Օրաթերթեր շաբաթաթերթի կը վերածուին, ամսաթերթեր եռամսեայի կը վերածուին, միշտ երեք ամիս, երբեմն վեց ամիս պարտք մնալով ու ժամանակին չհրատարակուելով, ուրիշներ հրաժեշտ կու տան ու կ՛անցնին պատմութեան…
Նորութիւն չէ, ատենէ մի ի վեր արդէն այս մասին կը խօսուի, սակայն միայն կը խօսուի եւ խօսքին հետ մտահոգութիւնն ալ կը ցնդի, առանց արձագանգի;
Գրաւոր բանն ու բառը յստակ նահանջի մէջ են, եթէ ոչ հոգեվարքի: Գրող կայ, կարդացող չկայ. չչափազանցենք, քիչ կարդացող կայ: Ժամանա՞կ չկայ, տրամադրութի՞ւն չկայ, դրա՞մ չկայ, ո՞րն է պատճառը: Եթէ պատճառը ներկայ արհեստագիտութեան բարիքներն են, որոնք զբաղ կը պահեն մարդիկը, եթէ կեանքի վազքն է, որ անտրամադիր կը դարձնէ մարդը, եթէ տպուածը սղած է թուղթի ու տպագրութեան, յարաճուն սղութեան պատճառով… ուրեմն ի՞նչ կարելի է ընել այս պատճառները չեզոքացնելու համար. կամՙ բան մը պէ՞տք է ընել, թէ՞ ձգել, որ զարիվար թաւալքը շարունակուի, մինչեւ վերջ:
Անոնք որ կ՛ըսեն, թէ աշխարհի ամէն կողմ նոյնն է հարցը, կը սխալին: Այդպէս չէ: Ընդհակառակը, մեծ երկիրներուն մէջ գրախանութներուն ու թերթավաճառներուն մօտ հերթեր կան: Հիմա ըսողներ պիտի ըլլան, թէ «մեծ երկիրներ» ըսի, իսկ մենք շատ փոքր ենք. այդ ճիշտ է, սակայն մեր փոքրութեան համեմա՞տ ալ չենք կրնար համեմատութիւնը պահել: Կարդալը սիրելու հարց է. վարժութեան հարց է. որ կուգայ մանկութենէն եւ շրջապատէն:
Օտար երկիրներու մէջ, աշխատանքի գացած ատեն, գետնուղիներով կամ հանրակառքերով ճամբորդող մը չես գտներ, որ ձեռքին գիրք կամ թերթ չըլլայ: Մեր մօտ փոխադրակառքերու մէջ ոչ թէ նստելու, այլ կանգնելու տեղ չես գտներ, մնաց որ ձեռքերնին կարդալիք բան ըլլայ:
Վերը «գրող կայ, կարդացող չկայ» ըսի, երեւի այս հարցն ալ ստուգելու է: Եթէ գրող կայ, ապա ինչո՞ւ Պէյրութ հրատարակուող հայկական պարբերաթերթի մը 80 էջերուն 40ը խմբագիրը ինք, իր գրութիւններով լեցուցած է: Ասիկա լաւ բան մը չէ, նոյնիսկ եթէ խմբագրին բոլոր գրածներն ալ մակարդակով բարձր գործեր ըլլան: Ո՞ւր են հայրենի, կամ սփիւռքահայ գրողները: Յանցանքը հանդէսի՞ն է, թէ՞ գրողներունը, հակառակ որ այդ պարբերաթերթը գրողներուն պզտիկ պատուագին (հոնորար) մըն ալ կու տայ:
Ոչ-արհեստավարժ գրողները, որպէս երկրորդական նախասիրութիւն, կը դանդաղին, երբեմն ալ կը դժկամին գրելու, քանի պարտաւոր չեն զգար իրենք զիրենք, իսկ արհեստավարժ գրողները չեն կրնար չգրել, պիտի գրեն ամէն օր, առանց ընկրկելու, քանի ատիկա իրենց «գործն» է. ատով կ՛ապրին, ատով կը շնչեն: Այս մարդոց պարագան է, որ դժուար է, մասնաւորաբար երբ չեն տպուիր, կամ բարոյական ու նիւթական անդրադարձ չեն գտներ:
Մենք զմեզ մշակութասէր, գրասէր ժողովուրդ կը նկատենք. կը հպարտանանք Մաշտոցով, Նարեկացիով, մեր գրողներով. յոբելեանական հանդիսութիւններ կը ձեռնարկենք, անոնց նկարներով կը զարդարենք մեր ակումբներն ու դպրոցները, այս բոլորը կ՛ընենք, սակայն անոնց գործերը չենք կարդար. գրականութիւն ընդհանրապէս չենք կարդար:
Սփիւռքը թողունք իր ցաւերով. Հայաստանի մէջ ինչո՞ւ ժամանակին գրական գործ մը տասնեակ հազարաւոր տպաքանակով շուկայ կ՛իջնէր ու կայծակի արագութեամբ կը սպառէր. ինչո՞ւ: Շատ աժան էին գիրքերը, ատո՞ր համար: Այն օրերուն ուրիշ զբաղմունք չունէին, շատ-շատՙ հեռատեսիլ, եւ կարդալը ամէնաօգտակար եւ հաճելի ժամանցն էր, ասո՞ր համար: Այսօր, ամենաբախտաւոր գիրքը հազար տպաքանակով կը հրատարակուի, եւ վստահ չեմ, թէ բոլոր օրինակները կը վաճառուին: Ընթերցասէր հայաստանցի՞ն ալ կռնակ դարձուցեր է գրականութեան: Հարցնե՞նք «Գրական թերթ» ին, թէ ի՞նչ է իր տպաքանակը այսօր. հարցնե՞նք, թէ՞ մենք զմեզ խնայենք նոր հիասթափութեան մը դէմ յանդիման գտնուելէ:
Նահանջ գիր ու գրականութեան, նահանջ գրողներու, նահանջ ընթերցողներու. «Մեղայ, մեղայ Արարատին», պիտի ըսէր Շահնուր: