Պատկերներՙ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին առեւանգուած հայերու մասին
Հալէպահայերու հետ խօսած պահուդ յաճախ կը նկատես, որ անոնց մօտ պատերազմի ահը տակաւին տիրական է: Ու հակառակ այն իրողութեան, որ Հալէպի հայկական թաղամասերը այլեւս զերծ են ահաբեկիչ զինեալներու հրասանդներէն, ակներեւ է սակայն, որ պատերազմին թողած յիշողութիւններու, վէրքերու ծանր շղարշը կը շարունակէ պարուրել Սուրիոյ տնտեսութեան երբեմնի սիրտը հանդիսացող քաղաքը:
Յիշողութիւններու մասին խօսելով մեր միտքերուն մէջ կ՛ուրուագծուին այն տասնեակ հայորդիներուն պատմութիւնները, որոնք զոհ դարձան առեւանգման: Շատեր առեւանգուեցան ու անհետացան, ուրիշներու դիակները գտնուեցան եւ ուրիշներ ալ մեծագումար փրկագին վճարելովՙ այդ գեհէնէն փրկուեցան: Հալէպի դէպքերուն ու հոն եղած առեւանգումներուն մասին գրելու համար կը պակսին սակայն հաւաստի աղբիւրներ: Մարդիկ, որ ականատես եղած են այդ առեւնգումներուն ու մարդիկ, որոնց հարազատները այս կամ այն ձեւով ապրած են այդ դառն փորձառութիւնը, կը մերժեն խօսիլ:
2015-ին, երբ հայր ու որդի Գէորգ եւ Սարգիս Չափարեաններ Երեւան կը հասնէին, կրցայ այդ մասին լուր մը գրել: Ապա տասնեակ անգամներ փորձեցի անոնց հետ կապ հաստատել, սակայն ապարդիւն: «Զուարթնոց» օդակայան մուտք գործած պահուն «հողդ պագնեմ, հայրենիք» բացագանչող Գէորգ Չափարեանը կը խուսափէր պատմել իր փորձառութեան մասին: Անոնք ձեւով մը կ՛ուզէին մոռնալ, ապաքինիլ եւ այս անգամ Երեւանի մէջ «նոր կեանք մը» սկսիլ: Տարբեր ծանօթներու բերնէն լսելով իմացայ, որ անոնք անցած են դժուարին ճանապարհէ: Առեւանգող զինեալները անմարդկային ձեւերու դիմեր էին անոնցմէ դրամ կորզելու համար: Դէպքէն անցած է 2 տարի եւ ցայսօր ալ մեր հայրենակիցները կը դժկամին խօսիլ եղածին մասին, կը մերժեն պատմել դէպքերուն մանրամասնութիւնները եւ, անշուշտ, կը մերժեն խօսիլ իրենց ազատութեան համար վճարուած «գին»ին մասին:
Աւելի դառն պատմութիւն է Թովմասեաններունը: Թուրքիոյ սահմանին մօտ եղող Քոպանիի (որ կը կոչուի նաեւ Արաբունար, Այնարապ) բնակիչ Թովմասեանները անասելի տառապանքներ ապրելէ ետք կը տեղափոխուէին Թուրքիոյ Սուրուճ քաղաք ու ապա այդ օրերուն Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի ճիգերով եւ անմիջական օգնութեամբ կը հասնէին Հայաստան: Թովմասեանները փախստականի իրենց տառապանքներէն անդին կ՛իմանային նաեւ, որ ընտանիքին հայր Յովսէփը, որ որոշ ժամանակ մը Թուրքիա մնալէ ետք ուզած էր Քոպանի երթալՙ մօտէն ծանօթանալու հոն տիրող վիճակին, օրը ցերեկով կ՛իյնար «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն ձեռքը եւ իր 12 տարեկան զաւակինՙ Արամի աչքերուն առջեւ կը մորթուէր: Արամ հրաշքով կը յաջողէր խոյս տալ ու վերամիանալ իր ընտանիքին:
Սուրիահայերու հետ կապուած նման տասնեակ պատումներ կան, որոնց «գաղտնի» պահուելու խնդիրը նաեւ որոշ հասկնալի պատճառներ ունի:
Հալէպի մէջ առեւանգեալներու մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար յաջողեցայ խօսիլ Գ.ին հետ, որ ներկայիս կ՛ապրի Հալէպի ծայրամասային թաղամասի մը մէջ: Գ.ն պատերազմի ամբողջ տեւողութեան չէ լքած Հալէպը: Անոր փոխանցած տուեալներով պատերազմին ընթացքին տարբեր պայմաններու տակ առեւանգուած հայորդիներուն թիւը կը հասնի 70-ի: Աղբիւրս նաեւ կը յայտնէ, թէ ցայսօր ալ կան առնուազն հինգ անհատներ, որոնք կը շարունակեն մնալ անհետացած ու անոնց ընտանիքի անդամները այս մասին չեն ուզեր խօսիլ, հաւատալով, որ յառաջիկայ օրերուն ազատ պիտի արձակուին իրենց հարազատները:
Գ.ի դիտարկումը այն մասին, թէ անհետացածները կրնան տակաւին ազատ արձակուիլՙ անհաւանական է, քանի որ այն շրջանները, ուր անոնք առեւանգուած են, այսօր ազատագրուած են եւ կը գտնուին Սուրիոյ բանակին տիրապետութեան տակ: Գ. նաեւ կը պատմէ, թէ հայոց առեւանգման գլխաւոր նպատակը դրամ կորզելն է եղած:
«Չեմ կրնար մոռնալ Ռաֆֆին պատմութիւնը: Ռաֆֆին արհեստաւոր էր եւ առեւանգուեցաւ Հալէպի Էշրեֆիյէ շրջանին մէջ: Դէպքէն գրեթէ չորս տարի անցաւ ու Ռաֆֆիին մասին ձայն-ձիւն չկայ: Կան անոր կինն ու երախան: Առեւանգումէն ժամանակ մը ետք ըսին, որ Ռաֆֆին տեսնողներ եղած են ու ան բռնի կերպով կ՛աշխատէր ու կը նորոգէր ահաբեկիչներու ինքնաշարժները, բայց այդ լուրն ալ չհաստատուեցաւ», ըսաւ Գ.ն նշելով նաեւ, որ քիչ չէ թիւը անոնց, որ ազատութեան մէջ յայտնուելէ անմիջապէս ետք հեռացած են Հալէպէն:
Անոր փոխանցմամբ առեւանգումներու մեծ մասը կատարուած է Հալէպի միակ ճանապարհը համարուողՙ Խանասէրի ճամբուն վրայ, որ այդ օրերուն յայտնի էր որպէս «Մահուան ճանապարհ»:
***
Խանասէր շրջանին մէջ եղած առեւանգումներէն բացի մեծ տառապանքներ կրած են նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ապրող հայորդիները: Խօսքը յատկապէս Թալ Ապիատ, Ռաքքա եւ Այն Արապ շրջաններուն մասին է, որոնք որոշ շրջանի մը համար կը համարուէին «Տահէշ»-ի «կեդրոնական քաղաք»ներ: Այդ տառապանքներուն մէջ մեծ բաժին ունեցան Ռաքքայի հայերը, որոնցմէ շատեր շարունակեցին ապրիլ իրենց ծննդավայրին մէջ, նոյնիսկ Ռաքքայի «Տահէշ»ի մայրաքաղաք յայտարարուելէն ետք ալ: Այդ տառապանքներուն մասին տեղեկութիւններ տուած է Ռաքքայի մօտ եղող Թալ Ապիատի բնակիչ Սարգիսը (տեսնել ՙ լուսանկարը), որ անցնող 4 յունիսին, «Ախպար Ալան» կայանին ականատեսի վկայութիւններ տուած է: Սարգիս բնիկ թէլ-ապիատցի է եւ «Տահէշ»ի այդ շրջանին վրայ տիրապետութենէն ետք կրցած է իր կեանքը փրկել ահաբեկիչներուն «ճըզյէ» (գլխահարկ) վճարելէ ետք: Ըստ Սարգիսի, գլխահարկի գումարը սահմանուած էր տարեկանՙ 107 հազար սուրիական թղթոսկիով, որ շուրջ 200 տոլար կը կազմէ: Ան նաեւ ըսած է, որ շրջանի հայկական եկեղեցին ռազմական կեդրոնի վերածուած է եւ ահաբեկիչները այրած են եկեղեցիին բոլոր սպասքները: Սարգիս նաեւ ցոյց տուած էր եկեղեցւոյ մէջ «Տահէշ»ի կառուցած բանտին խուցերը, որոնցմէ միշտ ականջալուր եղած է չարչարանքի ձայներու եւ բանտարկեալներու պոռչտուքներու: «Կը չարչարէին, կը սպաննէին, կը մորթէին, ամէն ինչ տեսայ», ըսած է ան: Ըստ Սարգիսին, իր տան պատուհանը կը նայէր եկեղեցւոյ բակին եւ ինք վարագոյրին ետեւ պահուըտածՙ ժամերով կը դիտէր ահաբեկիչներու գործած վայրագութիւնները: «Վարագոյրը պզտիկ մը կը բանայի, կը տեսնէիՙ ինչպէս մարդ մը կը բերեն, գլուխը տոպրակով կը ծածկեն եւ տախտակին վրայ դնելովՙ սուրով կը գլխատեն: Կը վախնայի, բայց ի՞նչ կրնայի ընել, ստիպուած էի լուռ մնալ», ըսած է ան: Այս նիւթով ներկայացուած պարագաները պարզապէս օրինակներ են Սուրիոյ արիւնալի պատերազմին ընթացքին մեր հայրենակիցներուն կրած տառապանքներուն: Սուրիահայերու ապրած գողգոթային պատկերը տակաւին հեռու է ամբողջական ըլլալէ, որովհետեւ մեզի կը պակսին աղբիւրներ ու մարդիկ, որոնք պատրաստակամ են իրենց ունեցած տուեալներն ու տեղեկութիւնները լոյսին տալ:
Հալէպի շուրջ պատերազամական գործողութիւնները դադրած են, սակայն ու տակաւին իր շղարշը կը տարածէ արիւնալի պատերազմին ուրուականը, որուն ստուերը նոյնպէս նկատելի է մեր հայրենակիցներու հոգիներուն մէջ:
Նկար 1. Սարգիս Չափարեան