ԱՆԺԻԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ-ԿԱՆԻՄԵԱՆ, Եգիպտոս
Ընդունուած է, որ աշխարհի ամէնէն մարդասիրական մասնագիտութիւնը բժշկութիւնն է: Այս գիտութեան յառաջացումն ու զարգացումն ընթացած է մարդկութեան զարգացումին զուգընթաց: Քանզի մարդն իր ծնած օրէն խնամքի պահանջք ունի բժիշկի ու բժշկութեան անհրաժեշտութիւն:
Հայոց բժշկութեան արմատները դարերու խորերը կը ձգուին: Աշխարհի հնագոյն ազգերէն մին ըլլալով, դեռեւս Քրիստոսէ առաջ, աշխարհին յայտնի էր հայ բժիշկներու համբաւը: Հռոմէական պատմիչներն իրենց աշխատութիւններուն մէջ շատ անգամ նշած են հայոց բազմահմուտ եւ իմաստուն բժիշկներու մասին:
Վստահ եմ, որ ժամանակակից բժշկութեան մէջ ալ հայ բժիշկները իրենց կարեւոր եւ կայուն տեղն ունին: Ունի՛ն, քանզի մեր թշնամիները չկրցան հանճարն ու պայծառ միտքը խլել հայէն:
Տակաւին միջնադարու հայ մեծ բժշկապետ Ամիրտովլաթ Ամասիացին ըսած է, որ բժիշկը պէտք է պրպտուն միտք , բուժելու ձիրք, նուրբ եւ ճկուն ձեռքեր, սուր եւ ամենատես աչք ունենայ: Հնարամիտ, ստեղծագործ միտքը միայն կրնայ մտածել, ստեղծել եւ իր մտքի պայծառ թռիչքները, գաղափարները կեանքի կոչել:
Մարդկութեան մեծագոյն մասը իր սորվածով, գիտցածով կը գոհանայ: Սակայն մարդոց խումբ մը կայ (ցաւօքՙ շատ սակաւաթիւ), որ անդադար կը մտածէ կեանքը աւելի դիւրին ու թեթեւ դարձնելու մասին: Մարդոց այս տեսակը աշխարհ եկած է արդէն դժուարին մեր կեանքը կրցածին չափ թեթեւցնելու, գեղեցկացնելու, աշխարհին բան մը տալու առաքելութեամբ:
Արարիչն իր ստեղծած արարածներէն միայն մարդը օժտած է արարելու կարողութեամբ: Միայն մարդկային ուղեղն է ստեղծագործելու ընդունակ:
Աստուծոյ շնորհած ստեղծագործ, պրպտող, միշտ նորը փնտռող ուղեղով օժտուած է մեր քովը ապրող, աշխատող, բայց նաեւ արարողՙ բժիշկ, ակնաբոյժ, վիրաբոյժ, դոկտոր փրոֆեսոր Տիգրան Յովակիմեանը: Դոկտոր Տիգրան միքրովիրաբուժութեան մէջ գործածուող գործիքներ ստեղծած է, որոնք հսկայական դիւրութիւն կ՛ընձեռեն վիրաբոյժին վիրահատութեան ընթացքին: Գործիքներ, որոնք միքրովիրաբուժութեան մէջ բազմաթիւ գործողութիւններ կրնան կատարել: Իւրաքանչիւր գործիք կը միաւորէ մինչ այսօր եղածՙ երկու-երեք, երբեմն նաեւ չորս միքրովիրաբուժական գործիք եւ ունի կառավարման երկբեւեռային առաւելութիւն: Անոնք ունին երկու ծայր, որոնք իրարմէ անկախ կրնան աշխատիլ: Կառուցուած է չժանգոտող պողպատէ: Կըներկառավարուի բազմաթիւ գործողութիւններ կատարող համընդհանուր կարգաւորիչով: Կրնայ աշխատիլ ժամացոյցի սլաքին ուղղութեամբ եւ հակառակը: Ձախլիկ վիրաբոյժներու համար պարզապէս յայտնութիւն մըն է այս գործիքը: Ակնավիրաբոյժը առանց գործիքը փոխելուՙ միայն մէկ նոր գործիքով, կը կատարէ քանի մը գործողութիւն: Միայն մէկ անգամ կը ներխուժէ աչքը եւ բազմաթիւ խնդիրներ կատարելովՙ կ՛արագացնէ գործողութեան ընթացքը եւ կը խնայէ ժամանակը: Գործիքը նաեւ առաւել առողջապահական եւ շատ յարմար է:
Մէկ անգամ գործածուող այս գործիքները դոկտոր Տիգրան իր ձեռքով պատրաստած է, փորձարկածՙ իր կատարած վիրահատութիւններու ընթացքին մէջ եւ առաջարկած է բարեկամ եւ ո՛չ բարեկամ գործընկերներուն:
Բազմաթիւ վիրաբոյժներ գործածած եւ մեծ հաւանութիւն տուած են այս գործիքներուն, որոնք ազատ կրնան գործածել նաեւ այլ միքրովիրաբոյժներ: Իսկ միջազգային բժշկական ամսաթերթ մը գրած է, որ մինչեւ իսկ կանացի բժիշկները այս գործիքին համար պիտի շնորհակալ ըլլան դոկտոր Տիգրանին:
Եգիպտոսի մէջ ընդհանուր բժիշկներու, ապա երկու-երեք անգամ ակնաբոյժներուն կոնֆերանսներուն մէջ քննարկուած եւ մեծ հաւանութեան արժանացած են այդ գործիքները: Միքրովիրաբուժական գործիքներ, որ ամիսը անգամ մը յայտնագործողի անուն եւ հեղինակային իրաւունք կը պարգեւեն դոկտ. Տիգրանին:
Եգիպտոսի բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան գիտական հետազօտութիւնների եւ գիտական նուաճումների ակադեմիան այս գիւտը ընդունած եւ հաստատած է: «Journal of the Egyptian Society – Wolters Kluwer Publication.» ամսաթերթի մէջ տպագրուած եւ ընդունուած է որպէսՙ գիւտարարական նորութիւն: Հպարտութեամբ կը լեցուի հոգիդ, որ գիւտ -նորութիւն ստեղծողը մեր ազգակիցն է, եւ հեղինակային իրաւունքըՙ բժիշկ, ակնավիրաբոյժ, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսոր Տիգրան Յովակիմեանինն է:
Կը շնորհաւորենք դոկտ. Տիգրանը մեծ յաջողութեան առթիւ եւ կը մաղթենք նո՛ր յաղթանակներ:
Երբ կը զրուցէի դոկտ. Տիգրանին հետ, կարծես կախարդական տուփ մը յայտնուեցաւ եւ մէջէն սկսաւ նոր գործիքներու շքերթը: Հասկցայ, որ այս գիւտերէն իւրաքանչիւրը իր կարգին կը սպասէ: Իսկ Տիգրանը սիրով կը բացատրէ, թէ ատոնցմէ որը ինչի համար է եւ որ գործը կը դիւրացնէ:
Կը դիտէի այդ գործիքները եւ ակամայ յիշեցի մեծ մտածողներէն մէկուն խօսքը. «Միայն մարդն է գործիքներ հնարող, ան տեխնոլոգիական էակ է…»: Այո՛, մարդն է, որ կը մտածէ աւելի դիւրին եւ յարմարաւէտ դարձնել իր ձեռքի գործիքները, շրջապատող աշխարհը:
Քանի դեռ կը ծրագրէի գրել այս յօդուածը, տեղեկացայ որ եւս վեց – եօթը նոր գործիք ընդունուած եւ հաստատուած է հեղինակաւոր բժշկական կազմակերպութեանց կողմէ: Անշուշտ հաճելի է եւ հպարտանալու տեղիք կուտայ: Բայց մինչեւ ե՞րբ եւ որքա՞ն կրնայ բժիշկը ի՛նք պատրաստել այս գործիքները:
Կըմնայ միայն մասսայական արտադրութիւն կազմակերպել, որ աշխարհն ալ առիթը ունենայ օգտուելու եւ գործածելու հայորդիին միտքի թռիչքները: