Անցեալները դիմատետրով (Ֆէյսպուք) հայկական պարախումբի մը ելոյթը կը դիտէի: Բաւական լաւ մարզուած կ՛երեւէին, քանի որ զանազան շարժումներով մէյ մը ուղիղ, մէյ մը խաչաձեւ շարքեր կը կազմէին հայկական երաժշտութեան ուղեկցութեամբ: Յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց պարային խաչը, որ որոշ շարժումներով կեռ խաչի վերածուեցաւ… Նախ չհասկցայ, ըսի երեւի լաւ չեմ տեսած, սակայն երկրորդ եւ երրորդ անգամ նոյն պատկերը երբ կրկնուեցաւ, ուղղակի զարմացայ եւ անմիջապէս գրեցի տեսաերիզին տակ. «Խաչըՙ հասկցանք, կեռ խաչըՙ չհասկցանք…»:
Պատասխանը չուշացաւ, երեւի պարադիրն (խորեոկրաֆ) էր, որ կ՛ըսէր թէ այդ կեռ խաչը շատ հին խորհրդանշան է խաղաղութեան, կամ յաւերժութեան: Պատասխանեցի որ ես շատ լաւ գիտեմ անոր ինչ ըլլալը, գիտեմ որ հին հայկական նախշազարդերու մէջ ալ օգտագործուած է: Ըսիՙ մեր յաւերժութեան խորհրդանիշը արեւն է, որպէս մենքՙ արեւորդիներ: Այդ կեռ խաչը արիականութեան նշան է, սակայն երբ անիկա դարձաւ միլիոններու գլուխը ուտող հիթլերեան-նացիական խորհրդանիշ, ճիշդ չէ վերակենդանացնել զայն մեր բեմերուն վրայ:
Հռոմէական, թէ բիւզանդական այդ կեռ խաչը ես տեսած եմ սուրիական կարգ մը հնավայրերու մէջ, որպէս որմնազարդ ամրոցներու, պալատներու եւ կրկէս-ամփիթատրոններու պատերուն: Անշուշտ զայն ստեղծող-նախագծող ճարտարապետը որոշ իմաստ մը դրած է անոր մէջ. չեմ կարծեր որ պարզ երկրաչափական պատկեր մըն է:
Այսպիսի վիճայարոյց ուրիշ, մեզի շատ ծանօթ խորհրդանշան մըն ալ կայՙ Վեցանկիւն աստղը, որ դարձեալ շատ հին ճարտարապետական գծագրութիւն մըն է, որ կազմուած է իրար ագուցուած երկու եռանկիւններէ, մէկը իր սրութեամբ դէպի վեր նայող, միւսըՙ վար, այսինքն երկինքն եւ երկիրը իրար կապելու գաղափարն է, որ իսկապէս գեղեցիկ է, սակայն երբ Իսրայէլ զայն իւրացուց եւ դարձուց իր ազգային խորհրդանշանը, որպէս «Դաւիթի աստղ» անոր իմաստը լրիւ փոխուեցաւ եւ արաբական աշխարհի համար դարձաւ ատելի պատկեր մը, հակառակ որ այդ աստղը դեռ կը տեսնուի սուրիական շատ մը հնադարեայ տուներու պատերուն, նոյնիսկ Հալէպի խորհրդանիշ կեդրոնական ժամացոյցի աշտարակին վրայ:
Ես ուշադրութիւն դարձուցած եմ, որ Դամասկոսի հռչակաւոր մանրահատակային փայտեայ եւ սատափեայ խճանկարային զարդերուն մէջ մինչեւ այսօր կ՛օգտագործուի այս աստղը, պարզապէս բազմադարեան դամասկեան այս իւրայատուկ ձեռարուեստը անխաթար պահելու համար:
Վերադառնալով մեր վերը մատնանշած պարային կեռ խաչի պատկերին, չեմ պնդեր տեսակէտս, եւ սակայն կը յայտնեմ իմ մտահոգութիւնը, որ օտար բարքեր, օտար հաւատալիքներ եւ աղանդներ իրենց ճամբան կը գտնեն դէպի ժողովուրդ, «անմեղ» ձեւերով, սողոսկելով, մինչեւ որ յարմար օճախի մը հանդիպին, մինչեւ որ անգիտակցաբար ուրիշներ ալ ընդօրինակեն, առանց խորը թափանցելու, եւ այս ձեւով կ՛ընդհանրանայ «անմեղ» բանը, որուն ետեւ, վստահ եմ, ինչեր կան թաքնուած:
Քանի մը տասնամեակ առաջ Գերմանիոյ մէջ ծայր առաւ «նոր նացիական» շարժում մը, վերակենդանացնելով կեռ խաչը: Հակառակ որոշ արկածախնդիր հետեւորդներ ունենալուն, անշուշտ զօրաւոր կերպով հակազդուեցաւ գիտակից հանրութեան կողմէ, որոնց մտքերուն մէջ դեռ թարմ կը մնային նացիներու չարագործութիւններն ու բազմամիլիոն անմեղ զոհերու պատճառ դարձած եւ բազմաթիւ քաղաքներ աւերակոյտի վերածած տխրահռչակ Հիթլերն ու իր գաղափարակիցները:
Հարցերը մակերեսայնօրէն դիտելու չէ, անհրաժեշտ է խորաթափանց աչք ունենալ: Այս առթիւ յիշեմ, որ մեր մօտ պսակաձեւ ժահրի անբնական աճին զուգահեռ, պետութիւնը ջանք չի խնայեր անոր առաջքը առնելու, մինչ որոշ անհատներ պետութեան պարտադրած դիմակը, կամ «դնչակալը» իբր որպէս ներկայ իշխանութեան խորհրդանիշ, կը մերժեն կրել, այդ ձեւով իրենց ընդդիմութիւնն ու հակակրանքը յայտնելու, առանց հասկնալու, որ այդ ձեւով վնասուողը նախ եւ առաջ իրենք են, յետոյ ամբողջ ժողովուրդը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ