ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, Պէյրութ
Տարիներ առաջ Պէյրութ այցելած թուրք արուեստագիտուհիի մը փորձած էի համոզել, թէ հայ մը բնաւ պէտք չունի 1915-ի դէպքերու մասին ընթերցում կատարելու, պարզ այն պատճառով, որ ան անպայմանօրէն ունի այդ թուականին առնչուող ընտանեկան պատում մը, անպայմանօրէն մեծ մօր մը կողմէ փոխանցուած: Աւելին, այդ պատմութիւններուն մէջ անխուսափելիօրէն ալ կային զոհերու կողքին անհետ կորած ընտանեկան անդամներու անուններ: Անուններՙ որոնք կը մնային անդիմագիծ եւ տասնամեակներով փնտռուած եւ հազուագիւտօրէն գտնուած:
Վերի մտորումները ունեցանք, երբ ստացանք ալեւոր տարիքին, 101 տարեկանին շիջած Նիւ եորքի հայութեան մեծ հայրիկը նկատուող Տիգրան Չերչեանի մահուան լուրը:
Տիգրան Չերչեան զաւակն էր պոլսեցիներուն ծանօթ դաստիարակ, համայնքային գործիչՙ կեսարացի արմատներով Յակոբ-Վահրամ Չերչեանին (1888-1975): Վահրամ Չերչեանի անունը կՙառնչուի ընդհանրապէս Ռոպերթ Գոլէճի (ներկայիս Պողազիչի համալսարան) եւ բազմաթիւ այլՙ տեղական թէ հայկական վարժարաններու թուաբանութեան եւ գեղագրութեան ուսուցիչ, եւ մասնակցութեամբ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր եւ նախագահՙ Աթաթիւրքի եւ անոր վստահելի խորհրդատուներէնՙ մեծանուն Յակոբ Մարթայեան-Տիլաչարի գլխաւորած լատինական տառերու որդեգրումի շարժումին, պատրաստելով գեղագիտական տետրեր: Նոյն տարիներուն ան յղացած եւ պատրաստած է նաեւ Աթաթիւրքի հանրածանօթ ստորագրութիւնը:
Տիգրան Չերչեան ծնած էր 1920-ին Նիւ Եորքի մէջ եւ փոքր տարիքին ընտանեօք փոխադրուած Պոլիս: Ստացած բարձր ուսումը եւ լեզուական հմտութիւնը բարձր պաշտօններ ապահոված էին համաշխարհային ամերիկեան «Ունիրուայալ» ընկերութեան մէջ եւ ան բարձրացած է մինչեւ միջինարեւելեան երկիրներու ընդհանուր ներկայացուցիչի պաշտօնին: 1967-1970 տարիներուն ապրած էր Պէյրութ եւ հօրը այցելութիւնը պատճառ կը դառնար որ փնտռուէր Չերչեան գերդաստանի «կորսուած» անդամները ու գտնուէր հարազատ զարմիկ մըՙ յանձին Օննիկ Չերչեանի: Հաստատուած ջերմ կապերը դժբախատաբար կը փրթէին 1975-ին Լիբանանի չարաղէտ պատերազմի սկզբնաւորումով եւ Վահրամ Չերչեանի մահով: Պաշտօնի բերմամբ կ՛անցնէր այլ երկիրներ, եւ 1990-ին վերջնական կայք կը հաստատէր Նիւ Եորք, ուր կՙապրէր իր երկու զաւակներունՙ Րաֆֆին ու Շանթին եւ թոռնիկինՙ Անթուան-Անդրանիկին հետ: Նիւ Եորքի մէջ ան մնայուն ներկայութիւն մըն էր Պէյսայտի Ս.Նահատակաց եկեղեցւոյ, դպրաց դասին եւ «Կոմիտաս» երգչախումբին, նաեւ Նիւ Եորքի նոյնանուն ամենօրեայ վարժարանին մէջ:
2017 թուականին Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց վարժարանի նախկին տնօրէնուհիՙ Զարմինէ Պօղոսեանի գրած «Դպրաց դասի մեր եկեղեցւոյ նահապետը. Հպարտ կոմիտասականը» խորագրեալ յօդուածը ուշադրութիւնը կը գրաւէր իր հօր պէյրութաբնակ զարմիկինՙ Օննիկ Չերչեանի դստերՙ Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանի: Այս անգամ ալ հակառակ կողմէն կատարուած փնտռտուքը սկիզբը կը դառնար Տիգրան Չերչեանի վերջալոյսի տարիներու երկայնքին կատարուած թղթակցութեան եւ հեռաձայնային զրոյցներու: Հաճելի եւ նոյնքան ալ ցաւ պատճառող իմացական եւ հոգեկան երկխօսութիւն մը կը կատարուէր երկուստեք, ներկայէն դէպի անցեալ: Փորձ մը կը կատարուէր վերյիշելու անցեալը, երբ գլխաւոր դերակատարները արդէն մեկնած էին եւ հասած էին հոն, ուր անցեալը փրթած էր ներկայէն, կամ ալ հակառակը: Անցեալը, պատմութիւնը, գերդաստանի յայտնի ու անյայտ դէմքերը շեշտուած կերպով կը պարտադրէին գոյութենական ներկայութիւն մը: Երէկուան անծանօթը կը վերածուէր ընտանիքի վերագտնուած հարազատ անդամին: Հայրենակիցի, արիւնակիցի եւ հարազատի գիտակցութիւնը մասամբ մը կը վերադարձնէր անցեալը, կամ ալ ինչ որ յագեցած էր այդ անցեալէն:
Հայու այս պատմութիւնը փոխան տխուր վերջաբանի ունեցաւ գեղեցիկ եւ իւրայատուկ գունաւորում մը: 2019 թուականին Տիգրան Չերչեանի հօրը զարմիկին, Օննիկ Չերչեանի թոռնուհինՙ Արաքս Չերչեանը Նիւ Եորք մեկնեցաւ: Իր հօրաքրոջՙ Վերժինին թելադրութեամբ ան կապ հաստատեց, հազիւ անունը լսած անծանօթ հարազատինՙ Տիգրան Չերչեանին հետ: Անհաւատալի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ իրարմէ 80 տարիներով բաժնուած, սոսկ անունով ծանօթ, անծանօթ այս հարազատներուն միջեւ: Տիգրան Չերչեան գերագոյն հրճուանքը ապրեցաւ Պէյրութի իր հարազատը ծանօթացնելով Նիւ Եորքի իր ընտանիքի անդամներուն: 99-ամեայ Տիգրանը գրեթէ օրական կը զրուցէր 20-ամեայ Արաքսին հետ, հիացած էր, որ ան կը տիրապետէր իր մայրենիին եւ կը խօսէր անթերի հայերէն մը: Կարօտը չեր կրնար յագեցնել, տեւաբար «Ը՞ՆՏՈՐ ԵՍ»ով սկսող զրոյցներով: Հազիւ Արաքսին հետ վերջացուցած, կրկին կ՛անցնէր հեռաձայնին գլուխը, շարունակելու անոր ծնողներունՙ Վիգէն եւ Յասմիկ Չերչեաններուն հետ: Կը պատրաստէր վերջին արարը, երթալու Պէյրութ եւ ծանօթանալ ու ողջագուրուիլ իր բոլոր հարազատներուն հետ:
Պատկերազարդ այս պատմութիւնը պատմութիւնն էր Տիգրան Չերչեանին, որ 101 տարիներ ապրեցաւ եւ պատկառելի տարիքին իր հարազատը գտնելու հրճուանքը ապրեցաւ:
Բիւր յարգանք իր յիշատակին:
Նկար 1. Մուսթաֆա Գընալըի յօդուածը ստորագրութիւններու մասին (աղբիւրՙ «Մարմարա»ի թրքերէն յաւելուած – 8 յունիս 2001
Նկար 3. ՌՀ-ի լուսանկարը Տիգրան Չերչեանի հետ (աղբիւրՙ Մարմարա – 23 սեպտեմբեր 2010)