ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդի փոխատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան (Նիւ Ճըրզի) եւ Երեւանէն ժամանած ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Գայիանէ Մուրատեան եւ Արմէն Մանվելեան ապրիլ 16-ին քաղաքավարական այց կատարեցին ՄԱԿ-ի Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեանին:
Փոխադարձ հասկացողութեան եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ՌԱԿ անդամները ներկայացուցին Նիւ Ճըրզիի մէջ օրերս կայացած ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդի նիստի նպատակը եւ արծարծուած գլխաւոր հարցերը: Շեշտուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու շարունակական ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը եւ անոր շուրջ իրականացուող քայլերու կարեւորութիւնը: ՌԱԿ ներկայացուցիչները մասնաւորապէս տեղեկացուցին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) իրականացուցած կրթական եւ մշակութային ծրագիրները:
Դեսպան Մարգարեան, իր հերթին, խօսեցաւ ՄԱԿ-էն ներս եւ անոր յանձնաժողովներու, մասնաւորապէսՙ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնաժողովի մէջ իրականացուող աշխատանքներուն մասին, յստակապէս «թաւշեայ յեղափոխութենէն» յետոյ ձեւաւորուած քաղաքական նոր իրողութիւններու լոյսի ներքոյ: Դեսպանը շեշտեց, որ նոր իրողութիւններու շրջածիրէն ներս կարեւոր տեղ կը գտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան դերը որպէս ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ջատագով եւ կիրարկող երկիր:
Խօսուեցաւ նաեւ ամերիկահայ համայնքի եւ ՄԱԿ-ի Հայաստանի ներկայացչութեան միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան եւ անոր շարունակակութեան կարեւորութեան մասին: