Տարիներ առաջ, նոր կառուցուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի ժամերգութեան առաջին ներկայութիւնս էր. նստարանները լեցուն էին, եւ ես բաւական ժամանակ ոտքի մնալով մէջքի ցաւ զգացի եւ երկու թեւերս ետեւ կապեցիՙ ցաւը քիչ մը թեթեւցնելու համար: Յանկարծ, տարեց մարդ մը մօտենալով բարձրաձայն դիտողութիւն ըրաւ, որ եկեղեցիին մէջ թեւերը ետեւ չեն կապեր: Անակնկալէն սթափելով պատրաստուեցայ պատասխանել, ըսելու համար, թէ բարեկա՛մ, ես շատ լաւ գիտեմ եկեղեցուոյ մէջ ինքզինքս պահելու ձեւերը, դուն որ թերեւս տարիներով եկեղեցի չես յաճախած, հիմա ինծի դաս տալո՞ւ կ՛ելլէս, երբ անդիէն կին մը աչքով հասկցուց, որ կարեւորութիւն չտամ, ուղեղը խախտուածին մէկն է:
Կա՛մ, պարտադրեալ աթէիզմի, անաստուածութեան, հակակրօն ուսմունքի կը հետեւինք ակամայ, կա՛մ ալ, ներկայ պայմաններուն մէջ, համը կը հանենք եկեղեցիին գետինները համբուրելով ու ափերը վեր բարձրացուցած, փակ աչքերով աղօթելով, բարձրաձայն ժամերգութեան մասնակցելով ու մոմավառութեամբ մոմակալները խճողելով:
Ինչ խօսք, հայերս ճանչցուած ենք որպէս հաւատացեալ, եկեղեցասէր եւ բարեպաշտ ժողովուրդ, քանի որ ամենաշատը եկեղեցի շինած ենք, ամենաիմաստուն ու տաղանդաւոր մարդոցմէ աւելի եկեղեցականները յարգած ու պատուած ենք եւ անոնց սքեմին ու շուրջառին փէշերը համբուրած: Չէ՞ որ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն ենք: Վերջապէս, չէ՞ որ Ա. Ծառուկեանի ըսածին պէսՙ հայուն չափը, չափազանցութիւնն է…
Ամէն ինչ հասանելի դարձաւ ամէն մարդու: Այսօր մարդ չկայ, որ գրպանը բջիջային հեռախօս չունենայ. փառք ճարտարագիտութեանՙ գրպանիդ մէջ է հեռաձայնդ, լուսարձակդ, լուսանկարչական մեքենադ, բառարանդ, գրադարանդ, նամակատունդ եւ նամակատուփդ, հանրագիտարանդ, ռատիօդ, սինեմադ եւ դեռ ինչեր ու ինչեր: Բոլորը կողքիդ են, նստած թէ քալած, քուն թէ արթուն:
Այս բարիքներէն կ՛օգտուինք հայերս ալ ու կը նպաստենք անոնց զարգացման ալ: Տեսէք, ի՜նչ ստեղծած ենք. շարժական հեռախօս կ՛ըլլայ ալ, շարժական եկեղեցի չ՛ըլլա՞ր: մենք շարժական եկեղեցիներ ստեղծած ենք, աւելի ճիշդՙ շարժական խորաններ: Հանելո՞ւկ է, ոչ, մեր ամէնօրեայ կեանքին մէկ անբաժան մասն է:
Մարշուտնիները, երթուղային թաքսի կոչուած ջարդօնի նման մետաղի կոյտերը, որոնք դեռ կը շրջին քաղաքին մէջ, հակառակ զանոնք նորերով փոխարինելու բազմիցս լսուած խոստուներուն: Ուրեմն, այդ մեքենաները նստողները ոչ միայն կը ճամբորդեն, այլեւ կրնան իրենց առօրեայ աղօթքն ալ ընել, քանի մեքենան զարդարուած է բազմատեսակ տասնեակ խաչերով, Յիսուսի ու Աստուածածնի նկարներով եւ անոնցմէ առկախ ժապաւէններով, որոնց վրայ գրուած է «Աստուած, օրհնէ այս մեքենան»: Լաւ կ՛ըլլար, եթէ ըսուէրՙ «եւ մէջինները»:
Ինչ որ է, ուրեմն ճօճուող խաչերը, որոնց շարքին կը ճօճուին նաեւ նարտիի զառերու բազմաթիւ նմանակներ (թէ ինչո՞ւ համար են անոնք, չեմ գիտեր, երեւի բախտաբեր ըլլալու են), ինչպէս վերը ըսի, Յիսուսի եւ Մարիամ Աստուածածնի նկարները, բաւարար են եկեղեցական մթնոլորտ մը ստեղծելու, իսկ խունկի փոխարէն վարորդին սիկառէթի ծուխը կ՛ամբողջացնէ պատկերը: Միայն թէ մոմավառութիւն կարելի չէ ընել. ան ալ թող պակաս ըլլայ:
Երեւի, որքան շատ ըլլլան խաչերն ու սրբանկարները, այնքան շատ կ՛ըլլայ Աստուծոյ ողորմածութիւնն ու օրհնութիւնը:
Այս բոլորը բաւարար չեն երեւի, քանի ճամբու ընթացքին, հեռուէն երեւող եկեղեցի մը տեսնուելուն պէս, ճամբորդները կը խաչակնքեն. այս պարագային ալՙ մէկ անգամը բաւարար չէ, կը խաչակնքեն երեք անգամ: Ի՞նչ ըսես, հաւատացեալ են: Հաւատացեա՞լ են, թէ՞ սովորութիւն մը կիրառողներ, ձեւականութենէ անդին չանցնողներ:
Սիրելի հայեր, բարի մարդիկ, բարեպաշտութիւնը ձեր խօսքին, ձեր գործին, ձեր փոխյարաբերութեանց մէջ թող երեւի. մնացեալը այնքան ալ կարեւոր չէ: