ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ
ԿՈՎԿԱՍԸ ԹՐՔԱՑՆԵԼՈՒ` ԿԸ ՀԱԿԱՍԵՆ ՆՈՅՆԻՍԿ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ
Թուրքիոյ ինքնակոչ «Սուլթան» Էրտողանի ծրագիրներն ու անզուսպ տենչանքը ընդլայնելու թրքական ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ պիտի յանգի ռազմավարական հաւասարակշռութեան խախտման տարածաշրջանին մէջ։ Այն պիտի առաջնորդէ աւելի մեծ խառնաշփոթիՙ մտահոգութիւն պատճառելով Ռուսիոյ եւ Իրանի։ Անոնք ստիպուած պիտի ըլլան պատասխանելու թրքական ծաւալապաշտութեան եւ թուրք-ազերի ռազմական համագործակցութեանՙ երկկողմ դաշինքով, ռազմավարական համաձայնագրի ստորագրութեամբ անցեալ 15 Յունիս 2021-ին։ Այսինքնՙ թրքական դերին ընդլայնումը կու գայ ռազմականացնելու տարածաշրջանըՙ վերջ դնելով հայերու եւ ազերիներու միջեւ յարաբերութիւններու հանդարտեցման փորձերուն։
Թուրքիոյ դիրքերուն ամրապնդումը Ազրպէյճանի մէջ ու մանաւանդ Թուրքիոյ «ճիհատիստ» ահաբեկիչներու տեղափոխումը Ղարաբաղՙ պիտի յանգի հաւասարակշռութեան խախտմամբՙ սպառնալով Ռուսիոյ ջանքերունՙ խաղաղութիւն հաստատելու տարածաշրջանին մէջ։ «ճիհատիստ»ներու տեղափոխումը Ռուսիայէն եւ Լիպիայէն դէպի Ղարաբաղ, տարածաշրջանը կը դարձնէ ահաբեկչութեան կեդրոն, որ վտանգաւոր պիտի դառնայ հայկական, ռուսական, իրանական, ազերիական ազգային անվտանգութեան համար, ինչպէս նաեւ սպառնալով շրջակայ բոլոր եկիրներուն Կովկասի մէջ։
Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» (Մահմետական թուրք եղբայրներ) կուսակցութիւնը ունի ազգայնական-օսմանական արմատներ (նէօ-օսմանիզմ)։ Ան կը միտի տարածուելու թրքազգի ժողովուրդներու մէջՙ որոնք կ”ապրին Խորհրդային նախկին Միութեան եւ Միջին Ասիոյ տարածքներուն վրայ, կոչ ընելով հիմնադրել համա-թուրանական միութիւնը կամ «Մեծն Թուրքիան»։ Այսօր, Թուրքիա կ”օգտագործէ Ղարաբաղի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ իր ռազմական յաղթանակներուն քարտէզըՙ իր հեղինակութիւնը բարձրացնելու թրքազգի ժողովուրդներուն մօտ, վերջ տալու անոնց տեղական-ազգային ինքնութեանց։ Թուրքիան մեծ յաջողութեան հասաւ Պաքուի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջՙ հիմնելով միացեալ տարածք մը, զոր կոչեց «Մէկ ժողովուրդ երկու պետութեանց մէջ…»։ Զարմանալի է, որ այս կը հակասէ ազերիներուն պնդումներուն թէ իրենք կովկասցի են ծագումով…։ Ազրպէյճան կը յայտարարէ իր «պատմական իրաւունք»ի մասին Ղարաբաղի հանդէպ, սակայն այս պնդումները կը հակասեն թուրանական հասկացողութեան…։ Պաքու չ”անդրադառնար Թուրքիոյ հետ մերձեցման վտանգները։
Թուրքիոյ վայրագ ոտնձգութիւնները եւ Եւրոպայի լռութիւնը Թուրքիոյ ծաւալապաշտութեան հանդէպՙ կը հաստատեն թէ խաղաղութեան երաշխիքը Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ ուժերն են։ Շնորհիւ այս ուժերուն Ղարաբաղի բնակչութեան մէկ-երրորդը իրենց տուները վերադարձան։ Հիմա, ռուսական զօրքերը կ”օգնեն հայ բնակիչներուն բնակարաններու եւ կեանքի վերակառուցման, պահպանելով զանոնք ոտնձգութիւններէ։