ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ, Հալէպ
Գալ շաբաթ մէկ ամսով Հայաստան պիտի գամ:
Մեզ ինչի՞ ես ասում, ուզում ես արի, չես ուզում մի՛ գա,-պիտի ըսեն շատեր:
Ճիշդ է, որո՞ւ ինչ թէ Հայաստան կ՛երթամ, կամ չեմ երթար: Անշուշտ ընտանիքս անհամբեր կը սպասէ ինծի: Սակայն ասիկա պատճառ մը չէ Հայաստան երթալու, ո՛ւր ալ գտնուէին կինս եւ զաւակներս պիտի երթայի զիրենք տեսնելու: Պիտի հանդիպիմ մտերիմներու, բարեկամներու, որովհետեւ իրենք Հայաստան կը գտնուին, բայց Հայաստան գալու պատճառը իրենք չեն:
Գալ շաբաթ Հայաստան պիտի երթամ, որովհետեւ Հայաստանը իմ երկիրս է: Որովհետեւ հայ եմ եւ բոլոր հայերը Հայաստանի զաւակներն են եւ Մայր Հայաստանը կը սպասէ բոլորս: Պա՞րզ է:
Ինծի համար պարզ է:
Հայաստան պիտի երթամ նաեւ յիշելու.. 1988-1991 ժամանակաշրջանը: Սխալեցայ.-չեմ մոռցած որ յիշեմ այդ օրերը. Հայաստան պիտի գամ վերապրելու այդ օրերը:
Նախ պիտի երթամ օփերաՙ Ազատութեան հրապարակ: Ամէնէն շատ հոն պիտի երթամ, այնտեղէն պիտի քալեմ դէպի Հանրապետութեան հրապարակ-Կինո Ռոսիա, Երրորդ մասէն պիտի հասնիմ մինչեւ Երեւանեան լիճ: Կը յիշէ՞ք, Ղարաբաղեան շարժումը այս երթուղիով սկիզբ առաւ, երբ երեւանցիներ զարմացած, նոյնիսկ վախւորած հայեացքով կը դիտէին այդ քանի մը հարիւր խենթերը: Ի՜նչ համարձակութիւն, սովետի օրով ցո՞յցի ելլել:
Պիտի վերապրիմ յաջորդ օրերը երբ դէպքերը շատ արագ զարգացան: ԼՂԻՄ-ի իշխանութիւններու որոշումըՙ Ազրպէյճանի կազմէն ելլելու եւ դիմումը Հայաստանին միանալու.. հոնՙ «Միացում»ի, հոսՙ «Ղարաբաղ Կոմիտէ»ի ծնունդը եւ «Սումգայիթ»ը… բազմահազարանոց եւ ապա միլիոնանոց խաղաղ ցոյցերը…
Այդ ցոյցերը… այդ ցոյցերուն մասնակցող միլիոնները, կանաչ խոտ մը իսկ չտրորող միլիոնները, ազնուացած հայ ժողովուրդը, նստացոյցերը, նստացոյցի անծանօթ մասնակիցներուն թէյով եւ հաց պանիրով հիւրասիրող երեւանցիները, հապա այն երեւանցինե՞րը, որոնք գիշերային շատ ուշ ժամերուն կը լքէին իրենց անկողինները, ձմրան ցուրտին գիշերանոցով դուրս կ՛ելլէին սեփական ինքնաշարժերով ցուցարարները ձրիաբար օփերայէն տուն հասցնելու համար: Կը յիշէ՞ք: Չէք կրնար չյիշել, եթէ նոյնիսկ 4-5 տարեկան մանուկներ էիք այդ ատեն, որովհետեւ դուք ալ ձեր հայրերուն եւ մայրերուն հետ կը մասնակցէիք ցոյցերու, պճլիկ մատիկներով յաղթութեան նշան կը կազմէիք եւ կը գոչէիք.- Ղարաբա՛ղ, Ղարաբա՜ղ:
Կը յիշէ՞ք բանտերէն գողերուն կատարած յայտարարութիւնը.-Հայաստանի մէջ արգիլուած է գողութիւն ընել: Իրապէս այդ ընթացքին գողութիւնը դադրեցաւ: Ընդհակառակըՙ մարդիկ միայն օգնութեան ձեռք կ՛երկարէին իրարու: Կը յիշէ՞ք հայ գիւղացիները, որոնք «կրուզաւիկներով»ՙ բեռնատար խոշոր ինքնաշարժերով սննդամթերք կը բերէին եւ կը բաժնէին Ազատութեան հրապարակի ցուցարարներուն: Ինչպէ՞ս չէք յիշեր: Լաւ կը յիշէք այդ երանելի օրերը:
Գալ շաբաթ պիտի գամ Հայաստան, կարօտցած եմ Հայաստանը, հայաստանցիները:
Հայաստանը ինծի համար 1988-ի Հայաստանն է, հայաստանցիները այդ թուականի հայաստանցիներն են, ինքնաշէն զէնքերով Ղարաբաղ գացող տղաքն են, Օփերան պաշարող ռուս զինուորներուն ծաղիկ տուող հայ աղջիկները, օդակայանի ճամբան զոհուող Խաչիկը, մինչեւ այսօր իրեն արժանի պատիւ չտրուած լուսանկարիչ զոհուած Աւոն, Երեբունիի առաջին զոհերը, Եռաբլուրի վայրի մոլախոտերը արմատախիլ ընող եւ հոն ուխտատեղիի վերածող ուսանողները… Հայաստանը ինծի համար Անկախութեան դիմող երկիրն է, Հայաստանի ժողովուրդը անկախութիւն երազող, անկախութեան ձգտող, պայքարող, յանուն անոր ամէն զոհողութիւն յանձն առնող ազգն է, ազգ, որուն սփիւռքեան պաշտօնական մասը թերահաւատ գտնուեցաւ, չհաւատաց մեր յեղափոխութեան յաղթանակինՙ վախցաւ սովետական նախադէպ ունեցող հաշուեյարդարէն, սակայն սփիւռքէն խենդեր եկան Հայաստան, հասան Ղարաբաղ, զոհուեցան ալ:
Գալ շաբաթ մէկ ամիս պիտի հեռանամ Հալէպէն եւ պիտի գամ Հայաստան, վերապրելու այն ծանր, բայց յոյսով լի երազային օրերը, երբ, կը յիշէ՞ք, ինչպիսի բարկութեամբ կը դիմաւորէինք մեր դէմքը աղաւաղող մոսկովեան լրատուական միջոցները, երբ ամէն մէկուն խօսքը մոնթաժուած կը սփռուէր, երբ ամբողջ ժողովուրդը «քանի մը էքստրեմիստ» հայեր կորակուէր, եւ… եւ ժողովուրդը չէր վհատեր, կը հաւատար իր ուժին, եւ նոյնիսկ մեծ երկրաշարժըՙ պարետային ժամերով եւ ձերբակալութիւններով համեմուած երկրաշարժը չկրցաւ սասանել հայաստանցի հայուն հաւատքը:
Պիտի գամ Հայաստան, պիտի քալեմ փողոցներով եւ այսօրուան թերահաւատ երիտասարդներուն պիտի պատմեմ այս ամէնուն մասին, պիտի չբնութագրեմ այսօրուան կռուըտող հայ այրերը, պիտի չխօսիմ այսօրուան կեղեքումներուն եւ կողոպուտներուն մասին, այսօրուան անտարբերութեան մասին: Այս ամէնուն մասին պիտի չխօսիմ, որովհետեւ իմ գիտցածս միայն հեռուէն լսածս է, հաւանաբար մեր երիտասարդները շատ բան գիտեն այդ բոլորին մասին, ուստի եւ կը վախնամ, որ յուսահատ գտնեմ զանոնք: Զիս ամէնէն շատ վախցնողը, սարսափեցնողը այդ յուսահատութիւնը պիտի ըլլայՙ անկախ հայրենիքի ապագային հանդէպ անտարբերութիւն սերմանող մեր երիտասարդներու բռնութեամբ ակօսուած հոգիներուն մէջ աճող-աճեցուող մոլախոտ յուսահատութիւնը, նոյն սովետական տարիներու յուսահատութիւնը, զոր կոմսոմոլացած հայ ուսանողները իրենց հոգիներէն եւ միտքերէն դուրս շպրտեցին: Կը յիշէ՞ք Ազատատութեան հրպարակի գիշերները իրենց երգերով լուսցնող մեր ուսանողները:
Եկող շաբաթ գալու եմ Հայաստան, գիշերները նստելու եմ Օփերայի աստիճաններին, երգելու եմ այդ օրերի եւ ա՛յս օրերի տղերքի հետ:
12 Յուլիս 2016
Խմբ. կողմից.- Մենք բարի գալուստ ենք մաղթում հալեպահայ մեր բա-եկամին, նաեւ շնորհակալություն իր հուզախառն-անցելահուշ գրության համար, որը, համենայնդեպս, ե՛ւ սթափեցնող է, ե՛ւ խորիմաստ` երիտասարդ սերնդին ուղղված պատգամով: Տեղեկացնենք, որ Մանվել Քեշիշյանը թատերական գործիչ է, բեմադրիչ: Ավելի քան քառորդ դար մեծաթիվ պիեսներ է բեմադրել հալեպահայ տարբեր թատերախմբերի հետ, այդ թվումՙ նաեւ իր գրած թատերգություններից: