Ինծի համար միշտ հարց եղած է, թէ հայաստանեան անցագիրը (կամ անձնագիրը) ո՞ր չափով մեզ հայաստանցի կը դարձնէ, ըսել կ՛ուզեմ, բնիկ հայաստանցիի մը բոլոր իրաւունքները վայելելու իրաւունք կու տա՞յ:
Աւելի յստակացնեմ ըսածս. վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանի քաղաքացի դարձած անձ մը իրաւունք ունի՞ ըսելու տեղացիի մը, որ ես ալ քեզի հաւասար հայաստանցի եմ եւ իրաւունք ունիմ վայելելու քեզի շնորհուած խօսքի ազատութիւնը, ցոյցերու մասնակցելով պետութեան դէմ արտայայտուելու, կամ բանաւոր թէ գրաւոր ելոյթներով երկրին թերութիւնները, կամ պետութեան սխալ քաղաքականութիւնը քննադատելու, նոյնիսկ հայհոյելու ազատութիւնը, ինչպէս սանձարձակօրէն կ՛ընեն շատեր:
Ես կը կարծեմՙ ո՛չ. այդ իրաւունքները,- եթէ նոյնիսկ սահմանադրութիւնը տեղացիին հաւասար կը շնորհէ նաեւ եկուորին, այնքան ատեն, որ օրինաւոր անձնագիր կը կրէ,- տեղացին չընդունիր եւ հաւանաբար իրաւունք ալ ունի չընդունելու: Տեղացին այստեղ ծնած, մեծցած է, երկրին քաղցրն ու լեղին համտեսած, դժուար պայմաններուն կուրծք տուած, տառապած, զոհուած, տոկացած է, մասնակցած է երկրին վերելքին… դուն բան մը չըրածՙ եկեր ես իրեն հաւասար այդ բոլոր իրաւունքները վայելելո՞ւ…
Բայց եկուորն ալ կրնայ ըսել, որ ինք ալ օտար հողի վրայ հայրենիքի կարօտով ապրած է, տառապած է իրեն համար խորթ միջավայրի պայմաններուն մէջ, տագնապած է ու պայքարած յանուն հայ լեզուն, հայկական մշակոյթն ու հայու դիմագիծը պահպանելու, եւ հիմա, որ պարագաները զինք մղեցին հեռանալ վտանգալից իր միջավայրէն, նախընտրութիւնը եղած է Հայաստան հաստատուիլ եւ միայն հոգեպէս Հայաստանի մէջ ապրելու փոխարէն, ուզած է ֆիզիքապէս ալ ապրիլ այդ հողին վրայ ու դառնալ մէկ մասնիկը հայրենիքին: Այս բոլորէն ետք, իրաւունք չունի՞ հայաստանցիի մը հաւասարելու:
Ինչպէս օտար լեզուով կ՛ըսեն, տը ժիւրէՙ այո՛, սակայն տը ֆաքթօՙ ո՛չ. Այսինքն, ըստ օրէնքի, այո՛, սակայն փաստօրէնՙ ո՛չ: Ուրե՞մն…
Ուրեմն, նոր ներգաղթած սփիւռքահայը կամ որպէս երկրորդական քաղաքացի պիտի ապրի, միշտ զգոյշ ըլլալով, որ բարձրաձայն չքննադատէ եւ չճաշակէ տեղացիին «Չհաւանեցի՞ք, վերադարձէք ձեր երկիր» խօսքը, կամ ալ պիտի խօսի ու աչքը առնէ որեւէ տեսակի թեթեւ կամ ծանր հակադարձութիւն:
Կը յիշեմ Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը որքան դժուար է» թատերգութիւնը, ուր մարդ մը կախուած մնացած էր երկինքի եւ երկրի միջեւ, քանի որ ոչ երկինքը կ՛ընդունէր զինք, ոչ ալ մեռնելէ ետք երկիր կրնար վերադառնալ…
Հիմա Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն վիճակն ալ այս է: