Արցախեան պատերազմը իր ետին ահաւոր ցնցումներ ձգեց, ոմանքՙ դարմանելի եւ ժամանակաւոր, ուրիշներՙ մնայուն ու երկար ժամանակ հոգեկան ու մտային տառապանք պատճառող:
Նահատակներուն, վիրաւոր-հաշմանդամներուն, անհետ կորսուածներուն ու դեռ գերութեան մէջ մնացողներուն պարագաներուն կողքին, կայ կարեւոր հարց մըՙ այս պատերազմը լինել-չլինելու առջեւ կանգնեցուց հայ ժողովուրդը թէ՛Հայաստանի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ:
Ինչքան ալ ըսեն եւ համոզեն, որ մնայուն թշնամի, կամ մնայուն բարեկամ չկայ, այլՙ կան մնայուն շահեր, մեր պարագային թուրքերը կը մնան մնայուն թշնամիներ, որոնց վրայ եկան աւելնալու ազերիները, Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերէն մինչեւ վերջին 44-օրեայ պատերազմը:
Շատերուն համար այսՙ այսպէ՛ս է, անփոփո՛խ, անտեղիտալի՛, քանի որ հարիւրամեայ վէրքը դեռ չէ սպիացած, չէ դարմանուած որ սպիանայ, նոյնիսկ փորձ չէ եղած մեղմելու կտտանքը: Մինչ որոշ հայերու համար ալ անիմաստ է թշնամանքը շարունակել այնքան ատեն, որ անպտուղ է ու անպտուղ ծառէն հրաշք ակնկալելը ժամանակի անիմաստ վատնում է: Ոչ Թուրքիան պիտի ընդունի Ցեղասպանութիւնը, ոչ ալ որեւէ հատուցում պիտի ընէ, քանի որ մեծ երկիր է, հսկայ զինուժ ունի, առաւելՙ միջազգային քաղաքական, զինական եւ տնտեսական կարեւորութիւն ունեցող իր դիրքով ոչ մէկ զիջումի երթալու պատրաստ է, իսկ դարէ մը աւելի մեր հետապնդած ճանաչումը ոչ մէկ գործնական ազդեցութիւն ունի, ոչ ալ պարտաւորեցնող է, այնպէս որ անիմաստ է շարունակելը: Մինչդեռՙ եթէ թշնամութիւնը վերացնենք ու բարեկամանանք, ահագին բան կը շահինք թէ՛ տարածքային ապահովութեան իմաստով եւ թէ՛ տնտեսական գետնի վրայ, ու մեր երկիրը կը բարգաւաճի ու կը հարստանայ:
Անշուշտ այսպէս մտածողներն ու բացէ ի բաց արտայայտուողները, միւսներուն կողմէ դաւաճան պիտի որակուին: Տոկոսային համեմատութիւն մը ընելը շատ դժուար է, գիտնալու համար, թէ ո՞ր մտածելակերպը որդեգրելու է: Իմ կարծիքով, բնիկ հայաստանցիներու վերաբերմունքը կը տարբերի Սփիւռքի հայերու վերաբերմունքէն, քանի սփիւռքացած հայութիւնը անմիջական ժառանգորդն է Ցեղասպանութենէ վերապրածներուն, եւ անոնց մեծամասնութեան մօտ դեռ վառ կը մնայ վրիժառութեան զգացումն ու հատուցման պահանջը:
Իրականութեան մէջ այս հատուածն է, որ իր բնօրրանէն արմատախիլ եղած, ցրուած է աշխարհով մէկ: Թէեւ աւելի քան դարէ մը ետք, օտար երկինքներու տակ ապրողներու չորրորդ սերունդին մօտ կրնայ մշուշապատ եւ աղօտած ըլլալ վրիժառութեան պատկերը, սակայն մեր աւանդական կուսակցութիւնները չեն վարանիր ամէն առիթով մշուշը փարատելու եւ պատկերը վերակենդանացնելու, անթեղուած կրակը հովհարելով:
Թէպետ հայաստանցիներէն շատերու մօտ փոխուեցաւ թուրքին հանդէպ վերաբերմունքը Եղեռնի յիսնամեակին ժողովրդային պոռթկումէն եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի կառուցումէն ետք, սակայն եւ այնպէս անոնք սփիւռքացածներու ժառանգորդներուն նման վրէժով լեցուն չեն. Համագումարներ ու գիտաժողովներ կը կազմակերպեն, արդարութիւն կը պահանջեն, «Յիշում ենք եւ պահանջում» կը յայտարարեն, սակայն երկիրը թրքական ապրանքներով կ՛ողողեն: Կը կարծեմՙ երբ պետութիւնը որոշէ յարաբերիլ Թուրքիոյ հետ, ընդդիմացողներ պիտի ըլլան, սակայն մեծամասնութիւն մը լռելեայն պիտի համակերպիՙ այդ որոշումին հետեւանքներէն լաւ բաներ ակնկալելով:
Ի՞նչ կը պատահի, եթէ ժողովրդային քուէարկութեան դիմէ Հայաստանըՙ «Թուրքիոյ հետ բարեկամանա՞նք, թէ՞ ոչ»: Ի՞նչ կը կարծէք: Կը կարծեմ, եթէ անմիջապէս Սփիւռքն ալ նոյնը ընէ իր գիտցած ձեւով հարցախոյզի դիմէ, հայաստանահայերուն «Այո»-ն պիտի գերակշռէ, մինչ Սփիւռքի «Ոչ»-ը ջախջախիչ մեծամասնութիւն պիտի կազմէ ու հայկականօրէն հարցը ջուրը պիտի իյնայ, եթէ անշուշտ հայրենի պետութիւնը նկատի առնէ Սփիւռքի կեցուածքը: Իսկ եթէ ներկայ իշխանութիւնը նկատի չառնէ՞… Ո՞րն է ճիշդը: