Թէքէեանական օրեր եղաւ անցնող շաբաթավերջը Մեծագոյն Նիւ Եորքի հայութեան ու թէքէեանականցիներուն համար: Արդարեւ, աշխարհի զանազան շրջանակներէ մեկտեղուած ներկայացուցիչներ ունեցան իրենց անդրանիկ հաւաքը ԹՄՄիութեան Նիւ Ճըրզիի կեդրոնին մէջ ու հիմը դրին ԹՄՄ Համաշխարհային Խորհուրդին:
Նոյեմբեր 18ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, նշուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան 70րդ տարեդարձը Փարամըսի (Նիւ Ճըրզի) The Terrace at Biagio՚s գեղեցիկ սրահին մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 250 հրաւիրեալներու, հովանաւորութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի եւ նախագահութեամբ ազգային մեծանուն բարերարներ տէր եւ տիկին Նազար Նազարեաններու:
Հանդիսութեան ներկայ էին ՀՀ ՄԱԿ-ի մօտ մշտական ներկայացուցիչ եւ դեսպան տէր եւ տիկին Զօհրապ Մնացականեաններ, ազգային զանազան կազմակերպութիւններու` Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Ամերիկայի Հայկական համագումարի (Արմինիըն Էսեմպլի), Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական կազմակերպութեան, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի, Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայ 0գնութեան Ֆոնտի եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Օրուան հանդիսավարն էր ԹՄՄ վարչութեան անդամ փաստաբան Ճերի Միսքը: Բացման աղօթքը կատարեց Ֆիլատելֆիոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հովիւ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանը` շրջանաւարտ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանէն: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհին` տիկին Հիլտա Յարութիւնեանը, որ շնորհակալական ու երախտագիտական իր խօսքը յայտնեց ներկաներուն եւ բարերարներուն:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ յատկապէս այս առթիւ Պէյրութէն ժամանած ԹՄՄիութեան Լիբանանի Հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գասարճեան, որ Միութեան անցեալը կապեց ներկայ մեր օրերուն դէմ յանդիման եղող հրամայականներուն: Խօսք առաւ նաեւ շրջանակին վարիչ տնօրէնը` Արամ Արքուն: Իսկ արուեստագիտուհի տիկին Նորա Ազատեան, սրահին մէջ ներկայ եղող ազգայիններուն մէջ միա՛կը, որ անձամբ ճանչցած է անմահանուն Վահան Թէքէեանը, արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Հայու հոգին» քերթուածըՙ արժանանալով բոլորի գնահատանքին:
Մեծարուեցան տէր եւ տիկին Նազար եւ Արտեմիս Նազարեանները ԹՄՄիութեան իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար: Անոնք կը մնան մնայուն բարեկամները Թէքէեանինՙ քաջ հաւատալով անոր կատարած մեծ գործին:
Յանձնուեցաւ յիաշատակի նուէր մը մեծանուն բարերար ամոլին:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Երուանդ Ազատեան, որ ջերմօրէն գնահատեց մասնաճիւղին բեղուն գործունէութիւնը եւ ներկայացուց Միութեան անմիջական ծրագիրները Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:
Հուսկ խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ իր եկեղեցական բոլորանուէր կեանքի ծառայութեան ամբողջ շրջանին հաւատա՛ց ԹՄՄի առաքելութեան եւ անհուն սիրով կապուեցաւ բանաստեղծներու իշխանին` Վահան Թէքէեանի հայրենասիրական ուղիին ու անոր գործին: Ան մի՛շտ ջատագոված է Թէքէեանցիներուն աշխատանքը եւ գնահատած անոնց ազգային ոգին:
Լոյս տեսաւ պահուելու արժանի եւ բովանդակալի գրքոյկ մը այս առթիւ, ներկայացնելով Միութեան 70 տարիներու պատկերազարդ պատմութիւնը:
Ճաշկերոյթ-պարահանդէսը խանդավառեց Էլի Պէրպէրեանն ու իր խումբը, յատկապէս եկած` Մոնթրէալէն:
Պատի՛ւ Մեծագոյն Նիւ Եորքի թէքէեանականներուն:
Նկար 1. Ձախից աջ` Ճերի Միսք, Հիլտա Յարութիւնեան, Արտեմիս Նազարեան, Նազար Նազարեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Գլոտիա Նազարեան եւ Սեդա Նազարեան