Յունիս 1, Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օր…
Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Սարեան նկարչական դպրոցի փոքրիկ աշակերտներու նկարած գործերուն կը նայիմ, ալբոմին էջերը դարձնելով եւ յուզումս կը վերածուի պայթելու պատրաստ բողոքի. Հալէպի երախաները նկարած են պատերազմը… քանդուած տուներ, եկեղեցի ու մզկիթ, վիրաւոր ու զոհուած մարդիկ, թանկեր ու զինեալներ, փուռին առջեւ հացի համար հերթի կանգնածներ… Նկարած են Հալէպի առօրեան, նկարած են ինչ որ տեսած են, նկարած են իրենց կեանքը…
Հալէպի փողոցներուն մէջ հազուադէպ է մանուկներու հանդիպիլ. անոնք փակուած են իրենց տուներուն մէջ, քանի որ փողոցները անապահով են շարունակուող հրթիռակոծումներուն պատճառով: Անոնք միայն հազար զգուշութեամբ դպրոց կերթան եւ նոյն ձեւով ալ կը վերադառնան ու կը փակուին իրենց սենեակներուն մէջ, իրենց ծնողներուն խիստ արգելքներուն ենթարկուելով: Ու գիտէ՞ք ինչով կը զբաղին, անոնք փայտի կտորներով ու ստուարաթուղթերով զէնքեր կը շինեն ու զիրար «կը սպաննեն» տան մէջ, կամ շէնքի դրացի տղոց հետ ու հպարտութեամբ իրարու կը ցուցադրեն փողոցներէն կամ տանիքներէն իրենց հաւաքած տեսակաւոր փամփուշտներու հաւաքածոները…
Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օր…
Հիմա փողոցն եմ ու կը տեսնեմ Երեւանի երախաներուն տօնական դէմքերը, ուրախ են, երջանիկ, խաղալիքներ գրկած են, ուրախ են նաեւ անոնց ձեռքերէն բռնած մամաներն ու քոյրիկները: Խաղավայրերը լեցուն են անմեղ բացագանչութիւններով, ուրախութեան ճիչերով… Այսօր իրենց տօնն է, այս երկրի ապագայի տէրերը խաղաղ են ու պաշտպանուած: Հալալ է ձեզի, «ապրէք երեխէք», բայց… Հալէպի երախաներուն պէս չապրէք…
Ու յանկարծ, ակամայ միտքս թռիչք կառնէ դէպի Արցախ, սահմնամերձ հայրենի գիւղերն, ու կը տեսնեմ սեւազգեստ, նոր այրիացած նորահարսեր, իրենց նոր որբացած երախաները գրկած, տան շեմին նստած, կը նային հեռուն, հորիզոնէն անդին, ով գիտէՙ երեւան իրենց զինուոր ամուսինը, իրենց երկինք գացած հայրիկը յանկարծ երեւայ մշուշի մէջէն ու վերադառնայ…
Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օր…
Ասոնք մերիններն են, հապա՞ Պաղեստինի երախաները, հապա՞ Իրաքի, Սոմալիի, Աֆղանիստանի… Անոնց պիտի հասնի՞ իսկական պաշտպանութիւն, թէ՞ միայն լուրերէն պիտի լսեն, կամ օրացոյցներէն պիտի իմանան, բայց ոչ անոր հոտը առնեն, ոչ ալ համը:
Երախաներու պաշտպանութեան օր… Ո՞ւր ես, Արդարութիւն: