Անցյալ` 2019 թվականը հոբելյանական տարի էր: Լրացան ամենայն հայոց բանաստեղծ Հովհաննես Թումանյանի եւ ամենայն հայոց երաժիշտ Կոմիտասի 150-ամյակները:
Հայ պարբերական մամուլի պատմությանը նվիրված մի քանի ուսումնասիրություններ եմ հեղինակել: Այսինքն` հաճախ եմ անդրադառնում այդ թեմային, փորփրում մեր ավելի քան երկուհարյուրամյա թերթերն ու ամսագրերը եւ հանդիպել եմ մեր մեծերից շատերի կյանքին ու գործունեությանը նվիրված ուշագրավ հրապարակումներ: Դրանցից մեկը Ամերիկայի Բոստոն քաղաքում լույս տեսնող «Պայքար» թերթի 1923 թվականի մայիսի 12 թիվ 12-ում զորավար Անդրանիկի խոսքն է նվիրված Հ. Թումանյանի հիշատակին:
Ազգային հերոսն ու «ժողովրդային ներշնչումներու մեղրածորան եւ լուսահոգի երգիչը զիրար սիրած են խանդակաթ սիրով» եւ առանձնահատուկ մտերիմներ են եղել: Ուստի բոլորովին էլ պատահական չէ, որ զորավարի խոսքը գրի առնող Լեւոն Լյուլեճյանի վկայությամբ Զօրավար Անդրանիկ առանց խորունկ յուզման եւ առանց արցունքոտելու չէ որ իր յիշատակները քրքրած է եւ ընթերցողները բախտաւոր պիտի ըլլան իր յօդուածը կարդալով եւ մասնակցելով իր զգայուն սրտի սուգին»: Նպատակահարմար ենք գտնում ընթերցողի ուշադրությանը ներկայացնել հայոց Մեծի խոսքը մյուս Մեծի մասին:
ՍՈՒՐԵՆ Թ. ՍԱՐԳՍՅԱՆ
***
Անհատներ կան, որոնց ներկայութիւնը հանրային ու ընկերային կեանքին մէջՙ հմայք, ուժ, վստահութիւն եւ ոգեւորութիւն կը ներշնչէ: Այսպիսի անձերուն կեանքը եւ անոնց մատուցած ծառայութիւնները ժողովուրդը ոչ միայն կը դիտէ եւ կը վայելէ հանդիսատեսի աչքերով, այլ գիտէ յարգել, սիրել եւ գնահատել: Այսպիսի ժողովրդային դէմքերուն մէկն էր Հայ գեղջկական բանաստեղծութեան ռահվիրան, բանաստեղծ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ:
1904ին առաջին անգամ ըլլալով տեսայ եւ ճանչցայ զայն իր բնակարանին մէջ, Սեւքարեցի Սէգօի միջոցաւ: Բանաստեղծը իր զուարթ ու խնդում բնաւորութեամբ լաւ տպաւորութիւն եւ անուշ զգացումներ ունենալու հմայքը ստեղծեց մէջս: Առաջին տեսակցութեամբ մտերիմներ ու բարեկամներ էինք: Մէկ նայուածք մը բաւ էր հասկնալու եւ ճանչնալու անոր սրտին անբիծ, ու նկարագրին անաղարտ վիճակը: Մագնիսական ուժ մը քաշած կապած էր զիս իրեն աւելի սիրելու, աւելի մտերմանալու, աւելի հիանալու եւ յարգելու: Իր բարձր հասակին, գեղեցիկ ու վայելուչ կազմուածքին կը միանային ժպտուն աչքեր, շնորհալի եւ հրապուրիչ երեւոյթ մը տալով իրեն: Լօռիի, Տսեխ գիւղին մէջ նահապետական կեանք մը կ՛ապրէր բազմանդամ ընտանիքի մը հայրն ըլլալով: Բաց էին իր տան դռները բոլորին առջեւ: Վանքի մը պէս ամէն օր ուխտաւորներ եւ այցելուներ կը մտնէին ու կ՛ելլէինՙ վայելելով այդ նահապետական տան ճոխ սեղաններն ու բարիքները: Առանց հիւրի սեղան չէր նստեր եւ ոչ ալ օրը կը փակէր առանց բարի գործ մը կամ ծառայութիւն մը կատարելու: Վրէժխնդրութիւն, քէն, ատելութիւն, չարիք եւ նախանձՙ կեանքի այս զգացումները անծանօթ էին իրեն: Բիւրեղի պէս մաքուր եւ պարզ էր իր սիրտն ու հոգին, ու մանիշակի չափ խոնարհ եւ քնքոյշ: Տիպար հայրն էր, ազգասէր ու գործունեայ: Առաքինութեան եւ սիրոյ մարմնացումն էր Թումանեան: Այս գեղեցիկ ու բարձրագոյն յատկանիշներով օժտուած բանաստեղծը ոչ միայն սիրելի եւ յարգելի էր հայ ժողովուրդին, այլ կը յարգուէր եւ կը սիրուէր ռուս, վրացի, պարսիկ եւ թաթար ժողովուրդներէն:
1914ին երբ Ազգային Պիւրօն կազմակերպուեցաւ, բանաստեղծ Թումանեան անոր անդամներէն մէկն էր: Թումանեան իր հեռատես կարողութեամբ հասկցած եւ ըմբռնած էր, թէ հայ ժողովուրդը իր աշխարհագրական դիրքին համար պէտք է կապէ իր քաղաքական ճակատագիրը ռուսերու բախտին հետ: Պէտք չէ սպասել եւ ակնկալել հեռաւոր դռներէ օգնութիւն եւ աջակցութիւն ցեղին բարելաւման եւ ազատագրման համար: Թումանեան մնաց Ազգային Պիւրօյին մէջ եւ պայքարեցաւ մութ ու տգէտ ուժերուն դէմ մինչեւ վերջ իր քաղաքականութիւնը ջատագովելով, հոգ չէ որ Պիւրօի անդամները կը ծառանային իր դէմ մութ ուժերով եւ տխուր խաղերով:
1915ին, երբ Վասպուրականը գրաւուեցաւ ռուսերէն, Թումանեան Վան եկաւ տեսնուելու իր ժողովուրդն ու հայրենիքը աւելի մօտէն: Ի՞նչ տպաւորութիւններով վերադարձաւՙ չեմ գիտեր, բայց երբ 1915ին Մեծ գաղթը եղաւ ռուսերու կեղծ նահանջով, բանաստեղծը իր տունը, իր ընտանիքի վայելքները թողուցած եկաւ իր երկու չափահաս աղջիկներուն հետ Էջմիածինի, Իգտիրի եւ Երեւանի փողոցներուն եւ վանքի պատերուն տակ խռնուած գաղթականին օգնելու: Վարցաւէն երբ ամէն օր հարիւրաւորներ կը մեռնէին, այդ փոքրիկ ձեռքերը գիշեր ու ցորեկ իրենց կեանքին գնով կը գործէին կեանք մը փրկելու վարցաւի ճիրաններէն: Թումանեան կրնար անփոյթ ու անտարբեր իր ցեղի ցաւինՙ երջանիկ կեանք մը ապրիլ: Կրնար կեղծ բառերով եւ փուճ արցունքներով նստած եւ ընկողմանած ճոխութիւններու մէջՙ Հայրենիքի վիշտը երգել թղթի վրայ…: Կրնար ամառանոցներու եւ հանքային ջուրերու հեշտանքը վայելել: Կրնար հարստանալ եւ փառքերու տիրանալ, բայց այս բոլորը արհամարհեց իր ցեղին բեկորներուն համար, ու տքնեցաւ անոնց հետ, անոնց ցաւն ու վիշտը բաժնելով: Իր արենակիցներուն դառն վիճակը եւ չարչարանքները խլեցին իր խնդում ճակատէն ու աչքերէն ժպիտն ու ծիծաղըՙ անթեղելով իր սրտին մէջ իր ցեղին ցաւը: Այդ ցաւը մաշեցուց, հատցուց զինք, մինչեւ որ մահը վերջ դրաւ իր խոցող խորհուրդներուն, ա՜լ չի զգալու, ա՜լ չի տառապելու եւ չի վիճաբանելու կեղծ եւ ոչ հարազատ ազգասէրներուն հետ…:
Թումանեան Տրապիզոնի ճակատի կռիւներէն մէկուն մէջ իր եղբայրը կորսնցուց: Վասպուրականէն Սալմաստ, երբ 25,000 գաղթականութիւնը կը նահանջէր, իր 22 տարեկան տղան կ՛իյնար գաղթականին նահանջի գիծը ապահովելու ջանքերով: Զոհաբերութեան եւ հայրենասիրութեան այն բարձր ու վսեմ գաղափարականը բանաստեղծը ներշնչած էր իր զաւակներուն, անոնց ուսուցանելով ծառայել եւ մեռնիլ ամէն բանէ առաջ Հայրենիքին համար:
1917ին, երբ Ալեքսանդրապօլի աջ կողմը Ղաղանճի Կիւլի Պուլախ եւ Չըզըխլարի կողմերը կը գտնուէիՙ պաշարուած թուրք եւ թաթար ուժերէ, լուր առի թէ Ալեքսանդրաբօլը երեք ժամէն թուրքերուն յանձնած եւ Գարա Քիլիսէ փախած են: Թրքական շղթան կոտրելով Լօռի եկայ, ուր Ճէլալ Օղլիի մէջ Թումանեան Լօռիի ներկայացուցիչներով զիս դիմաւորելէ վերջ խնդրեց, որ Լօռի ամրանամ եւ կռուիմ մինչեւ վերջը: Դիրքեր փորել տուի եւ գործի ձեռնարկեցի: Յաջորդ օրը լուր եկաւ, թէ Թուրքեր Գարա Քիլիսէն գրաւած են: Այս լուրէն քանի մը ժամ վերջը Թումանեան եկաւ եւ արցունքոտ աչքերով պատմեց ինծի, թէ լաւ է որ 30,000 գաղթականներու հետ հեռանամ Լօռիէն, որովհետեւ այդ մարդիկը ճերմակ դրօշակներով պիտի դիմաւորեն թուրք բանակը եւ պիտի դաւաճանեն քեզի, հաց եւ ռազմանիւթ չպիտի տան զինուորիդ եւ գաղթականութեան: Այս տխուր լուրին վրայ մեկնեցայ դէպի Տիլիճան, ուր ոչ հայ եւ ոչ ալ թուրք զինուորներ գտայ:
1919ին Զանկէզուրի կռիւներէն վերջ երբ Էջմիածին եկայ եւ անկէ Թիֆլիս, վեց օր իբր հիւր Թումանեանի տան մէջը մնացի արտասահման մեկնելէ առաջ: Ճաշի սեղանին վրայ, ուր ներկայ էին տասը հանրածանօթ հայ դէմքեր, հարցուցի անոնց, թէ ի՞նչ էր պատճառը հայ-վրացական կռիւին: Բոլորը միասին ըսին, թէ մերոնք չեն արդարանար…:
Վրացիներու Արտաքին գործոց նախարար Պր. Կէկէչկօրի լուր ղրկած էր Թումանեանին, թէ Զօր. Անդրանիկը կ՛ուզեմ տեսնել: Թումանեանի հետ միասին գացինք նախարարին քով: Բանաստեղծը եղաւ մեր թարգմանը, ես այսպէս խօսեցայ.
Պրն. Կէկէչկօրի, նախ եկայ ցաւ յայտնել, որ այս երկու ժողովուրդները կռուեցուցիք իրարու դէմ եւ թշնամութիւն մը յառաջ բերիք: Քննութիւն չպիտի ընեմ թէ ո՞ր մէկն էր մեղաւորը: Եթէ դուք այս երկու ժողովուրդներուն մէջ սիրոյ խարիսխը չի դնէք, երկուքն ալ պիտի տուժեն: Տարբերութիւնը պիտի ըլլայ ձեր եւ մեր մէկ գիշեր: Իրիկունը մեր դիակը պիտի վերցնեն, առաւօտն ալ ձերը: Հասարակ երկու ժողովուրդները մեղք չունին, ղեկավար ուժերդ էք պատասխանատուն: Դուք պատասխանատուներդ այս գործը կատարել տուիք, բայց ի սէր ձեր ցեղի փոքրիկներունՙ ինչո՞վ մեղաւոր են մեր հազարաւոր որբերը որ այնտեղ կոտորուին անօթի, եւ դուք փակէք Պաթումի ճամբան, ալիւր չի փոխադրելու դէպի Հայաստան»
Յուզուած ձայնով մը պատասխանեց:
«Պզտիկ քննութիւն մը կատարէ, եթէ մենք մեղաւոր ենք, պատրաստ ենք մեր մեղքը վերցնել մեր վրայ»:
«Կը ցաւիմ, որ ես ժամանակ չունիմ եւ կը մեկնիմ Պաթում, Բարի եղէք ճամբայ բանալ եւ վակօն տալ ժողովուրդիս համար»: Խոստացաւ ինծի: յաջորդ առաւօտ եօթանասուն վակօն Պաթում ղրկուած էր ուտելիք եւ հագնելիք փոխադրելու դէպի Հայաստան:
Անցեալ տարի (Թումանեան) Կ. Պօլիս եկած էր մեր ազգայիններուն բացատրելու եւ ըսելու հայրենիքին կարիքներն ու պէտքերը: Ամէն անոնք, որոնք շփման եկան ու ճանչցան զայնՙ չպիտի կրնային չի սիրել ու յարգել անոր անկաշառ ու զոհաբերող սիրտն ու հոգին:
Իր գրական տաղանդին համար իմ բառերս շատ կարճ կուգան: Գրագէտ չեմ, այդ բաժինը հայ գրագէտներուն եւ բանաստեղծներուն կը թողում, սոսկ մէկ քանի վերյիշումներ ըրի իր կեանքի գծերէն, այդ առաքինի եւ անձնուէր բանաստեղծին հայ գաղթականին ու հայրենիքին համար կատարած գործն ու ջանքերը ամերիկահայ գաղութին ծանօթացնելու յոյսով:
Ես ալ շատ սիրած եմ անոր երգերը: Երգած, զգացած եւ վայելած եմ անոր երգերն ու գրական արտադրութիւնները: Հիացումով հետեւած եմ «Անուշ» պօէմին, «Սասունցի Դաւիթ»ին, «Մի կաթիլ մեղր»ին, «Շունն ու կատուն»ին, «Քաջ Նազարը»ին եւն.:
Կ՛ողբամ անոր դառն վաղաժամ կորուստը: Հայրենի հողին վրայ ապրող հայ գեղացին ու մտաւորականը դեռ շատ պէտք ունէին անոր: Թումանեան կապն էր գիւղացիին եւ ուսեալին: Սիրելի ուսուցիչն ու վարժապետն էր մանուկներուն: Կը հանգչի այսօր երկար տառապանքէ եւ հիւանդութենէ մը վերջ: Ան շատ ու շատ հանգիստ խղճով իջաւ գերեզման, անոր համար որ կատարեց իր պարտականութիւնը ցեղին ու հայրենիքին հանդէպ: Վա՜յ անոնց, որոնք գիտակցաբար կատարած են շատ մը չարիքներ հայ ցեղի զաւակներուն անունին վրայ առանց խղճահարուելու եւ զղջալու:
Սիրելի Յովհաննէս, չկաս այլեւս որ վիճիս ու տառապիս ցեղիդ բարօրութեան եւ գոյութեան համար: Ալ հանգչած են յոգնատանջ ոտքերդ ու ձեռքերդ: Թող ուրախանան ամէն անոնք, որոնք իրենց դէմ չեն գտներ սիրտդ, որ անկաշառ էր ու անխարդախ, հոգի մըՙ որ վեհանձն էր ու անվախ: Յանցանքը որ ունէիրՙ կուսակցական չէիր… յանցանքը որ ունէիրՙ սիրտդ չէր կեղծեր: Ընդունէ երկնային փառքիդ մէջ սա մէկ քանի տողերը, ուր ջանացած եմ ծրարել իմ յարգանքիս հետ, թշուառ ցեղիս երախտագիտութեան արտայայտութիւնն ալ, որոնց համար յոգնեցար, տառապեցար եւ կեանքիդ գնով զոհաբերեցիր, զաւակներովդ, Իգտիրի, Էջմիածնի եւ Երեւանի մէջ:
Հանգիստ ոսկորներուդ, յարգանք յիշատակիդ, սիրելի Յովհաննէս: Ակնածանօք կը խոնարհիմ շիրիմիդ առջեւ: Թեթեւ գայ հողը վրադ:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ
ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Խորին ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ անզուգական եւ հայրենասէր բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի վաղաժամ մահուան առթիւ իր կնոջ, զաւակներուն եւ գերդաստանի բոլոր անդամներուն: Երկնային մխիթարութիւն կը հայցեմ, եւ կը փափաքիմ որ իր զաւակները բարձր պահեն իրենց սիրելի հօր տան անունը :
ԱՆԴՐԱՆԻԿ, Ֆրեզնօ , Ապրիլ 28, 1923