Կ՛ըսուի թէ հայաստանցի գրողները կը խուսափէին Շիրազին հետ շփուելէ, միշտ վախնալով անոր խայթող լեզուին զոհ երթալէ, ատոր համար ան միշտ առանձին էր, առանձին կը քալէր: Օրին մէկը, խումբով քալող գրողներ կը նկատեն, որ դիմացէն Յովհաննէս Շիրազը կու գայ: Յարմար առիթ էր մեծ բանաստեղծին խօսք մը զարնելու, ու գրողներէն մէկը կը մօտենայ անոր ու հեգնանքով կ՛ըսէ. Շիրազ ջան, ինչու միշտ առանձին կը քալես, տե՛ս, ինչպէս մենք խումբով ենք: Պատրաստաբան Շիրազ կը պատասխանէ, «Առիւծները միշտ առանձին կը քալեն, գայլերն են, որ վոհմակով կը քալեն»… Այսօրուան Արցախը Շիրազի առիւծին նման առանձին կը քալէ դէպի յաղթանակ:Շիրազի հետ կապուած պատմութեան զուգահեռՙ յիշեցի նաեւ Ռուբէն Զարդարեանի «Գամբռը», թէ ինչպէս լեռնէն իջած գամփռը առանձին կ՛անցնի փողոցներէն, գլուխը բարձր, հպարտ ու սէգ: Արցախցին է կրկին, որ յաղթանդամ, խրոխտ, կը քալէ առանձին դէպի ոռնացող գայլերու վոհմակը:Զօրաւորները իրենց ուժին վստահած կը քալեն առանձին, անվախ ու հպարտ, առանց թիկնապահի, առանց շքախումբի, առանց ուղեկիցի: Արցախն ալ այսօր նոյն այդ առիւծն է, հօտի պահապան, գայլախեղդ գամփռն է, կը կռուի մինակ, վստահած իր ոգիի եւ բազուկի ուժին, առանց կողմնակի դիտորդ պետութեանց օգնութեան:Շիրազի Առիւծն ու Զարդարեանի Գամփռը, Խրիմեանի երկաթէ շերեփով ու Չարենցի թաքնուած պատգամով զինուած, ու այս բոլորը միաձուլուած ծնած են ՀԱՅը, որ Արցախի մէջ այսօր կենաց ու մահու տարերային մարտ կը մղէ ազերի-թուրք վոհմակներուն դէմ:Բարեկամներով աղքատ, թշնամիներով հարուստ մեր ազգը զարմանալիօրէն հազարամեակներէ ի վեր դեռ կը գոյատեւէ: Հանելո՞ւկ է, թէ՞ պարզ իրականութիւն: Անշո՛ւշտ իրականութիւն, ահա՛ մենք ու ահա՛ մեր ներկայ պատմութիւնը: Վերջին 125 տարիներուն ընթացքին քանի՞ պատերազմ, աղէտ, եղեռն, ցեղասպանութիւն, «մաքրագործում»… ինչքան նահատակ, որքան կորսուած հող… Եւ սակայն, դեռ կը գոյատեւենք: Առաջ, երբ խաղաղութեան պահեր կ՛ունենար մեր երկիրը, եկեղեցիներ կը կառուցէինք, եղածը բաւարար չնկատելով, իսկ այսօր, երբ խաղաղութեան պահեր կ՛ունենանք, կը զինուի՛նք, պարզապէս յաջորդ խաղաղութիւնը ապահովելու համար, պարզապէս վերջնական եւ մնայուն խաղաղութիւն ձեռք բերելու համար:Պատերազմներն ու աղէտները քննութիւններ են մարդոց իսկութիւնը ճանչնալու համար, ուր դիմակները կ՛իյնան մին միւսին ետեւէն ու լոյսին կու գան իսկական դէմքերը: Խօսքՙ ինչքան ուզես, սակայն գործՙ… ատոր համար ալ հայը վերջապէս գիտցաւ, որ ինք միան իր սեփական ուժին պիտի վստահի: Ու ահա՛, ամէն օր, ամէն ժամ նոր յաղթանակ մը: Թշնամիին զինուժը կը ջախջախուի, թանկեր, զրահապատ մեքենաներ, օդանաւ եւ ուղղաթիռ, անօդաչու թռչող սարքեր ու գայլերու եւ վարձկաններու երկար շարքեր, որոնք իրենց խոստացուած հուրի-փերիները գտնելու համար:Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը չէր չափազանցեր, երբ կ՛ըսէր, թէ մեր բանակը աշխարհի ամենափրոֆեսիոնալ բանակն է: Փաստերը մէջտեղն են: Հեռատեսիլէն ամէն օր եւ օրը քանի անգամ ցոյց կու տան թշնամիին խոցուած զինատեսակները, որոնք միլիարաւոր տոլարներու վնաս կը պատճառեն Ատրպէյճանին, սակայն Ռուսիան ու Իսրայէլը հաւանաբան շատ ուրախ են, որ այդ ջախջախուած զինամթերքին փոխարէն նորեր պիտի ծախեն այս իւղոտ յաճախորդին:Այս յաղթանակներուն գինը վճարեցինք մեր նահատակներով, զինուորական, թէ անզէն քաղաքացի, որոնք հերոսներու լուսապսակեալ իրենց ճաակատներով յաւիտենականութեան բնակիչները դարձան: Խունկ եւ աղօթք անոնց շիրիմներուն:Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէք հերոս Արցախից, մեր առիւծներից:«Ողբամ մեռելոց, բեկանեմ շանթեր, կոչեմ ապրողաց»: |