Խոր վիշտով իմացանք Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետին, ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետին, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամին եւ ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամինՙ ընկեր Տոքթ. Գէորգ Քէշիշեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ նոյեմբեր 16ին Լոս Անճելըսի մէջ: Անոր վաստակը եւ դրական մասնակցութիւնը այս կազմակերպութիւններուն եղած է անշահախնդիր եւ պատրաստակամ: