայ. բացաւ, նայեցաւ (Չեմ գիտեր ի՞նչ կը փնտռէր) ու վերադարձնելով, ճամբայ տուաւ: Մտանք ու մեզմէ առաջ մտած հարիւրաւորներու նման ոտքի մնացինք, քանի որ այս ետեւի բաժինը սովորական մարդոց համար էր, որոնք աթոռի կարիք չունին:
Յիշեցի որ տարիներ առաջ օփերայի մէջ ինչ որ պաշտօնական տօնակատարութեան մը առթիւ, յատուկ արձագանգող կամարաւոր անցարգելէ մը անցանք, անշուշտ ապահովական պատճառներով, քանի որ Նախագահն ալ ներկայ պիտի ըլլար:
Այդ նախագահը, միշտ ալ ծայրայեղ ապահովութեան կը դիմէր, սակայն ներկայի վարչապետը այդպէս չէր, սկիզբները հետեւորդները ետեւէն տանելով, փողոցը քալելով կը յառաջանար ու բարձրախօսը ձեռքին «Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ»ը կը հրաւիրէր որ երթին միանան: Նոյնիսկ հեծանիւ գործածելը տեսած ենք:
Ի՞նչ փոխուեցաւ… առաջ ապահովութիւն չփնտռող մարդը ինչո՞ւ յանկարծ սկսաւ անապահով զգալ: Շքերթէ խուսափող մարդը սկսաւ ԱԱԾ-ի տասնեակներով սեւ մեքենաներուն ուղեկցութեամբ տեղէ-տեղ երթալ:
Փրոթոքօ՞լը այդ կ՛ենթադրէ, թէ՞ փառասիրութիւնը:
Իր երկրորդ անգամ ընտրուիլը ամրացուց իր ոտքերը, հաստատեց իր աթոռը, սակայն, գիտնալով հանդերձ որ զինք ընտրելով, «երկու չարեաց փոքրագոյնը» ընտրած եղաւ ժողովուրդը, ինք որպէս յաղթանակ տանող, աւելիով սկսաւ ինքնավստահութիւն դրսեւորել եւ անյարիր որոշումներ առնել:
Գէշ բան է որեւէ երկրի մը ղեկավարին անապահով զգալը: Անշուշտ չես ակնկալեր որ ամբողջ ժողովուրդը սիրահարուած ըլլայ իր առաջնորդին, չսիրողներ եւ ընդդիմադիրներ կան ամէն
տեղ: Ըստ ապահովական օրէնքներու ղեկավարները պէտք է պաշտպանուին, հասկնալի է, սակայն, զիրենք չսիրողներէն վախնալ ու ամէն վայրկեան տագնապ ապրիլ, այն աստիճան, որ կերած հացը քիթէ գայ ու գահին վրայ չկարենայ հանգիստ նստիլ, իսկապէս մտահոգիչ է:
Պատմութեան մէջ ամենանշանաւոր վախկոտը Սուլթան Ապտիւլ Համիտը եղած է, որ մամուլն ու լրագրողները կ՛ատէր եւ գիշերները քունը կը փախցնէր, անընդհատ ննջասենեակ ու մահճակալ փոխելով: Ինծի մնայ, ոչ այդ փառքը պէտք է, ոչ ալ սարսափը:
Ինչ որ է, քիչ մը մնացինք ու նախատեսելով որ անհնար է ժամերով ոտքի մնալ, վերադարձանք տուն, ուր ոչ անցարգել կայ, ոչ ալ ապահովական ստուգում, նստեցանք հեռատեսիլին դիմաց եւ վայելեցինք «գունաւոր» ծրագիրը: Խոստովանիմ որ ծրագիրը իսկապէս մակարդակով էր, լաւ պատրաստուած, յատկապէս երկինքի վրայ լազերային լուսարձակներով գծագրուած հայոց պատմութեան դրուագները: Իչ որ գունաւոր չէր, նոյնիսկ տժգոյն ու գորշ, այն ալ ընդհանուրին տրամադրութիւնն էր: Ափսոս: