Գիտէինք որ Ատրպէյճանը իր նիւթական կարողութիւններով հոս-հոն քիթը կը մտցնէ բարեկամ ու կողմնակից շահելու համար, սակայն այդ քիթին մինչեւ Վատիկան հասնիլը չէինք պատկերացներ: Ծայրայեղ իսլամը ծայրայեղ քրիստոնեայէն ի՛նչ կրնայ ակնկալել… «Ազգ»ի նախորդ համարին մէջ Տիգրան Եկաւեանի յօդուածը բաւական լոյս սփռած էր այս հարցին վրայ:
Ատրպէյճանը հարուստ երկիր է: Իլհամ Ալիեւը ոչ միայն Euronews-ն ու այլ լրատուամիջոցներ կաշառած է, այլ նոյնիսկ Վատիկանին ալ սէրն ու յարգանքը շահած է: Պապը սիրով ընդունած է տէր եւ տիկին Ալիեւները, նուէրներ փոխանակած են, իսկ Մեհրիպան Ալիեւան պապական Սուրբ խաչ մետալին արժանացած է, որովհետեւ նախագահն է «Հայտար Ալիեւ» հիմնադրամին, որ միլիոններով բարեգործական ծրագիրներ կը կատարէ Վատիկանի եւ Հռոմի մէջ, գլխաւորաբար եկեղեցիներ վերանորոգելով: Կը տեսնէ՞ք, դրամը ի՞նչ կ՛ընէ: Որքան ալ հայերը փորձեն ցոյց տալ, որ Ալիեւը հայատեաց ու մարդասպան է, միեւնոյնն էՙ Պապը կը շրջանցէ դատապարտումը ու կը բաւականանայ կոչ ընելով, որ կողմերը դադրեցնեն կռիւը:
Դրա՛մ, ամենազօր ու ամենափրկիչ… Զէնք մը, որ հայերը չունին: Չունի՞ն:
Տարիներ առաջ, իրերայաջորդ 13 յօդուածներով, Պէյրութի «Սփիւռք» թերթի խմբագիր եւ յայտնի հրատարակիչ Սիմոն Սիմոնեանը կոչ-առաջարկ մը ներկայացուց համահայկական հսկայ հիմնադրամ մը հիմնելու, որպէս գործնական գրաւական համայն հայութեան վերականգնումին ու փրկութեան: Առաջարկին մէջ ան նոյնիսկ յուշեց, թէ ինչպէս կարելի է այդպիսի խոշոր դրամական կարողութիւն մը գոյացնել. ըսաւՙ հայկական անչափելի հարստութիւն ունեցած ենք Հնդկաստանի մէջ, ուր նախորդ դարուն անհատ մեծահարուստներ ոչ միայն առեւտրական նաւատորմերու, այլեւ նաւահանգիստներու սեփականատէրեր եղած են, եւ անոնց մահէն ետք, անժառանգ մնալով, այդ կալուածները անցած են Հնդկաստանի պետութեան: Պէտք է դատական հետապնդում կատարուի վերատիրանալու համար այդ հսկայ հարստութեանց:
(Անշուշտ հետապնդողը օրինական հանգամանք մը ունենալու էր, Սփիւռքը չէր կրնար, սակայն կար Հայրենի պետութիւնը: ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը Հնդկաստան կատարած իր այցելութեան, Հայ եկեղեցւոյ Մարդասիրական ճեմարանին կողքին կը կարծուէր որ նպատակ ունի նաեւ յիշեալ հարցով ալ դիմելու հնդկական պետութեան: Դիմե՞ց, չդիմե՞ց, ի՞նչ եղաւ, տեղեակ չեմ):
ԴՐԱ՛Մ… միակ կարեւոր բանը, որ ունեցած ենք, սակայն չենք կրցած զայն տնօրինել եւ օգտագործել ու ծառայեցնել ազգապահպանման ամենասուրբ գործին:
Հնդկաստանէն բացի մեծահարուստներ ունեցած ենք նաեւ Պաքուի մէջ, Թիֆլիսի մէջ, Թուրքիոյ մէջ, ուր հայ ամիրաներ նոյնիսկ պարտքի դրամ տուած են թրքական կառավարութեան: Կրնա՞ք պատկերացնել: Ամէ՛ն տեղ ալ հարուստներ ունեցած ենք եւ ունինք տակաւինՙ Եւրոպաի մէջ ալ, Ամերիկաներու մէջ ալ եւ այլուր, սակայն իւրաքանչիւրը Ի՛Ր համար. ձեւ չէ գտնուած այդ հարուստները մղելու, որ ներդրումներ կատարեն, որ մէջտեղ գայ համազգային հիմնադրամ մը, որուն շնորհիւ շատ մը դռներ կրնան բացուիլ մեր առջեւ եւ մեր անօգնականութիւնը իր լուծումը գտնէ վերջապէս:
Ալիեւը հարուստ է, Ատրպէյճանը ծով ունի, նաֆթ ունի, միջազգային մեծ ընկերութիւններ հսկայ գործարքներ ու ձեռնարկութիւններ ունին երկրին մէջ: Դրամը կը հոսի, դրամը զէնք ալ կը գնէ, լրատումիջոցներ ալ կը գնէ, երկիրներու բարեկամութիւնն ալ կը գնէ:
Մե՞նք: Մենք ի՞նչ ունինք, եղած քիչն ալ գողցուած է: Մարտիրոս Սարեանը ըսած էՙ «Մենք տաղանդ ունինք, բայց խելք չունինք», աւելցնենքՙ մենք դրամ ունինք, բայց տուող չունինք: Ազնաւուրը ըսած է. «Հայերը կծծի են, դրամ չեն տար»: Չտուի՞ն, չէ՛ վերջին պատերազմին առթիւ տուի՛ն, սակայն այս օրերուն միլիոնները այլեւս մանրուք կը նկատուին քաղաքական դաշտին վրայ, խօսքը միլիառներու մասին է: Երբ միլիառներ կ՛ունենանք, այն ատեն իսկական առճակատումի կ՛ելլենք ու կշիռքը մեր կողմ կը թեքենք: Մեղք չե՞ն մեր երիտասարդները, որոնք կեր դարձան փեթրոտոլարով գնուած արդիական զէնքերուն ու «բարեկամներուն»:
Խելքի պիտի գա՞նք օր մը, թէ՞ եղածն ալ հովին պիտի տանք: