ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Եզակի նախաձեռնութիւն մը Ցեղասպանութեան դարադարձի այս օրերուն, այս անգամՙ Հայ աւետարանական համայնքէն: Անոր զաւակները եւս անմասն չմնացին Մեծ եղեռնի սարսափի օրերու արհաւիրքէն, երբ անոնցմէ շատեր նահատակուեցան ու մնացեալը քշուեցաւ դէպի անծանօթ հորիզոններ ու անապատներ:
Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը (ԱՀԱՄ – AMAA) վերջերս ունեցաւ իր նոր տնօրէնը յանձին Զաւէն Խանճեանի: Ան այն հասարակական գործիչն է, որ արդէն կը ցուցաբերէ ազգային նոր ոգի մը այս միութենէն ներս: Ան սիրուեցաւ առաջին պահէն Նիւ Եորքի ազգայիններէն ու կազմակերպութիւններէն: Ու ասոր ապացոյցը կը կազմէ դասախօսութիւն-գրքի շնորհանդէսըՙ նուիրուած Իսթանպուլի Պատանեկան տան, որ անցնող ամիսներուն առատ նիւթ հայթայթեց հայ թէ օտար մամուլին, երբ երիտասարդներ կը մնային պահանջատէրը այդՙ աւելի ծանօթ անունով «Արմէն ճամբար»ին կամ հայ որբերու կառուցած տան:
Յունիս 12-ին Փարամըսի (Նիւ Ճըրզի) Հայ աւետարանական (Փրեսփիթերիըն) եկեղեցին լեցուցած էին մեծ թիւով հայորդիներ: Այս եկեղեցիէն ներս ազգային-քաղաքական պարունակով հրապարակային նման հանդիսութիւնը, անկասկած, արժանացաւ բոլորին անվերապահ գնահատանքին:
Հանդիսավարն էր փաստաբան Փիթըր Ղուկասեան, որ ԱՀԱՄ-ի ղեկավարութեան անդամ է: Ան արժեւորեց ձեռնարկը եւ այնուհետեւ ընթացք տուաւ յայտագրին: Ըսենք, որ յիշեալ պատանեկան կեդրոնը կը պատկանի Պոլսոյ հայ աւետարանական համայնքին: Հրանդ Կիւզելեան եղած է անոր հիմնադիրը եւ գաւառներ այցելելով կատարած է մեծ աշխատանքՙ ի մի հաւաքելով հայու բեկորները ու բերելով զանոնք այս պատանեկան հաստատութիւն, խնամած, ազգային ու քրիստոնեական կրթութիւն տուած, տոհմային դաստիարակութիւն ու հպարտութիւն ջամբած ու վերադարձուցած զիրենք իրենց ծննդավայրերը: Այս սքանչելի իրագործման նշումն էր, որ կը կատարուէր այդ երեկոյ: Այդ տունէն անցած է ինքը` Հրանդ Դինքը:
Զաւէն Խանճեան արժեւորեց կատարուած մարդասիրական եւ իրաւատիրական աշխատանքը: Ինքնավստահ ան յայտարարեց, որ պատանեկան այս տան վերատիրանալու այսօրուան պահանջատիրութիւնը կը մտի մեր արդար իրաւունքներու տիրացումին, զոր Ցեղասպանութեան դարադարձին կը կատարեն մեր ազգային բոլոր հաստատութիւնները:
Վերապատուելի Պերճ Կիւլլէեան, բնիկ Զահլէէն (Լիբանան), որ հովիւն է եկեղեցւոյ, իր կարգին անդրադարձաւ գիրքին հրատարակութեան կարեւորութեան: Գիրքին թարգմանութիւնը կատարած է Երուանդ Գոչունեան, իսկ մեկենասութիւնը` Վիգէն եւ Սօսի Ահարոնեան եւ Ստեփան եւ Ճիւլի Ահարոնեան զոյգերըՙ ի յիշատակ իրենց հօր` Վեր. Յովհաննէս Ահարոնեանին, որ եղբայրն էր Մեծ երազի ճամբուն ուղեւոր Գերսամ Ահարոնեանին:
Երրորդ խօսք առնողը եղաւ Ռաթկըրզ համալսարանի (Նիւ Ճըրզի) Ցեղասպանութեան յայտագիրը համադրող Խաչիկ Մուրատեանը: Ան տեսաերիզի վրայ ցոյց տուաւ բռնագրաւուած մեր հողերուն վրայ ապրող հայու բեկորներուն կեանքը, որոնք կը շարունակեն ընդունիլ իրենց տոհմային ինքնութիւնը: Խաչիկին դէպի պատմական Հայաստան այցելութիւններուն մաս կը կազմեն հանդիպումները այն ափ մը հայերուն հետ, որոնք թերեւս իսլամացածՙ կը շարունակեն պահել այդ հողերը որպէս իրաւատէր: Յուզիչ պատկերներ, որոնք, վստահաբար, այսուհետեւ պիտի շարունակեն ի յայտ գալ նորանոր ուխտագնացութիւններու ընթացքին:
Նիւ Ճրզի