Երիտասարդութեան դարպասը նոր ոտք դրած պատանի մը անցեալ օրը ամենայն հանգստութեամբ ու համոզումովՙ «Ի՞նչ կ՛ըլլայ» ըսաւ: Խօսքը նախամուսնական սեռային յարաբերութեան մասին էր, դիտելէ ետք ֆիլմ մը, ուր հարսը յղի վիճակով կանգնած էր խորանին առջեւ:
Այս «ինչ կ՛ըլլա»ն սովորական դարձած է այս օրերուն նոյնիսկ մեր երիտասարդութեան մօտ, որոնք յաճախ վէճի մէջ են իրենց պահպանողական ծնողներուն հետ:
Ժամանակին քարոզ ըսուածը, -եկեղեցական, կամ հասարակական,- ուղղակի՛ կ՛ըլլար. քարոզողըՙ զգուշացնողը, թէ համոզողը, խրատողն ու յորդորողը ըսելիքը մարդոց երեսն ի վեր կ՛ըսէր, մատը թափ տալով, դիմախաղերով ու դիմացիններուն վրայ ազդելու անհրաժեշտ զանազան միջոցներ օգտագործելով:
Այսօր քարոզին ձեւը փոխուեր է, թէեւ եկեղեցականը գրեթէ անփոփոխ մնացեր է, սակայն հասարակականը լրիւ շրջուած է: Այսօր նոր գաղափարներն ու ամէն ինչ անուղղակի ձեւով կը մատուցուիՙ պատկերով, ֆիլմով, երգով, գրականութեամբ, նոյնիսկ ուտելիքով ու հագնելիքով: Գրաւիչ, գեղեցիկ, համեղ, հոգեպարար, մարդ չզգար, որ շաքարազօծ թոյնը ինչպէս սողոսկելով կը մտնէ ուղեղին ու հոգիին մէջ:
Ասիկա համաշխարհայնացումի ամենամեծ վտանգն է: Թմրադեղը կաթիլ առ կաթիլ կը մտնէ ներս, եւ օր մըն ալ ենթական ակամայ թմրասէր, ապա թմրամոլ կը դառնայ:
Խօսինք օրինակով: Ամենաշատ սիրուած ու տարածում գտած հեռատեսիլային ֆիլմաշարը (սերիալ) FRIENDS-ն է: Այս ֆիլմաշարին մէջ վեց հոգիՙ երեք երիտասարդ եւ երեք երիտասարդուհի, միասին կ՛ապրին, անոնց առօրեան տան մէջ, թէ իրենց ամէն օր յաճախած սրճարանին մէջ լեցուն է կենցաղային, ընկերա-հոգեբանական, արկածային հարցերով ու պատահարներով, շաղախուած բացառիկ սրամտութիւններով ու զուարճաբանութիւններով, որոնք անդադար ծիծաղ կը յառաջացնեն ակնդիրներուն մօտ:
Բացառիկ է անոնց խաղարկութիւնը, վեցն ալ սովորական կատակերգութենէն անդին իւրայատուկ ծիծաղաշարժ վիճակներ կը ստեղծեն, որուն բարենիշը անվարան կ՛երթայ սցենարիստին եւ բեմադրիչին: Մէկ խօսքովՙ ստեղծագործական խմբակ մըն են, որոնք համաշխարհային դիտումի եւ անվերապահ գնահատանքի արժանացան: Սակայն…
Սակայն լուրջ հետեւող մը անոր մակերեսէն անդին պիտի նկատէ, որ շաքարին տակ լեղի բաներ կան… Անոնք, ատենը անգամ մը կը փոխեն իրենց սիրածըՙ մէկուն ընկերուհին, շրջան մը ետք, ուրիշին գիրկն է, միւսինըՙ միւսին գիրկը, եւ այսպէս շարունակ, անշուշտ միւսներուն ներկայութեան, քանի որ իրարու հետ կ՛ապրին: Սիրային եւ սեռային արտայայտութիւնները սովորական խօսակցական նիւթեր են: Տղոցմէ մէկուն ծնողքը երկու կիներ են, պարզ էՙ միասեռական, եւ իր ամուսնութեան օրը, երկու կողմէն թեւանցուկ զինք եկեղեցւոյ խորան առաջնորդեցին:
Տղոցմէ մէկը կենակցած է աղջիկներէն մէկուն հետ եւ այդ աղջիկը յղի մնացած է ու հայրը ինք ըլլալով, չ՛ուզեր ամուսնանալ աղջկան հետ, քանի ուրիշ մը կը սիրէ: Միւս աղջիկն ալ յղի է, սակայն չի գիտեր պտուղին հայրը ով է, քանի անդադար ասոր-անոր հետ եղած է:
Այս բոլորը այնքան պարզ ու հաճելի ձեւով կը մատուցուի, որ երկար ատեն դիտող պատանիներուն ու երիտասարդներուն համար անբարոյական բաները սովորական կը դառնան, նոյնիսկ եթէ ընտանեկան դաստիարակութիւնը զիրենք որոշ բաներէ զգուշացուցած է ու հեռու պահած:
Տարօրինակն այն է, որ այս օրերուն կրկին կը ցուցադրուին ֆիլմաշարին բոլոր մասերը արաբական ամենապահպանողական երկրի մը կայաններէն մէկէն, երբ, մինչդեռ, այդ կայաններէն ցուցադրուող ֆիլմերուն մէջ համբոյրի տեսարաններն ու հայհոյալից բառերն անգամ սրբուած կ՛ըլլան, գինին որպէս արգիլեալ խմիչք «խաղողի օշարակ» կը թարգմանուի եւ այլն:
Բարոյականութիւնը ժողովուրդի մը զրահանդերձն է: Գնաց բարոյականութիւնը, կը սայթաքի ժողովուրդը, կը տկարանայ երկիրը: Զգօն ըլլալու ենք:
Խմբ. կողմից.- Կարծում ենք մեր հարգարժան սյունակագիրը անհամաչափ ընդհանրացնում, բացարձակացնում է երեւույթը: Անահմեմատ շատ են երիտասարդները, նույնիսկ երիտասարդության սեմին եղողներ, ովքեր թքած ունեն այդպիսի սերիալների եւ այլասերիչ քարոզչության համար չգիտես քայքայիչ ո՛ր կազմակերպության միջոցներով պատրաստված գրականության ու ֆիլմերի վրա, քանզի այդ երիտասարդների համար, ինչպես երջանկահիշատակ Կարպիս Սուրենյանն էր ասում, «ճիշտը կյա՛նքն է»: