Հագուստի վաճառատուն կը մտնէ գիւղացի ծերունի մը թոռնիկին ձեռքը բռնած ու կը մօտենայ ցուցադրուած վերնաշապիկներուն ու հատ մը ձեռքը առած` կը դիմէ վաճառողին ու կը հարցնէ, թէ ո՞րտեղի ապրանք է: Մարդը կը պատասխանէՙ թրքական: Ծերունին շապիկը կը մօտեցնէ տասնամեայ թոռնիկին ու կ՛ըսէ «հոտ քաշէ», տղեկը կը մօտեցնէ քիթին, պապիկը կ՛ըսէ «Ինչի՞ հոտ է», տղեկը կը պատասխանէ «արիւնի»…
Հեռատեսիլով ցուցադրուող տեսահոլովակ է: Պարզ է, նպատակը թրքական ապրանքներուն Հայաստան ներկրման դէմ բողոքի ձեւ է:
Մեր բոլոր ձեռնտու միջոցներըՙ ընթեռնելի, տեսանելի եւ ունկնդրելի, կ՛օգտագործենք քարոզչութեան համար, այս պարագայինՙ ազգային քարոզչութեան համար եւ բաւական ներկայանալի գեղարուեստական մակարդակով: Մեր գեղարուեստի մակարդակը բոլոր մարզերու մէջ ալ բարձր է, Հայաստանը բազմարուեստից օրրան է թէ՛ որակով եւ թէ՛ քանակով, որ իւրայատուկ է եւ անմրցելի: Սակայն…
(Այս «սակայնը» միշտ ալ կու գայ խանգարելու մեր ինքնագովութիւնը. իրականութեան մէջ կու գայ լուսաբանելու եւ մատը վէրքին վրայ դնելու):
Ուրեմնՙ սակայն ի՞նչ կը փոխուի գետնի վրայ, շուկայի մէջ… Հայաստանը վերածուած է թրքական ապրանքներու մեծ հանրախանութի մը, շինանիւթերէն մինչեւ տնային ապրանքներ, հագուստեղէնէն մինչեւ ուտեստեղէն եւ, եւ, եւ…
Վստահ եմ Թուրքիան ատենը անգամ մը իրազեկող մը կ՛ուղարկէ հոս, տեսնելու համար, թէ ինչպէ՞ս կը վաճառուին իրենց ապրանքները: Թերեւս ալ աւելորդ է, քանի մեր կողմէ մարդիկ այդ գործը կրնան կատարել:
Ամէն պարագայի, հայաստանեան շուկայի մէջ թրքական ապրանքներուն առուծախը մեծապէս կ՛ուրախացնէ Թուրքիան, ոչ միայն մեզմէ ստացուած եկամուտով, այլեւ ազգային-քաղաքական տեսանկիւնէն, քանի որ այս առեւտուրին մէջ իրենք թշնամանք չեն տեսներ եւ ձեւով մըն ալՙ մեզ կը նկատեն տնտեսապէս իրենցմէ կախեալ:
Պատկերացնենք որ թուրք դիտորդ մը եկաւ ու քննական ակնարկ մը նետեց մեր շուկաներուն ու քաղաքին վրայ: Իր պտոյտի ընթացքին անցաւ նաեւ օփերայի հրապարակէն ու տեսաւ օփերայի աստիճաններուն վրայ դրուած պաստառները եւ առ ի հետաքրքրութիւն մօտեցաւ ու տեսաւ մեր նախագահին ծաղրանկարը եւ «Օգնէք որ Սերժիկը թոշակի գնայ» գրութեան տակի ապակեայ ամանը եւ մէջը մանրուքներ… Մարդը, եթէ քահ-քահ մը չփրցուց, վստահ եմՙ գոնէ շատ ուրախացաւ:
Վերադարձէն ետք ի՞նչ պիտի զեկուցէ, ի՞նչ պիտի պատմէ իր ղեկավարներուն եւ իր շրջապատի մարդոց: Մեր անմիաբան վիճակը պիտի չուրախացնէ՞ զիրենք. Անտէր ու անգլուխ երկիր մը միշտ ալ տկար է ու դիւրաւ խոցելի: Այսքանը հասկնալը դժուա՞ր է:
Բազմակարծութիւնը, խօսքի ազատութիւնն ու ընդդիմութիւնը հոյակապ բաներ են, եթէ ճիշտ օգտագործուին եւ ՄԻ՛ՇՏ թշնամիին հաշիւը ընենՙ որպէսզի անոր ձեռքը նոր զէնք չտան: Մի սիրեր նախագահդ, քննադատէ, սակայն մի՛ ծաղրեր ու խծբծեր, իսկ աւելի խելացի վարուած կ՛ըլլաս, եթէ օտարին առջեւ միշտ միակամ ու համերաշխ ներկայանաս:
Վերադառնալով տեսահոլովակինՙ մեր ըսածներն ու ըրածները լրիւ տարբեր բաներ են: Առեւտուրը դրամի աղբիւր է, ո՞վ պիտի համարձակի քար դնել աղբիւրին բերանը, եթէ նոյնիսկ մեր ազգային արժանապատուութիւնը հոսող ջուրին հետ հալի- երթայ: