Այս երկրորդ հրաւէրն էր զոր կը ստանայի Զէյթուն գրադարանի տնօրէնութեան կողմէ:
Գրադարան ըսուածը ինծի համար ընթերցասէրներու գիրքեր տրամադրող հաստատութիւն մըն է, որ բազմահազար գիրքեր կը պարունակէ. այդպիսի քանի մը հատ կային Հալէպի մէջ, սակայն այստեղ տեսածս սովորականէն տարբեր պատկեր մը կը ներկայացնէր: Ատենէ մը ի վեր, գրադարանի աշխատակազմը գեղեցիկ եւ օգտաշատ մտածում մը ունեցած է իրենց փոքրիկ սրահին մէջ հանդիպումներ կազմակերպելու գրողներու եւ դպրոցական աշակերտներու միջեւ. շրջանի դպրոցներէն բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներ կը հրաւիրեն ծանօթանալու համար գրողներու եւ անոնց հետ զրոյց ունենալու:
Մենք մեր ուսանող եղած ատեն մեր դասագիրքերուն մէջի գրողները բոլորն ալ մահացած կը կարծէինք, եւ այդպէս ալ էր, իսկ եթէ ապրողներ կային, մեզի համար անոնց հետ հանդիպիլն ու խօսիլը երեւակայական բան մըն էր: Եւ ահա, 25-30 աշակերտներ նստած, հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՛ընեն սփիւռքահայ երկու գրողներու, որոնցմէ մէկը ես եմ, իսկ կողքիս Պերճուհի Աւետեան արձակագիրն է: Երկուքս ալ Հալէպէն ենք ու մեր խօսքը ներկաներուն ուղղած ատեն անպայման կը խօսինք Հալէպի ներկայ կացութեան մասին, պատերազմի արհաւիրքէն ծանրօրէն տուժած ու երբեմնի բարգաւաճ հայկական գաղութի մասնատուած ու նօսրացած վիճակին մասին…
Կը խօսինք արեւմտահայ գրողներու եւ անոնց գործերուն մասին, կը խօսինք արեւմտահայերէնով ու կը շեշտենք անոր արժէքն ու կարեւորութիւնը եւ Հայաստանի մէջ զայն կենդանի պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Մեր փոխադարձ խօսակցութիւններէն, հարցերէն ու պատասխաններէն յայտնի եղաւ, որ այս աշակերտներն ալ միայն դասագիրքերէն ծանօթ են արեւմտահայերէնին: Երբ կը կարդան, արեւելահայ առոգանութեամբ կը կարդան, երբ կ՛արտասանենՙ արեւելահայերէնը ակամայ կը խառնեն արեւմտահայերէնին:
Դարձեալ նոյն հարցումը կ՛անհանգստացնէ մեզ. ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը խորթ պիտի թուի այստեղիններուն, ինչո՞ւ իմ դպրոցական թատերախումբի աշակերտներուս հետ, երբ թատերական նոր ծրագրին մասին կը խօսէի, «նորէ՞ն արեւմտահայերէն» հարցուցին մտահոգ:
Ես վստահ եմ, որ իրենց անգլերէնի, կամ ֆրանսերէնի ուսուցիչները երբ առաջարկեն այդ լեզուներով թատերգութիւն մը բեմադրել, պիտի չդժկամէին, ընդհակառակըՙ հետաքրքրական պիտի գտնէին առաջարկը եւ պիտի փորձէին ցոյց տալ իրենց կարողութիւնը օտար լեզուով արտայայտուելու, սակայն արեւմտահայերէնի պարագային հարցը նոյնը չէ. ինչո՞ւ պիտի սորվին, ինչի՞ պիտի ծառայէ արեւմտահայերէնը…
Ահա՛ այստեղ է, որ ի յայտ պիտի գայ հայրենի պատկան մարմիններէն ակնկալուած դերըՙ որպէս իրաւասու տէրը նաեւ հայերէնի այդ տարբերակին: Տէ՛րը, որ ոչ թէ զայն ծալլէ ու թանգարան դնէ որպէս պատմական մասունք, այլ տարածէ դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ, համագումարներ կազմակերպէ, զարկ տայ արեւմտահայ գրականութեան տպագրութեան ու հրատարակութեան… թող այն ատեն ԻՒՆԵՍՔՕ-ն համարձակի արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին դասել:
Այս բոլորով հանդերձ, թէեւ դանդաղ, սակայն որոշ մօտեցում մը արեւմտահայերէնինՙ յուսատու կը թուի. եւ անոր պատճառը հաւանաբար Հայաստան ապաստանած հալէպահայերն են, անոնց բարի անունը: