Մեր երազներուն մէջ անսահման էր Հայաստանը: Ինչո՞ւ երազներուն մէջ, իսկապէ՛ս, ըստ մեր Հայոց պատմութեան դասագիրքերունՙ մէկ ծայրը արեւելք, միւս ծայրը հարաւ- արեւմուտք, մինչեւ Պաղեստին, վկա՛յ Խորենացին: «Սահման քաջաց զէնն իւրեա՛նց», վկա՛յ Եղիշէն: Յետոյ կծկուեցաւ, կծկուեցաւ, դարձաւ ափ մը, «շնորհիւ» թուրքին, պարսիկին ու ռուսին: Մեծցանք, սորվեցանք, որ այլեւս Արարատը մերը չէ, մերը չեն նաեւ Սիփանն ու Վարագան, Վանայ լիճն ու Ուրմիան, Եփրատն ու Տիգրիսը, Անին, Կարսն ու Արտահանը… Մէկ խօսքովՙ ամբողջ Արեւմտեամ Հայաստանն ու Պարսկահայաստանը: Եթէ թուել փորձենք «մերը չեն»-ներըՙ օրը գիշեր կ՛ըլլայ:
Մենք մեզի համոզեցինք, որ Բագրատունեաց հարստութեան կորուստէն հազար տարի ետք ու Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն վեցհարիւր տարի ետք, լրիւ անէացած Հայաստան մը վերագտանք, նախկինին մէկ տասներորդը, սակայն մե՛րն էր եւ «հեչէն լաւ է» ըսինք ու սկսանք փայփայել մինի Հայաստանը, միշտ յուսալով, որ օր մը կը յաջողինք ընդարձակել զայն, այնքան ատեն, որ «Ազատ, անկախ եւ միացեալ» Հայաստանի կոչը միշտ կը հնչեցնենք: Ձեռքերնէս ուրիշ բան չի գար, միայն կը հնչեցնենք մե՛ր ականջներուն հաճոյք պարգեւելու համար:
Ու ահա՛ քեզի նորութի՛ւնՙ մեր այս փոքրիկ Հայաստանը, որ անսահման չէ, այլՙ ան-սահման է եղեր, ան-սահման… այսինքն սահման չունի, կամ ունի՞ արդեօք, օրինաւոր, վաւերացուած քարտէսով ՄԱԿ-ի կողմէ, հաւա՛նաբար, սակայն, ինչո՞ւ հիմա ելեր են նոր «սահմանազատում եւ սահմանագծում » պիտի ընեն, ան ալ մեր սահմաններէն ներս թշնամին ոտք դնելէն ետք:
Այսպիսի վիճակներ, վստահ եմ, ուրիշ երկիրներ ալ ունին, օրինակՙ Սուրիան Թուրքիոյ հետ, քանի ապօրինաբար Ալեքսանտրէթի սանճաքը կցուեցաւ Թուրքիոյ, Սուրիան օրինական սահմանազատում չէ ըրած ցարդ, որպէս պահանջատէրը Թուրքիոյ բռնակցուածին, որուն պատճառով թրքական բանակայիններ ներթափանցումներ կը կատարեն: Ձգենք ուրիշները իրենց հարցերով եւ խօսինք մեր թարմ, կոտտացող վէրքին մասին, որ նոր մէջտեղ ելաւ ու ահաւոր ցաւ պատճառեց:
Եթէ Ատրպէյճանը իրաւունք ունի թրքական անուններ կրող գիւղերը իրը նկատելով պահանջել եւ զավթել, ապա Հայաստանը ամբողջ Արեւմտեան հայաստանը պահանջելու է, մասնաւորաբար ռուսերուն կողմէ Թուրքիոյ նուիրուած Կարսը, Արտահանը, Իգտիրը… Սակայն պահանջողը ոչ միայն իրաւասու ըլլալու է, այլեւՙ զօրաւոր: Մարդիկը մտեր են մեր հողերը, քշեր են հողատէրերը, կրակեր, վիրաւորեր ու սպաններ են, գողցեր տարեր են տաւարները ու իրենց «ետ դարձէք ձեր եկած տեղերը» ըսող չկայ: Մենք միայն կը բողոքենք, վարպետ ենք բողոքելու մէջ, ուրիշ բան ըրած չունինք: Սահմանապահ կարծուած ռուսական բանակայիններն ալ լուրջ ու գործնական բան մը ըրած չունին, այնպէս որ երկրի աջէն, ձախէն, վերէն, վարէն այդ ոտնակոխուած տարածքները կուլ պիտի երթան թշնամիին, յատկապէս երբ մեր իշխանութիւնը հաշտուողական-բարեկամական համաձայնագիր ստորագրէ թշնամիներուն հետ:
Ան-սահման մեր երկիրը պաշտպանելու համար որպէս «զէնք» ունինք անսահման տարակարծութիւններ, անսահման իրարամերժութիւններ, անսահման քէներ, ոխեր, հայհոյալից լեզուներ, դեռ անսահման ինչե՜ր ու ինչե՜ր: Շա՛տ անսահման բաներ ունինք, սակայն միակ անսահման բանը, որ այլեւս սկսած է վնասել մեզի, այդ ալ մեր անսահման համբերութիւնն է: