ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ, Պէյրութ
Մեր սերունդի ներկայացուցիչներուն համար բացառիկ պատեհութիւն եւ եզակի առիթ էր ծանօթանալ, շփուիլ եւ ապրիլ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարներու հետ, որոնք ՌԱԿ հիմնադիրներուն եւ յաջորդներուն աւանդը եւ ուղին շարունակեցին, ազնուական այս կուսակցութեան վարկն ու տեղը, դիրքն ու դերը արժանի մակարդակի վրայ պահելու համար:
Ոչ միայն այսքան. անոնք դարձան «կենդանի» ԴՊՐՈՑներ թէ՛ իրենց շրջանակներուն, թէ՛ ազգային-քաղաքական, թէ՛ մշակութային-կրթական, թէ՛ հայրենական-եկեղեցական կեանքին մէջ դառնալով մէկական փարոսներ, դաստիարակելով սերունդներ ու լուսաւորելով հայկական գաղթամիջավայրերը:
Բախտաւոր են այն սերունդները, որոնք ոչ միայն «աշակերտ»եցին մեծերուն, հետեւելով անոնց խորհուրդներուն, գաղափարախօսուելով անոնց կենսակերպէն, դաստիարակուելով անոնց գիտութենէն, այլեւՙ տարբեր ժամանակներու ընթացքին անոնք դարձան գործակիցները կամ ժողովակիցները անոնց, փորձառութիւն շահելով ու ժողովականութիւն սորվելով:
***
Առանց թերագնահատելու այդ մեծերէն ոեւէ մէկուն ներդրումը եւ ունեցած օրինակելի ներգործութիւնը այս կամ այն մարզէն ներս, կÿարժէ այս առիթով յիշել եւ արժեւորել այն մեծութիւնը, որ կը կոչուիՙ ՓՐՈՖ. ԲԱՐՈՒՆԱԿ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ, նկատի ունենալով, որ անոր մահուան 25ամեակն է այս տարի:
Եթէ պիտի յիշուի Բարունակ Թովմասեանը, պէտք է թուարկել այն արժանիքները, որոնք զինք լաւագոյնս կը բնորոշեն եւ յաջողագոյնս կը յատկանշեն:
Իմ շփումս Թովմասեանին հետ աւելի քան 20 տարուան պատմութիւն ունի, ոչ միայն կուսակցական կեանքէս ներս, այլեւ նոյն տեղաշրջանին մէջ ապրելով, մեր մերձեցումները գրեթէ ամենօրեայ էին, մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թեժ օրերուն, մայրաքաղաքի անցման կէտերու բռնկումի պահերուն եւ ընդհանրապէս ապահովական անակնկալ բախումներու ընթացքին, երբ մեր հանդիպումները, խորհրդակցութիւնները անպակաս կÿըլլային, Փրոֆ.ին (այսպես կը կոչէինք զինք) խորհուրդներուն ու ցուցումներուն հետեւելով:
Թերեւս այս մտերմութիւններն ու գործակցութիւնները աւելիով առիթ տուած էին զինք մօտէն ճանչնալու, իր բազմակողմանի արժանիքներով, ատոնք ըլլան կուսակցական, գաղափարական, քաղաքական կամ ազգային, որոնցմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ան ունէր տեսակէտ ու խօսք, դատողութիւն ու դիրքորոշում, մեկնաբանութիւն ու կողմնորոշում, տրամաբանութիւն ու վերլուծում:
***
Դասական մօտեցումէն հեռու, ինծի համար Փրոֆ.ը կը ներկայանար ու կÿիմաստաւորուէր հետեւեալ բնորոշ առանձնայատկութիւններով.
ԱՌԱՋԻՆՙ ամենէն մեծ ու կարողական արժանիքըՙ դիւանագիտական խոհեմութեան, հեռատեսութեան եւ իրատեսութեան անոր մտածողութիւնն էր, հետեւապէս սթափ ու հանդարտաբարոյ եզրակացութիւնը, մասնաւորաբար փշոտ ու հանգուցաւոր հարցեր քննարկելու ժամանակ:
Ոչ միայն ներկուսակցական, այլեւ միջկուսակցական բարդ ու կնճռոտ օրակարգերու պարագային, ան միշտ առաջին կարգի տեսաբան-առարկայապաշտն էր, համադրողն ու համակարգողը, իրեն յատուկ հայեցողութեամբ եւ անհատականութեամբ:
ԵՐԿՐՈՐԴՙ անոր քաղաքական հոտառութիւնը, սրատեսութիւնն ու վերլուծելու կարողութիւնը, տեղական, շրջանային ու միջազգային կնճռոտ հարցերու ընդմէջէն, տեսնելու սեւ ու ճերմակ, ժխտական ու դրական, մոխրագոյն ու սպիտակ կողմերը խնդրին եւ այդ հիման վրայ տեսակէտներ պարզելու ու ճշդելու կարողութիւնը:
Իր մտածումներն ու վերլուծումները ոչ միայն լսելի ու գնահատելի էին, այլեւՙ ընդհանրապէս հաւաստի ու համոզիչ, որպէս իրապաշտ միտք եւ արտայայտութիւն, հետեւաբարՙ ընդօրինակելի:
ԵՐՐՈՐԴՙ գաղափարախօսական ամուր ենթահողը, սկզբունքային տեսութիւններու վրայ հիմնուելու նուիրականութիւնները անկախ պահելէն բացի, ռամկավարական վարդապետութեան տալու լայնախոհութեան եւ ազատախօսութեան բարենշային ընտրանք:
Ասիկաՙ ոչ թէ աժան քարոզչութիւն ընելու դիտաւորութեամբ, այլ հիմնաւորելու իր գաղափարական ուղղուածութեան ճշդութիւնը, չափաւորականութիւնն ու հանրամատչելիութիւնը, միանգամա՛յն, որուն տէր կանգնելու ու զայն պաշտպանելու համար բոլոր նախադրեալները, տուեալներն ու տարանշանները ունէր, իբրեւ ձեռնհաս հեղինակութեան տէր իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը:
ՉՈՐՐՈՐԴՙ ղեկավարական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած դէմք, որ գիտէր ազգային-կուսակցական ցանցերը կազմակերպելու եւ առաջնորդելու, դրսեւորելու ու ներդաշնակելու ոճն ու եղանակը, զանոնք միշտ արդիւնաւորուած տեսնելու լաւատեսութեամբ: Ասոր պատճառըՙ գաղափարական հաւատամքին ու դաւանանքին հետ հաշտ ապրելու ու գործելու անվիճելիութիւնն էր, որուն նկատմամբ ոչ միայն անզիջողութեան ցանկապատ մըն էր ան, այլեւՙ զայն կենսաւորող ու կենդանացնող խօսափող մը:
ՀԻՆԳԵՐՈՐԴՙ հայրենասիրութիւնը իրեն համար գերիվեր սրբութեան մը խորհրդանիշն էր, անայլայլօրէն եւ անսակարկօրէն, որուն ամրապնդման ու հզօրացման համար կուսակցութիւնը կը ծառայեցնէր հայրենական նուաճումներու իրականացման գործին, չընկրկելով որեւէ խոչընդոտի առջեւ, ոչ ալ հանդուրժելով ուրիշներու կամակորութիւնը:
Հիմնաւորուած էր այս կեցուածքային երեւոյթը, ոչ միայն անոր համար, որ Փրոֆ.ը կողմնակից էր հայրենական հարազատ ընտրանքին, այլեւ գործնական գետնի վրայ գերագոյն զօրակից մը անոր, իրեն ենթակայ կուսակցական կառոյցներով ու մարդուժով, ինչպէս նաեւ համակիր ուղեկիցներով:
ՎԵՑԵՐՈՐԴՙ Էջմիածնապաշտպանութիւնը եւ Էջմիածնածառայութիւնը անսակարկելի նուիրականութիւններ էին, որոնց իրականացման համար գործով ու բանիւ փարած էր անոնց, գաղափարական ու հաւատքի ներզօրութեամբ, կուսակից սերունդները դաստիարակելու եւ առաջնորդելու դէպի լուսոյ աղբիւրՙ գերագոյն եկեղեցւոյ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆԸ:
***
Իմ եւ ինձմէ երէց սերունդներու ներկայացուցիչները կրնան վկայել ու հաստատել, թէ իրենք մեր մեծերուն ջանքով որքա՜ն կոփուեցան ու հասունցան, թեւաւորուեցան եւ արմատաւորուեցան, գաղափարականօրէն, հայրենասիրականօրէն, ազգայնօրէն ու ՀԱՅՕՐԷՆ, որպէսզի Փրոֆ.էն (եւ միւսներէն) ժառանգուած կտակը շարունակուէր յաջորդներուն կողմէ:
Անցնող բազմատասնեակներու հայ ժողովուրդը, իր զանազան շերտաւորումներով, բայց մանաւանդ Փրոֆ.ական պատկանելիութեամբ ու հետեւորդութեամբ, այլապէս ալՙ հայրենական-եկեղեցական առաքելութեամբ ու զօրակցութեամբ, ո՞ւր կը տեսնեն մեծութեան մը մեծութիւնը, որ մեծութեամբ ծառայեց իր ժողովուրդին համայնական կարիքներուն ու հրամայականներուն:
***
Սիրելի Փրոֆ. Թովմասեան, բառերը, տողերը եւ էջերը քիչ են քու մեծութիւնդ մեծարելուՙ մեծարանքի մեծութիւններով, քու յաւիտենականութիւն մեկնումիդ 25ամեակին առիթով :