ՀԵԸ ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ, ՀԱԿՈԲ ԱՍԱՏՐՅԱՆ, «ՕՐԵՐ»
Շարունակելով ՀԲԸՄիութեան 110 եւ ՀԵԸնկերակցութեան 85 յոբելեանական տարեդարձներու առիթով հրապարակային միջոցառումները, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային մարմինի կազմակերպութեամբ 18 հոկտեմբերի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ, աշխարհահռչակ «Խաչատուրեան թրիօ» եռեակը ներկայացուց արուեստի բացառիկ երեկոյ մը։
Յանուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային մարմինի Շահէ Պապահէքեան բարեգալուստ մաղթեց ներկաներուն, շեշտելով միջազգային եւ հայրենական բեմերու վրայ «Խաչատուրեան թրիօ»ի արձանագրած յաջողութիւնները, ստացած մրցանակները, շնորհակալութիւն յայտնելով Լոնտոնէն պրն Ասատուր Կիւզէլեանին այս ելոյթի կազմակերպման աջակցելուն համար։ Ապա համառօտակի, «Խաչատուրեան թրիօ»ի ասպարէզի կարեւոր փուլերը յիշատակելէ ետք, Շահէ Պապահէքեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց եռեակին անդամներըՙ Գայիանէ Գրիգորեանըՙ դաշնամուր,Կարէն Շահկալդեանըՙ ջութակ եւ Կարէն Քոչարեանըՙ թաւջութակ։
Եռեակը ներկայացուց հայկական դասական երաժշտութեան ընտրանի մը. Արամ Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս»էնՙ «Վալս», «Մազուրքա» եւ «Կալոբ», «Սուրերու պար», «Գայիանէ» պալէէն ՙ «Կարէնի եւ Նունէի պարը», «Օրօրոցային», «Նունէի պարը», «Սպարտակ» պալէէնՙ «Ատաճիօ» եւ «Ֆրիկա», Առնօ Պապաճանեանէնՙ «Թրիօ», «Նոքթիւրն», Կոմիտասէնՙ «Վաղարշապատի պար», «Հապըրպան» եւ «Ալ Այլուղս» կտորները։
Բարձրորակ կատարումները հմայեցին ներկաները, որոնք վայելեցին արուեստի անզուգական երեկոյի մը ներկայ գտնուելու բախտաւորութիւնը։ Երկար ծափողջոյնները պերճախօս ապացոյց էին ազգային ակունքներէ բխող իսկական արուեստի հանդէպ լիբանանահայութեան ծարաւին։ Համերգին իննսուն վայրկեանները անցան երազի նման։