Պատերազմներու մէջ երբ զէնքը արդիւնք չի տար, հակառակորդները տնտեսական տագնապի ստեղծման կ՛անցնին: Զինեալ պատերազմը որոշ թիւով զոհեր ու վիրաւորեալներ կը ձգէ իր ետին, մինչ տնտեսական պատերազմին զոհը ամբողջ երկիրն է ու ժողովուրդը:
Սուրիոյ պատերազմէն առաջ ամերիկեան մէկ տոլարին արժէքը 52 սուրիական լիրա էր: Տասը տարուան ամբողջ ընթացքին տոլարը անընդհատ բարձրացումի մէջ էրՙ սուրիական արժեդրամի անկասելի անկումին զուգահեռ: Այսօր ամերիկեան տոլարը Սուրիոյ մէջ կ՛արժէ 3000 լիրա: Արագ հաշիւով մը ի յայտ կու գայ, որ տոլարը մօտ 60-ապատիկ սղեր է:
Լիբանանի մէջ վերջին խնդիրներէն առաջ մէկ տոլարը 1500 լիբանանեան լիրա կ՛արժէր, այսօր, միջին հաշուով 12000 է, այսինքն 8-ապատիկ սղեր է: Սուրիաՙ 60 անգամ, Լիբանանՙ 8 անգամ: Բայց չմոռնանք, որ տասնամեակներ առաջ Լիբանանի մէջ ամերիկեան մէկ տոլարը 2,5 լիրա էր: Երբ երկիրը պատերազմէն դուրս եկաւ, տոլարը 1500-ի վրայ կայունացաւ. Այսինքն այն ատեն տոլարը 700-ապատիկ սղեց, որուն պատճառով մեծահարուստներ սնանկացան, հսկայ գործարաններ փակուեցան, երկիրը գահավէժ գլորեցաւ տնտեսական անդունդն ի վար, սակայն քանի մը տարուան մէջ խաղաղեցաւ ամէն ինչ ու երկիրը վերստին շնչեց ու կազդուրուեցաւ:
Սուրիացիները իրենց դրամական այս հսկայ տեղատուութիւնը ակամայ կուլ տուին ի հաշիւ իրենց առողջութեան, ի հաշիւ իրենց կենցաղային ամենատարրական պէտքերուն ու դեռ կը շարունակեն, ի՞նչ ընեն: Լիբանանցիները չլռեցին, աշխարհը իրար անցուցին, կառավարութիւն վար առին, կառավարութիւն վեր դրին, դարձեալ վար առին ու մնացին առանց կառավարութեան:
Սուրիոյ մէջ ազատ ասպարէզի ոլորտին մէջ, մարդիկ կրցան ձեւով մը քայլ պահել սղաճին հետ, սակայն աշխատավարձով աշխատողները աննկարագրելի կերպով վնասուեցան: Այսօր սուրիացի միջին պաշտոնեայի մը ամսական աշխատավարձը 15 տոլարը չի գերազանցեր: Մեր վարժարաններուն ուսուցիչներուն ամսականները կրկնապատկուեցան, երբ ժամանակին 20.000 լիրա կը ստանային, որ 400 տոլարի հաւասար էր, այսօր կրկնապատկուած է, 40.000 եղած է, սակայն ատիկա հաւասար է 13 տոլարի… Ուղեղ պէտք է, որ հասկնայ, սիրտ պէտք է, որ դիմանայ, երբ միսին քիլոն 25.000 է, իսկ թերթանուշին (փախլաւա) քիլոնՙ 80.000… Հարցը միեւնոյնն է Լիբանանի մէջ ալ, ահաւոր սղաճ, ան ալ եթէ ուզածդ գտնես: Պետութիւնը կը ծրագրէ կարգ մը ապրանքներէն իր նեցուկը ետ քաշել… այն ատեն Աստուած օգնէ:
Մարդիկ ինչպէ՞ս կը դիմանան: Հաւանաբար որոշ բարեսիրական հաստատութիւններ եւ տարբեր եկեղեցիներ նպաստ կը բաժնեն, ուրիշներ արտասահմանի մէջ հարազատներ ունին, որոնք ատենը անգամ մը գումար մը կ՛ուղարկեն. սակայն ասիկա լուծում չէ: Կացութիւնը անտանելի է երկու երկիրներուն մէջ ալ:
Թէեւ պատերազմական գործողութիւնները դադրած են Հալէպի շուրջ, սակայն երկիրը կը տուայտի տնտեսական տագնապին պատճառով, որուն հեղինակները նոյնինքն պատերազմը հրահրողներն են, որոնք տասը տարի երկիրը քանդելէն ու կէս միլիոն մարդու մահուան պատճառ դառնալէ ետք, հիմա ալ պատժամիջոցներով կ՛ուզեն Սուրիան ծունկի բերել եւ իրենց սայլին կապել: Չեղաւ, չկրցան ու պիտի չկարենան: Պատժամիջոցներ որոշողներն ու կիրառողները չե՞ն հասկնար, որ տուժողը միայն ժողովուրդն է, ի՞նչ կ՛ուզեն ժողովուրդէն:
Նոյնն ալ Լիբանանի վիճակն է, մէկ տարբերութեամբ, որ երկիրը թէեւ ուղղակի պատերազմի մէջ չէ ներքաշուած, սակայն քաղաքական ոյժերու հակամարտութիւնները, այնպիսի հարուած մը հասցուցին կառավարութեան, որուն դառն պտուղը քաղեց ժողովուրդը, առանց յոյս մը ունենալու, որ եղածը ժամանակաւոր է եւ աւարտը մօտալուտ է: Ներքին քաղաքական ոյժերը, որոնք հաւանաբար արտաքին հովանաւորներ ունին, առանց անոնց համաձայնութեան եթէ նոյնիսկ զիջումներ կատարելով համաձայնութիւններ կնքեն իրարու հետ, պիտի չյաջողին: Պատժամիջոցներ կ՛ակնկալուին նաեւ Լիբանանի: Մէյ մը որ օձիքդ ուրիշին ձեռքը անցաւ, ալ փրկութիւն չկայ: Պզտիկ երկիրներուն ճակատագիրն է այս: Պզտիկ երկիրները մեծ յենակներու պէտք ունին. մեծ յենակները մէծ պահանջներ ունին, մեծ պահանջքները մեծ աղէտներու դուռ կը բանան: Բնութեան օրէնքն էՙ փոքր ձուկերը կուլ կ՛երթան մեծ ձուկերուն: