Ծաղրանկարի մը մէջՙ սեղանի մը ետին նստած է եւրոպացին ու իր դիմաց կանգնած փաթթոցաւոր-մօրուքաւորին «բարի եկաք» կ՛ըսէ: Յաջորդ նկարին մէջ նոյն եւրոպացին է, որուն դիմաց երեք մօրուքաւոր կանգնած են: Յաջորդին մէջՙ մօրուքաւորները կը դառնան տասը, «բարի եկաքը» կը շարունակուի: Չորրորդ նկարին մէջ եւրոպացիին աթոռին վրայ մօրուքաւորն է նստած, որուն դիմաց շարուած են ուրիշ մօրուքաւորներ, որոնց «բարի գալուստ» կը մաղթէ աթոռին տէրը, իսկ հինգերորդ եւ վերջին նկարին մէջ, մօրուքաւորին դիմաց կանգնած է եւրոպացին, աթոռին վրայի մօրուքաւորը անոր կ՛ըսէՙ «Դուն ի՞նչ գործ ունիս այստեղ»… Նկարներուն ընկերակցող տարեթիւերը տասնամեակ առ տասնամեակ կը փոխուին. վերջին նկարին մէջի տարեթիւն էՙ 1937…
Մեկնաբանութեան կարիք չկայ, իսկ եզրակացութիւնը կը թողում ձեզի: Մարգարէութիւն չէ, պարզ կանխատեսութիւնՙ այսօրուան Եւրոպայի անցուդարձերուն հետեւողին համար: Ո՞ւր հասաւ Եւրոպան եւ տակաւին ո՛ւր պիտի հասնի: Ըստ ծաղրանկարին, 17 տարի ետք արդէն Եւրոպան ամբողջ իսլամական պիտի դառնայ: Չափազանցութի՞ւն է, հաւանաբար, բոլոր ծաղրանկարներուն հիմքը չափազանցութիւնն է, սակայն ինչպէս առածը կ՛ըսէՙ «Սուտ չ՛ըլլար, բայց կրնայ սխալ ըլլալ»:
Ո՞վ բացաւ Եւրոպայի դռները իսլամ գաղթականներու առջեւ, եւ ինչո՞ւ: Երեւոյթով մարդասիրական վերաբերմունք է, ազատութեան ջատագովներու մարդասիրութիւն. իրենց երկիրներուն մէջ (իբր թէ) քաղաքական հետապնդումներէ փախչող, կամՙ (հաւանական) անգործութեան ու աղքատութեան պատճառով, կամ…
Շատ մտածելու կարիք չկայ. այս մարդիկը շատ դիւրութեամբ կրնային Արաբական ծոցի որեւէ հարուստ երկիր գաղթել, սակայն նախընտրեցին Եւրոպան, կամ ՙ աւելի ճիշդըՙ զիրենք ուղղորդեցին դէպի եւրոպական երկիրներ:
Եւրոպան աշխատող ձեռքի կարի՞ք ունէր, երբ իրենց մօտ ալ անգործութիւն կայ: Եւրոպան փրկութեան լա՞ստ էր այս փախստականներուն համար, որոնք տասնեակ հազարներով Միջերկրականը հատեցին լաստանաւերով, մէկ մասերնին ծովամոյն եղաւ, իսկ միւսները ափ առին յունական, իտալական եւ այլ ծովափեր:
Մարդասիրաբար զիրենք գրկող Եւրոպան, իրենց մնայուն կեցութիւն եւ նպաստներ յատկացնող Եւրոպան, յանուն տեմոքրասիի արտօնեց, որ ազատօրէն աղօթեն իրենց բազմահարիւր մզկիթներուն մէջ, ցոյցեր կազմակերպեն ոստիկանութեան պաշտպանութեամբ, իսկ այդ բարիքներուն փոխարէն…
Եւ ի՞նչ եղաւ այս մարդասիրակա՜ն, սիրալի՜ր ընդունելութեան հետեւանքը: Մարդիկը Եւրոպայի գիրկը նստեցան ու սկսան անոր մօրուքը փետտել: Օր ցերեկով մեքենաներով անցորդներ կոխկռտել, դանակներով յարձակիլ քրիստոնեայ կրօնաւորներու եւ պարզ ժողովուրդին վրայ , եկեղեցիներու հրկիզում, ուսուցիչներու գլխատում, տարատեսակ վայրագութիւն:
Բայց, յանուն ինչի՞. Եւրոպայի դէմ թշնամա՞նք ունին, ո՞խ, հաշիւնե՞ր: Ո՛չ, պարզապէս «անաստուած Եւրոպան դարձի բերել եւ ուղղել դէպի «Ճիշդ կրօնը»: Ո՞վ սորվեցուցած է այդ պատանիներուն ու երիտասարդներուն, որ եւրոպացիք քրիստոնեայ են եւ քրիստոնէութիւնը սխալ կրօն մըն է, պէտք է զիրենք դարձի բերել, սակայն ինչպէ՞ս, քարոզելո՞վ, համոզելո՞վ, ո՛չ, հարուածելով, սպաննելով, գլխատելով… Ինչո՞ւ… քանի որ ոեւէ քրիստոնեայ սպանող ուղղակի դրախտ կ՛երթայ, ուր հուրի-փերիներ իրեն կը սպասեն որպէս… վարձատրութիւն:
Մենք իսլամական երկրի մէջ ապրած ենք եւ օր մը իսկ մեր իսլամ համաքաղաքացիներէն այսպիսի խօսք, կամ սպառնալիք չենք լսած: Ընդհակառակըՙ իսլամութիւնը ներողամտութեան եւ խաղաղութեան կրօն է իսկութեան մէջ: Գացէք տեսէք, թէ ինչպէս սուրիական իննամեայ պատերազմի ամբողջ ընթացքին մեր հայ կրօնապետերն ու իսլամ կրօնապետերը ձեռք-ձեռքի կ՛աշխատին պատերազմին հետքերը վերացնելու եւ տուժողներուն օգնութիւն հասցնելու համար: Հայաստանը քանի անգամ թոներով օգնութիւն ղրկեց, որպէսզի բաշխուի բոլոր կարիքաւորներուն, քրիստոնեայ թէ իսլամ: Իսկ այսօր «անհաւատ» հայերը սպաննելու համար Թուրքիան Սուրիայէն իսլամ վարձկաններ կ՛ուղարկէ Արցախ:
Մի արատաւորէք իսլամական կրօնըՙ կասկածելի շէյխերու կողմէ ուղեղի լուացում ստացած երիտասարդներուն ոճիրներ գործադրել տալով: Առաջքը առէք այս պատուհասինՙ համատարած աղէտի չվերածուած: