Քուէյթահայ գործարար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեանը Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութիւնը աւելի բարգաւաճ դարձնելու նպատակով հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ Սփիւռքի նախարարին, հայրենի պատասխանատուներու, գործարարներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ: Կիրակոս Գույումճեան քննարկումներուն ընթացքի ներկայացուց նախաձեռնութիւն մըՙ զբոսաշրջիկներուն, ժամանակաւոր կեցութեամբ Հայաստան եւ Արցախ այցելողներուն թելադրել տեղական շուկայէն կատարել իրենց անմիջական գնումները, նաեւ նկատի ունենալով հայրենի շուկային մրցունակ գիները եւ ապրանքերուն բարձր որակը: Կիրակոս Գույումճեան համոզուած է, որ առեւտուրի զարգացման ճանապարհով պիտի ձեւաւորուին փոքր տնտեսութիւններ եւ զարկ պիտի տրուի հայրենական արտադրութեան: Կոչ կ՛ընենք դիւրացնելու Կիրակոս Գույումճեանի «Գնեցէք Հայաստանէն- Shop in Armenia» նախաձեռնութիւնը, սատարել հայրենիքի տնտեսական վերելքին եւ հայրենաշինութեան: