Նստած եմ զբօսայգիի նստարանին վրայ, կը դիտեմ շատրուաններէն ցայտող ջուրերուն խաղն ու անոնց շուրջ բոլորուած երեխաները, իրենց ուրախ բացագանչութիւններով: Նկատեցի որ հեռուէն երեք պարմանի աղջիկներուն նայուածքները ինծի ուղղուած են: Մօտեցան ու անոնցմէ քիչ մը տարիքով աւելի մեծը անգլերէնով հարցուց, թէ անգլերէն գիտե՞մ: Այո՛ ըսի:
Դուք Յիսուսին հանդիպա՞ծ էք, ընդունա՞ծ էք Զինք, – ըսաւ,- առանց նախաբանի:
Ես նստած տեղէս շտկուեցայ, շեշտակի իր աչքերուն նայեցայ ու անակնկալին պատճառած բարկութիւնս հազիւ զսպելով ըսիՙ -աղջի՛կ, դուն ո՞րտեղացի ես, -ըսաւՙ փոլոնացի, ըսիՙ Փոլոնիայէն եկեր ես Հայաստան հաւա՞տք քարոզելու: Դուն քանի՞ տարեկան ես… ե՞ս քանի, իմ այս տարիքիս առանց քաշուելու եկեր ես ինծի Յիսուսի մասի՞ն խօսելու: Ըսաւՙ չէ, ուզեցի գիտնալ ընդունա՞ծ էք Յիսուսը ձեր սրտին մէջ:
Փորձեցի քիչ մը հանդարտիլ: Աղջիկս, – ըսի,- ես քու քառապատիկ տարիքդ ունիմ, կրօնքի եւ հաւատքի հարցին հետ իմ մօտեցումներս իմ անձիս կը վերաբերին, ես անոնց մասին չեմ խօսիր, չեմ ալ քարոզեր: Ով որ կ՛ուզէ հետեւիլ Աստուծոյ եւ Քրիստոսիՙ թող եկեղեցի յաճախէ, փողոցները պտտելով կրօնք ու հաւատք չեն ծախեր:
Հեռացան: Սակայն իմ բարկութիւնս չհեռացաւ ինձմէ: Մարդիկ կրօնքը շուկայական ապրանքի վերածած են: Մին, մուրալու նման, Յիսուսի ու Մարիամ Աստուածածնի նկարները կը բաժնէ անցորդներուն, փոխարէնը մանր դրամ մը ստանալու յոյսով: Երթուղիի վարորդները իրենց նստած տեղին շուրջբոլորը մէկական «խորանի» վերածած ենՙ Յիսուսի եւ Մարիամ Աստուածածնի բազմաթիւ նկարներով ու կախուած խաչերու տեսակներով, իբր թէ վտանգէ պաշտպանուելու համար, փոխանակ աչալուրջ կերպով ղեկին տիրապետելու, չծխելու, հեռախօսով չշաղակրատելու:
Փողոցներու հատման անկիւններուն, յաճախ կ՛երեւին կոկիկ հագուած, փողկապաւոր երիտասարդներ, որոնք շարժական ցուցադարանի մը վրայ գրքոյկներ շարած, հետաքրքրուողներու կը սպասեն ձեռքերնին ծալլած, ճիշդ ինչպէս մենք, երբ փոքր էինք, դաշտին մէջ, մաղի մը մէկ կողմը բարձրացուցած փայտիկի մը վրայ, թելը ձեռքերնիս, տակի կուտերուն մօտեցող ծիտիկներ կը սպասէինք դարանակալ, որպէսզի թելը քաշենք ու մաղը իյնայ եւ բանտարկէ ծիտիկը: Մենք ալ, անոնք ալՙ որսի կը սպասեն…
Օտար երկիրներու մէջ, աչքաբաց, ճարտարախօս մարդիկ, սրահներ վարձած, նոյնիսկ հեռատեսիլի կայաններ վարձած, դերասանական ձայնային վարպետութեամբ ու շարժումներով քարոզչութիւն կ՛ընեն ու ահագին դրամ կը շահին, միամիտ ժողովուրդը կթելով:
Ուրիշ աւելի «ռոմանտիկներ» երկինքի երեսին ու ամպերուն մէջ յաճախ Յիսուսն ու Մայրը կը տեսնեն ու անոնց նկարները կը ցուցադրեն դիմատետրի (Ֆէյսպուք) վրայ, նկարներ, որոնք կա՛մ պատահական ամպի կուտակումներուն ու շարժումնհրուն արդիւնքով մարդկային կերպարանքի նմանութիւններ ունին, կա՛մ ալՙ ողջ ըլլայ «Ֆոթօ շոփը»:
Յանկարծ կը լսես, որ այսինչ վայրին մէջ Մարիամ Աստուածածնի նկարէն ձէթ կը հոսի… Ուրիշի մը տան հնամաշ պատին վրայ խոնաւութիւնը Յիսուս նկարեր է, հրա~շք, հրա~շք…
Անմիտ հաւատացեալներ, կամ հաւատացեալ ձեւացողներ, քիչ մը տրամաբանութիւն գործածեցէք, հաւատքը լաւ բան է, յոյս է, գօտեպնդում է, կարեւո՛ր է, սակայն մարդիկը համոզելու համար այս միջոցներուն մի՛ դիմէք, հաւատքը մի՛ աժանցնէք: Չէ՞ որ Յիսուսի գալստեան համար աղօթքը կ՛ըսէՙ «Գալոց է նովի մարմնով եւ փառօք Հօր դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս, որոյ թագաւորութեան ոչ գոյ վախճան»… Երկու հազար տարի ետք եթէ Յիսուս պիտի գայ, թող գայ, երանի գայ, ո՞վ է արգիլողը, ասկէ աւելի յարմար վիճա՞կ կը սպասէ: Աշխարհը չարութեան բոյն դարձած է, պիտի դատէ՞, թող գայ դատէ, որ մենք ալ ազատինք չարերէն ու անոնց չարութիւններէն:
Մարդի՛կ, ինչո՞ւ կ՛ընէք այս բոլորը, իսկական հաւատքո՞վ, դրամի՞ համար, Հաւատքը ապրանքի մի՛ վերածէք, դուք ալ հաւատքի փերեզակներ մի՛ դառնաք: