ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ 2018 թ.ի ամրան, երբ Լիբանանի իրաւաբաններու եւ լրագրողներու պատուիրակութեամբ մը (կազմակերպուած հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ ինքնավարութեան կողմէ) ճամբայ ինկանք Մեմպիճէն դէպի Հալէպի քարուքանդ եղած Շահպաա ճարտարարուեստական թաղամասին մէջ գտնուող Աֆրինի գաղթակայանը, սարսափելի տեսարաններ պարզուեցան մեր առջեւ: Գործարաններ, ջերմաելեկտրակայաններ, ռազմական օդակայաններ, գիւղեր եւ աւաններ գետնին հաւասարած էին: Այստեղ, ընդամենը մի քանի ամիս առաջ արիւնախում «Իսլամական պետութեան» ջարդարարները կը հերթապահէին եւ միայն Սուրիոյ արաբ, քիւրտ, հայ, եզիտի, ասորի ժողովուրդներու միացեալ պայքարով է, որ Թուրքիոյ եւ Ուաշինկթընի յատուկ ծառայութիւններու կողմէ ստեղծուած ՏԱԷՇ-ի ոճրագործները վռնտուեցան այս հողերէն: Պէտք է ըսել, որ այդ յաղթանակներուն մէջ իր կարեւոր դերը խաղաց պարսիկ առասպելական զօրավար, Արցախի եւ Հայաստանի, հայ ժողովուրդի բարեկամ, արդէն նահատակ Ղասեմ Սոլէյմանին: Ինքն էր որ Իրանի ղեկավարութեան հետ սպառնացած էր 3 հազար ազերի հրոսակները գնդակահարելՙ եթէ անոնք փորձեն անցնիլ դէպի Արցախ…: Իրե՛նք էին, որ Արցախի ազատագրութեան պատերազմի օրերուն ժամանած էին ռմբակոծութեան տակ գտնուող Ստեփանակերտ, ուր հանդիպած էին Արցախի առաջին նախագահ (1976-1978 թթ. Երեւանի Պետական համալսարանի իմ դասընկեր) Արթուր Մկրտչեանի հետ: Զօրավար Ղասեմ Սոլէյմանին եւ իր ընկերները զգուշացուցած էին Հայաստանի այն ղեկավարները, որոնք պիտի ուզէին Արցախի ազատագրուած եւ Իրանի հետ սահմանակից շրջանները «վերադարձնել» Պաքուին: «Մենք զօրք պիտի մտցնենք եւ արգելք պիտի հանդիսանանք այդպիսի որեւէ գործարքի», ըսած էին անոնք:Իր իշխանութեան գալու առաջին իսկ օրէն, ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ սկսաւ ռազմական մագլցումի, ռազմատենչ յայտարարութիւններու, սպառնալիքներու արշաւի մը, որուն համաձայն Միջին ու Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդները «անուղեղ միջատներ են»:- 250 տարուան քաուպոյական բարքերը, կանկսթերական մտայնութիւնը դժբախտաբար չեն լքած Ամերիկան, որուն նախագահը առաջին օրէն սկսաւ սպառնալ 3000-4000 տարուան քաղաքակրթութիւն ունեցող Իրանին, Չինաստանին, Ռուսաստանին, նոյնիսկ ծաղրուծանակի ենթարկելով Ծոցի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներու ղեկավարները:Երբ իր դէմ ազդու կեցուածքներու չհանդիպելովՙ նախագահ Թրամփ աւելի յառաջ գնաց իր ոտնձգութիւններուն մէջ, հրթիռակոծելով Միջին Արեւելքի քաղաքացիական պատերազմներէն ուժասպառ եղած պետութիւններու տարածքներ, սանձարձակ զաւթումներով, պատժամիջոցներ սահմանելով իր զարմանահրաշ սպառնալիքներով եւ թուիթըրեան գրառումներով: Իսկ իր ոճիրներուն գլուխ-գործոցըՙ Իրաքի հողին վրայ մոնկոլ-թաթարական, հիթլէրեան վայրագութեամբ սպաննել տուաւ ազգային-ազատագրական պայքարի խորհրդանիշեր, որոնց յուղարկաւորութեան միլիոնաւոր սգակիրներ մասնակցեցան Պաղտատի, Թեհրանի եւ այլ քաղաքներու մէջ:Աւելինՙ սպառնալով Իրանի 4000-ամեայ քաղաքակրթական կոթողները քարուքանդ ընել իր ահարկու եւ «խելացի» զէնքերով, մերօրեայ քաուպոյը երկրագունդը կը տանի դէպի կործանում:Արդեօք Լաս Վեկասի կենկսթըրնե՞րը պիտի տնօրինեն Միջին Արեւելքի եւ ընդհանրապէս աշխարհի ճակատագիրը: |