Դիմատետրէն (Ֆէյսպուք) կ՛իմանամ (թէեւ միշտ չէ որ անոր էջերուն յայտնուած լուրերը ստոյգ են), որ «Ասալա» (ASALA, Armenian secret army for the liberation of Armenia) գրութիւնը կրող շապիկներուն ու գլխարկներուն վաճառքը սկսած են արգիլել Հայաստանի մէջ: «Նեմեսիս» գործողութեան չորս մասնակիցներունՙ Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Միսաք Թորլաքեանի եւ Արամ Երկանեանի խմբանկարը, որ տեղադրուած էր դիմատետրին մէջ, ջնջուած է ինչ-որ գրաքննիչներու, կամ պետական մարմնի մը կողմէ: Այս երկու դէպքերը կը յուշեն, որ իշխանութիւնը հակաթրքական քարոզչութեան հանդէպ նոր քայլեր սկսած է առնել, երեւի մեր հարեւանները չվշտացնելու համար:
Արդէն մարդոց քիթերը հոտեր կ՛առնեն, որ քուլիսներու ետին նոր որոշումներ կ՛առնուին, աւելի ճիշդՙ նոր զիջումներ կը պարտադրուին յաղթող կողմէն, ականապատուած տարածքներուն քարտէսներուն նման, ոչ միայն մնացեալ գերիներն ալ ազատելու համար, այլեւՙ կամաց-կամաց բարի դրացիական յարաբերութիւններու դուռ բանալու:
Ամիսներէ ի վեր Սիւնիքի որոշ շրջաններ ոտնակոխ եղած են թշնամիներուն կողմէ, որոնց դէմ լուրջ քայլեր առնելէ կը խուսափի մեր պետութիւնը, վախնալով որ թշնամին, մեր հակադարձութիւնը որպէս ցանկալի պատրուակ օգտագործելով, կը վերսկսի պատերազմը, իսկ մենք պատրաստ չենք դիմակայելու: Անզօր ենք, նոր վնասներ չկրելու համար պիտի ենթարկուինք թշնամիին ոտնձգութիւններուն եւ պիտի աշխատինք լեզու գտնել իր եւ իր հովանաւորին հետ, բարի դրացիական յարաբերութիւններ մշակելով, որպէսզի յանկարծ անոնց սպառնալիքներըՙ Երեւանն ու Սեւանն ալ գրաւելու, իրականութիւն չդառնան:
Այս իրավիճակէն ելլելով, ուրեմն մարդիկը ի՛նչ պայմաններ դնեն, պիտի ընդունինք ակամայ: Այս անձնատուական քաղաքականութեան պիտի հետեւի հաւանաբար սահմաններու բացումը եւ մեր երկրին մէջ պիտի տեսնենք զբօսաշրջիկ կամ գործարար թուրք ու ազերի, որոնք կրնան յանուն «բարեկամութեան» նաեւ պահանջել, որ մէջտեղէն վերցուին Նժդեհի ու Անդրանիկի արձանները, որպէս իրենց երբեմնի թշնամիներ:
(Տարիներ առաջ, Հալէպի մէջ կը գործէին սովետ մասնագէտներ, որոնց մէջՙ նաեւ երաժիշտներ եւ երաժշտութեան ուսուցիչներ տեղւոյն պետական երաժշտանոցին մէջ դասաւանդող: Անոնցմէ մէկը, քիչ մը թխադէմ երիտասարդ, դաշնամուրի դասատու էր, որ կրցած էր անհատական դասերու ճամբով սիրաշահիլ նաեւ ծնողները, այցելելով աշակերտներուն բնակարանները, որոնց մէջ կային բաւական թիւով հայեր ալ: Օրին մէկը, այս ուսուցիչը կ՛այցելէ նաեւ ծանօթ բժիշկի մը տունը: Դուռը հազիւ բացած, միջանցքին մէջ կանգնած բժիշկն ու իր տիկինը հազիւ ներս կը հրաւիրեն այցելուն, մարդը կը քարանայ մուտքին ու կը նայի դիմացի պատին կախուած Անդրանիկ զօրավարի մեծադիր լուսանկարին ու առանց վարանելու կ՛ըսէ. «Դուք կը պաշտէք այս մարդը, որպէս հերոս, մենք կ՛ատենք զինք, որպէս մեծագոյն թշնամի:» Այդ վայրկեանին կը հասկցուի, որ մարդը ազերի է:
Այն օրերուն պարտադրուած բարեկամական կապեր ալ կային, նոյնիսկ երգ կարՙ «…Եղբայր դարձան Հայաստան, ատրպէյճան…», սակայնՙ սովետական, կամ ոչ, անթեղուած փոխադարձ ատելութիւն մը կը մնար, որ իր հրաբխային ժայթքումը ունեցաւ Պաքուի եւ Սումկայիթեան ջարդերու ատեն, որուն որպէս պատասխան Հայկական բանակը լաւ դաս մը տուաւ թշնամիին եւ իր պատմական ամենամեծ յաղթանակը տանելով, ազատագրեց Արցախը::
Հիմա, երեք տասնամեակ ետք, հին հաշիւները կը փորձեն մաքրել, Պաքուն իր բազմամիլիառ փեթրոտոլարներով, մենքՙ երկրի հարստութիւնները գողնալով, մեր մեծխօսիկութեամբ, անհամերաշխութեամբ, աթոռի պայքարով. բաներՙ որոնց զոհ գացին մեր սրբագոյն նահատակ մատղաշ զինուորները:
Ու այս բոլորէն ետքՙ բարեկամութիւն, ոչ թէ սովետական ռեժիմի պարտադրանքով, այլ մեր «յեղափոխական» ռեժիմին քաղաքական «հմտութեամբ»: Այս բոլորին մէջ ամէն ինչ ներկայ է, բացի մէկ բանէՙ Արժանապատուութենէ:
Բան մը կը փոխուի՞, Մհերը իր հրեղէն նժոյգին վրայ դուրս կու գա՞յ քարաժայռի դռնէն: