Դառնացած ըսիՙ Հալէպը դարձեալ հարուածեր են, քաղաքի արեւմտեան կողմը կրակներու մէջ է. կան զոհեր ու վիրաւորներ, որոնց մէջՙ կին ու երախայ:
Ըսաւՙ Սիրտդ դեռ Հալէ՞պ է, – երբ նկատեց դէմքիս արտայայտութիւնը:
– Հապա ո՞ւր պիտի ըլլայ,- ըսի,- եթէ կամայ-ակամայ հեռացանք, չի նշանակեր որ մոռցանք: Տասնամեակներու վրայ երկարող կեանքիս բոլոր տարիները այնքան լիցքաւորուած են Հալէպով, հալէպցիներով, հալէպեան կենցաղով, հալէպահայ մեր աշխարհիկ ու կրօնական հաստատութիւններու գործունէութեամբ, որոնց մէջ իմ համեստ լումաս ալ դրած եմ. ինչպէ՞ս կրնամ մոռնալ, ինչպէ՞ս կրնամ չցնցուիլ կրկնուող մահասփիւռ ռմբակոծումներու գոյժերով:
Հալէպի արեւմտեան շրջաններուն մէջ տակաւին կան բազմահազար ահաբեկիչներ, որոնք տարածուած են մարդաշատ թաղամասերու մէջ իրենց ընտանիքներով, ու երկար ընդմիջումէ մը ետք դարձեալ սկսած են ատենը անգամ մը «կոյր» հրթիռակոծումներ կատարել պատահական թիրախներու վրայ, առանց հաշուի առնելու, թէ ո՞ւր կ՛իյնան հրթիռները, կամ որո՞նք զոհ կ՛երթան անոնց: Կարեւորըՙ փաստելն է, թէ իրենք տակաւին կան ու զինամթերքի ալ պակաս չունին, քանի իրենց գտնուած տարածաշրջանը սահմանակից է Թուրքիոյ, ուրկէ կը շարունակեն հոսիլ զինեալներ ու զինամթերք:
Դեռ որքան պիտի ցնցեն Հալէպը, դեռ որքան պիտի ցնցուինք, մինչեւ ե՞րբ պատի ապրինք Հալէպը մեր սրտերուն մէջ ու մեր սրտերը Հալէպի մէջ, անդադար յիշելով ու յիշեցնելով մեր կորսնցուցածներըՙ խաղաղ մեր կեանքը, կեանքի ապահովութիւնը, անգործութեան համարեա՛ բացակայութիւնը, ուտեստեղէնի առատութիւնը, աժանութիւնը, անոնց համն ու հոտը, որ ոչ մէկ տեղ կան աշխարհի մէջ:
Հալէպը չճանչցողը պիտի ըսէՙ այս ինչ չափազանցութիւն է, այսքան ալ կապուածութիւն կ՛ըլլա՞յ օտար քաղաքի մը: Օտար չէ, մե՛րն է, մերը եղած է մեր ծնողներուն տարագրութենէն ետք ու մերն ալ եղաւ, երբ երկրին ընձեռած խաղաղ պայմաններուն մէջ լոյս աշխարհ եկանք, մեծցանք, ուսանեցանք, համալսարանական կրթութիւն եւ վկայական ալ ստացանք առանց ղուրուշ մը (*) վճարելու որպէս կրթաթոշակ: Աշխատեցանք, ընտանիք կազմեցինք, ընտանիք պահեցինք, մեր հայկական բազմատեսակ հաստատութիւնները ունեցանք, պահեցինք մեր ինքնութիւնը, պահեցինք մեր մշակոյթը ու յաջողեցանք փոխանցել մեր զաւակներուն:
Երբեք երկրորդ կարգի քաղաքացիի աչքով չդիտուեցանք, սիրուեցանք ու յարգուեցանք թէ՛ ժողովրդային մակարդակով, թէ՛ պետական:
Թող ներեն մեզի հայրենի ճաշարաններու եւ վաճառատուներու մատուցողներն ու վաճառողները, երբ ըսեմ որ Հալէպի մէջ, երբ ճաշարան կամ սրճարան կ՛երթաս, սպասեակներն ու վաճառողները այնպիսի ժպիտով ու քաղցր խօսքերով կը դիմաւորեն քեզ, որ ակամայ կը բաղդատես այստեղի անժպիտ ու պաղ դէմքերու հետ:
Հալէպի մէջ թող ոեւէ հայ գնում ընէ խանութէ մը ու յանկարծ անդրադառնայ, որ դրամապանակը մոռցած է, կամ իր մօտ եղած գումարը բաւարար չէ եւ հրաժարի ապրանքը վերցնել, մինչեւ որ երթայ ու պահանջուած գումարը բերէ: Անհնար է որ տեղացի արաբ խանութպանը, նոյնիսկ ամենատգէտն ու անուսը թոյլ տայ, որ առած ապրանքդ տեղը ձգես, կ՛ըսէՙ ամօթ է, խնդրեմ, տարէք եւ երբ ուզէք դրամը բերէք. այնքան վստահութիւն ունին հայերուս հանդէպ: Մինչդեռ այստեղ… աւելի լաւ է չխօսիմ:
Հալէպը ոչ միայն սիրելի ու անփոխարինելի դարձաւ մեզի համար իր պատմական անցեալով եւ հնութիւններով, ոչ միայն տեղացիներուն բարութեան ու ազնուութեան պատճառով, այլեւ տեղաբնակ հայերու ստեղծած «փոքր Հայաստանով», ուր անխափանօրէն եռուն ազգային, եկեղեցական, ընկերային ու մշակութային կեանք մը երկարեցաւ տասնամեակներու վրայ եւ կը շարունակուի ցարդ, հակառակ ութամեայ պատերազմին պատճառած վնասներուն ու դժուարութիւններուն:
Պատերազմը աւելի՛ սերտացուց կապը հայուն ու տեղացիին միջեւ, մեր կրօնապետերուն առողջ քաղաքականութեան որպէս արդիւնք, այն աստիճան, որ սուրիական պետական ու կրօնական բարձրաստեճան հեղինակութիւններ պաշտօնական յայտարարութիւններ կ՛ընեն ի նպաստ հայերուն եւ Հայկական դատին, ինչպէս նաեւ պետական որոշումով Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը կը ծրագրեն մտցնել հանրապետութեան բոլոր վարժարաններու դասագիրքերուն մէջ:
Հալէպը «Դրախտ կորուսեալ» չէ, Հալէպը «Անկէզ մորենի» է:
*) «Ղուրուշ մը»- «մի կոպեկ»: