ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ, Մոնթրէալ
Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան ստեղծած օրինականութեան եւ արդարութեան ի նպաստ աննախընթաց մթնոլորտին մէջ, գիտակից ամէն հայ ամէն օր ուշադրութեամբ կը հետեւի իրար յաջորդող զգայացունց եւ ընդվզեցուցիչ նիւթական անպարկեշտ արարքներու բացայայտումներուն:
Սակայն վստահաբար վերջին բացայայտումներուն շարքին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն (այժմՙ նախկին)ՙ Արա Վարդանեանի ձերբակալման լուրն էր: Արդարեւ, կը բացայայտուի թէ ան հազարաւոր տոլարներ օգտագործած է հիմնադրամի գումարներէն խաղավայրերու մէջ… Անհաւատալիօրէն տխուր յայտնութիւն…
Այս լուրը անխուսափելիօրէն բոլորին մէջ կ՛արթնցնէ տարիներու ընթացքին արտայայտուած կասկածով լեցուն այն բոլոր հարցումները, որոնք կը վերաբերին Հիմնադրամին տրամադրուած գումարներուն պարկեշտ կերպով օգտագործման…
Անձնապէս իմ պարագայիս, այս ցաւալի լուրը անմիջապէս ինծի յիշեցուց 1992 թուին Հիմնադրամի հիմնադիր ժողովը եւ այս երեւոյթին յատուկ այդ օրուան միտքերու բուռն փոխանակման նիւթերէն մէկ, զոր կ՛ուզեմ բաժնել ընթերցողներուն հետ. մանաւանդ զայն կ՛ուզեմ բաժնել Հիմնադրամի պատմութիւնով հետաքրքրուած ու նաեւ այսօր անոր ապագայով մտահոգ պատկան շրջանակներուն հետ:
Հիմնադրամի հիմնադիր ժողովը տեղի ունեցաւ 1992 թուինՙ հրաւէրովը օրուան ՀՀ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի: Ի դէպ, տարօրինակօրէն Google search եւ այլուր փնտռտուքներ ընելովՙ ոչ մէկ հետք գտայ պատմական այդ իրադարձութեան որպէս նկարագրական կամ տեղեկատուութիւն. հետեւաբար այս գրութեան կը կցեմ խմբանկար մը, որ նոյնքան տարօրինակօրէն միակն է, որ այդ առիթով քաշուեցաւ, այն ալ իմ նկարչական գործիքովս, քանի որ վերջին վայրկեանին բոլորը անդրադարձան, թէ ոչ մէկ խմբանկար առնուած էր այդ պատմական առիթով…
ՀՀ նախագահին հրաւէրով որպէս Հիմնադիր կնքահայրեր ժողովին կը մասնակցէին 12 հոգի, որոնք կը ներկայացնէին հանրապետութեան ականաւոր անձնաւորութեանց կողքինՙ Սփիւռքէն հրաւիրուած կարեւոր կազմակերպութեանց եւ աւանդական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ: Որպէս բարոյական հովանաւորողներ ներկայ էին նաեւ երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. եւ Անթիլիասի (յետագային` Ամենայն հայոց) կաթողիկոս Գարեգին Բ. Հայրապետները:
Այսպիսով կնքահայրերու կարգին ներկայ էր Հ. Բ. Ը. Միութեան նախագահուհի տիկին Լուիզ Սիմոն-Մանուկեանը, Ամերիկայի հայկական համագումարի (Armenian Assembly) նախագահ պրն. Հրայր Յովնանեանը եւ ստորագրեալսՙ որպէս Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ:
Երկու օր տեւող այս հիմնադիր ժողովը աննախադէպ առաջին առիթն էր, որուն կիզակէտն էր նորանկախ Հայաստանին նեցուկ կանգնելու ապահով եւ վստահելի կառոյցի մը ստեղծումը: Այդ կառոյցը իտէալական պայմաններու տակ պիտի ծառայէր անոր, որ երկրագունդի վրայ ամէն հայ մասնակցութեան բաժին վերցնէր նորանկախ հայրենիքի զարգացման գործին մէջ:
Տեղին է յիշել այստեղ, որ այլ գաղափարներէն անկախաբար, մենքՙ որպէս ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւն, հիմնադրամի այդ ծրագրին մասին կանուխէն յատուկ մեր առաջարկը ներկայացուցած էինք նախագահ Տէր-Պետրոսեանին այդ տարիներուն իրեն ղրկուած մեր յաջորդական Memorandum-ներուն մէջ, որոնցմէ մէկուն քննարկումը կատարեցինք անձամբ իրեն հետ, իր տան մէջ, Յակոբ Աւետիքեանի մասնակցութեամբ:
Այսօր այս տողերը գրելուս գլխաւոր պատճառը, սակայն, անդրադառնալ է հիմնադիր ժողովի ընթացքին արծարծուած բազմաթիւ նիւթերու շարքին մէկ կեդրոնական առաջարկի մը, որ կու գար տիկ. Լուիզ Սիմոն- Մանուկեանէ, պրն. Հրայր Յովնանեանէ եւ ինձմէ բաղկացած անպաշտօն խմբաւորումին կողմէ: Մեր առաջարկը մասնաւոր շեշտը կը դնէր հիմնադրամի ապագայ նիւթական գործունէութեանց վրայ. յատկապէս սփիւռքին վստահութիւն ներշնչելու համար կարեւոր պայման էր, որ հիմնադրամի հաշուական աշխատանքը ամբողջովին վստահուէր նոյնինքն սփիւռքին:
Դժբախտաբար շուտով պարզուեցաւ, որ ՀՀ նախագահը անդրդուելիօրէն հակառակ էր այս կեցուածքին…
Ի վերջոյ, բնականաբար, տեղի տուինք այս կէտին մէջ:
Հակառակ նախագահին այդ կեցուածքին, հիմնադրամի առաջին գլխաւոր նուիրատուներու շարքին եղան Լուիզ Սիմոն եւ Հրայր Յովնանեան, որոնք անձնապէս իւրաքանչիւրը մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութեամբ մասնակցեցաւ…
Գլխաւոր խորհրդածութիւնը այսօր, սակայն, անխուսափելիօրէն զիս կ՛առաջնորդէ բարձրաձայն մատնանիշ ընելու այդ օրուան նախագահին եւ պատասխանատուներուն, թէ մեր երեքիս կողմէ 26 տարիներ առաջ ներկայացուցած առաջարկը եթէ որդեգրուած ըլլար, այսօր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը խուսափած պիտի ըլլար այս ամօթալի գայթակղութենէն:
Հիմնադրամի գաղափարը բազմաթիւ իմաստներով բացառաբար կարեւոր եւ խիստ օգտակար գաղափար մըն է, որ սակայն պարտի գործադրուիլ վստահութիւն ներշնչող պայմաններու տակ:
Այս տխուր պատահարը անխուսափելիօրէն պատճառ պէտք է ըլլայ անոր կառոյցը ենթարկելու հիմնական վերատեսութեան, որպէսզի վերականգնուի նուիրատուներու եւ հանրութեան վստահութիւնը:
Նկար 1. 1992-ին ստեղծուած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հիմնադիր կնքահայրերու պատմական միակ խմբանկարը: Մեզի ծանօթ դէմքերէն առաջին շարքին մէջ կ՛երեւինՙ ձախէն աջՙ Բաբգէն Արարքցեան, Հրայր Յովնանեան, երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա., ՀՀ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Անթիլիասի երջանկահիշատակ կաթողիկոս Գարեգին Բ, Գագիկ Յարութիւնեան, երկրորդ շարքի վրայ` Հրանդ Մաթէոսեան, Արշաւիր Կէոնճեան, Լուիզ Սիմոն-Մանուկեան եւ ուրիշներ