Հալէպէն հասնող լուրերը, յատկապէս կրթական մարզի, լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնեն, ոչ միայն դպրոցներու աշակերտութեան նուազումին համար, այլեւ, պատկերացուցէ՛ք, հայերէնի դասատուներու նուազումին համար, մասնաւորաբար որակեա՛լ դասատուներու, որոնք նախապատերազմեան շրջանին որպէս հայ լեզուի եւ գրականութեան զինուորագրեալներ տասնամեակներով պայքարեցան, որ հայ մանուկն ու պատանին պահեն իրենց մայրենին ու ատակ ըլլան նաեւ զայն փոխանցելու իրենց յաջորդող սերունդին:
Կարծես անտեսանելի ձեռք մը հաւաքեց Հալէպի հինգ երկրորդական վարժարաններու հայերէնաւանդ սիրուած ու գնահատուած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներն ու տարաւ, ցրուեց այս ու այն կողմ:
Թէեւ «այս ու այն կողմ»երը շահեցան այս անձերուն իրենց ափերը հաստատուելով, սակայն Հալէպը կորսնցուց զանոնք: Նորեր եկան անոնց թափուր տեղերը գրաւելու, սակայն երեւի գացողներուն ձգած բացը ակնկալուած ձեւով չգոցուեցաւ, տրուած ըլլալով որ հիները թէ՛ տարիքով, թէ՛փորձառութեամբ եւ թէ՛ իրենց մասնագիտական հմտութեամբ անփոխարինելի մնացին, քանի որ նորեկները, նոյնիսկ Հալէպի Հայագիտական հիմնարկէն շրջանաւարտ, նախկիններուն առաւելութիւնները չունէին:
Գրած էինք անցեալին, որ Հալէպի մեր վարժարաններէն ոմանք ակամայ օտար աշակերտներ ընդունեցին իրենց յարկին տակ, բան մը, որ որոշ չափով խաթարեց մեր դպրոցներուն միատարրութիւնը, սակայն եւ այնպէս, հայկական դպրոցը, ի՛նչ պայմաններու տակ ալ գտնուի, իր դիմագիծն ու առաքելութիւնը չի փոխեր: Ճիշդ ատոր համար ալ այսօր կը տագնապի հայերէնի որակաւոր եւ փորձառու ուսուցիչներու պակասէն:
Ամէն դասատու ուսուցիչ չէ, ուսուցիչ բառին խորքային իմաստով, մասնաւորաբար հայերէնի պարագային: Ծանօթ ասոյթը դարձեալ յիշեցնենքՙ «Երգողն է կարեւորը, ոչ թէ երգը» (The singer, not the song), այսինքնՙ դասաւանդուող նիւթէն աւելի դասաւանդո՛ղն է կարեւորը, որ իր փորձառութեամբ եւ հմտութեամբ կը յաջողի աշակերտները գրաւել եւ նիւթին առընթեր անոնց մէջ սերմանել լաւն ու բարին, հայրենասիրութիւն եւ հայկեան ոգի:
Հայերէնի ուսուցիչներ կը պահանջուին քիչ մը ամէն տեղ, ուր հայկական դպրոց կայ, ամէնօրեայ թէ շաբաթօրեայ: Այս մտահոգութեան եւ պահանջքին մէջ ես դրական բան կը տեսնեմ. բոլոր անոնք, որոնք արեւմտահայերէնի մայրամուտին մօտալուտ ըլլալը կը նախատեսէին, սկսեալ UNESCO-էն, թող քիչ մը զսպեն իրենց «ախն ու վախը», այնքան ատեն, որ տակաւին սփիւռքի մէջ կը գործեն հայկական դպրոցներ իրենց հազարաւոր աշակերտներով, այնքան ատեն, որ դեռ հայերէնը կենդանի խօսակցական լեզու է որոշ վայրերու մէջ, կամ, այնքան ատեն, որ ամէն տարի հայերէն գիրքեր լոյս կը տեսնեն Լիբանանի, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ նոյնիսկ պատերազմի զոհ Սուրիոյ մէջ եւ այլուր:
Բոլորս ալ գիտենք, որ վիճակը շատ բարւոք չէ, սակայն եւ այնպէս, բոլորովին ալ վհատեցնող չէ: Չեմ հասկնար, UNESCO-ն ի՞նչ տուեալներու վրայ հիմնուելով ըրած է այդ հետեւութիւնը, թէ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու ցանկին վրայ է:
Յամենայնդէպս «ահազանգը» ունեցաւ իր դրական անդրադարձնը, եւ արեւմտահայերէնի պաշտպաններՙ գրող, կրթական մշակ, թէ շարքային անհատ, ձայն բարձրացուցին յանուն լեզուի պահպանման, որուն համար ալ աշխատանք կը տարուի Հայաստանի մէջ, ճամբաներ եւ միջոցներ որոնելու արեւմտահայերէնը կորուստէ փրկելու համար:
Լեզուն պահպանելու սփիւռքի պայքարին սատար պէտք է կանգնի հայրենի պետութիւնը: Ժողովներ, հանդիպումներ, քննարկումներ յաճախ տեղի կ՛ունենան, սակայն տակաւին լուրջ քայլ մը չէ առնուած գործնապէս արեւմտահայերէնը որդեգրելու իմաստով:
Միւս կողմէ, թէեւ հայրենի պետութենէն ակնկալիքներ ունինք այս հարցով, սակայն Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայ երիտասարդ տարրեր, արդէն կը փորձեն իւրացնել արեւելահայերէ՛նը թէ՛ իրենց խօսակցական լեզուին մէջ եւ թէ՛ գրաւոր, երբ կ՛արտայայտուին դիմատետրի էջերուն: Հայրենի ժողովուրդին հետ մերուելու դրական քայլ է թէեւ, սակայն ի՞նչ կը պատահի արեւմտահայերէնին: Մեր յաճախակի ուղղումները անարձագանգ կը մնան: