2004-ին, երբ ազերի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը կացինահարելով սպանեց քունի մէջ եղող հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը, նողկանքի, ատելութեան ու վրէժի զգացումները երկար ատեն չարչրկեցին միտքս ու հոգիս: Անդադար ես ինծի հարց կու տայի, թէ ինչպէ՞ս մարդ արարածը կրնայ այնքան դաժան ըլլալ, որ ամենայն սառնարիւնութեամբ կացինահարէ ու սպաննէ իր նման մարդ մը: Սակայն մտաբերելով Ցեղասպանութեան քստմնեցուցիչ խժդժութիւններու դրուագները, կ՛ըսէի, որ երեւի միայն թուրքին յատուկ է այս նկարագիրը:
Հասանք այս օրերուն ու տեսանք, որ ոչ միայն թուրքերը, այլեւ իրենց նման ուրիշ գազաններ ալ կան, որոնք մարդ կը չարչարեն, կը խոշտանգեն, կ՛անդամահատեն, կը գլխատեն, կը խաչեն ու տարատեսակ «գիւտերով» կտտանքներու նոր ձեւեր կը յօրինեն «Յանուն Աստուծոյ»…
Այս անմարդկային էակներն ու արարքները ինծի համար միշտ հեռու եղած են մեր ազգէն, քանի սորված ենք, որ հայերը բարի, աշխատասէր, խաղաղ, շինարար ժողովուրդ են: Մանկութենէս կը հաւատայի, որ հայը մարդը չի կրնար մուրացկան, գող, թմրամոլ կամ ոճրագործ ըլլալ. հայ կինը չի կրնար անբարոյ ու պոռնիկ ըլլալ. սակայն երբ մեծցայ, տեսայ որ այդ բոլոր բացասական երեւոյթները մեր մէջ ալ կան, գողեր ալ ունինք, թմրամոլներ ու պոռնիկներ ալ. Ինչո՞ւ չէ, «նորմալ» ազգ ենք. Ինչերնի՞ս պակաս է…
Սակայն, այս բոլորով հանդերձ, մտքիս ծայրէն իսկ չէի անցըներ, որ հայը կրնայ նաեւ իր հարազատը կացինահարել: Հաւատացէք, օրեր ամբողջ ուղեղիս մէջ տեղ չէր ըներ այս քստմնեցուցիչ լուրը, որ կրկնուեցաւ յաջորդ օրերուն ալ. եղբայրը եղբօր կը կացինահարէ ու կը սպաննէ, անոր քնացած տեղը… Եղբայր եղբօ՞ր… Ուրիշ մը իր հարազատ մայրը կը կացինահարէ… Աստուած իմ, այս ու՞ր հասանք. ինչպէ՞ս փոխուեցաւ մեր գենը, մեր արիւնը:
Թրքասիրութիւնը ախտավարակած էր մեր ժողովուրդը հինէն ի վեր ու մինչեւ այս օրերը, երբ դեռ կը շարունակենք թրքերէն երգեր լսել, թրքական ֆիլմաշարեր դիտել եւ Թուրքիա այցելել, հակառակ այդ ախտին դէմ մեր ծառանալուն, խօսքով ու գիրով, սակայն բնաւ չէի պատկերացներ, որ կը հասնինք այնտեղ, ուր թրքաբարոյ ոճիրներ ալ գործենք:
Այս տողերը տակաւին իրենց աւարտին չհասցուցած լսեցի ու տեսայ, թէ ինչպէս հայ ոստիկան մը տարեց մարդ մը կ՛ապտակէր հրապարակաւ: Ահաւոր տեսարան էր. այդ ապտակը կացինահարումին չափ նողկանք պատճառեց ու ցնցեց էութիւնս: Այս ո՞ւր հասած ենք, այս ի՞նչ վայրէջք է բարոյականութենէն դէպի անբարոյականութիւն:
Ես գիտեմ, որ որեւէ պարտէզի մէջ, ծաղիկներու քովն ի վեր, մոլախոտեր ալ կ՛աճին, սակայն պարտիզպանը անմիջապէս արմատախիլ կ՛ընէ այդ վնասակար բոյսերը, որպէսզի ծաղկաստանը անվնաս մնայ:
Ո՞ւր է այս երկրին պարտիզպանը: