Սուրիահայերուն Հայաստան հաստատուիլը, որքան որ ազգասիրական մեր խառնուածքին ու երազներուն իրականացման ճամբան սկսաւ հարթել, սակայն միեւնոյն ժամանակ նոր ու անկանխատեսելի ընկերային-կենցաղային-հոգեբանական ակօսներ սկսաւ բանալ, որոնք կրնան խորանալով խրամատներու վերածուիլ, կամ ալ ժամանակի ու սեփական փափաքի հետ կրնան թերեւս հարթուիլ:
Թէեւ «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ մշակոյթ» եւայլն լոզունգի վերածած կը բարձրաձայնենք, բայց իրականութեան հետ երբ կը բախինք, կը տեսնենք յստակ տարբերութիւնները ըմբռնումներու, կենսաձեւի, աւանդոյթներու ու սովորոյթներու:
Եւ ասիկա շատ բնական է: Այո, նոյն արմատէն կուգանք, սակայն դարերու ընթացքին այնքան ճիւղաւորուած ու հեռացած ենք իրարմէ, այնքան տարբեր հողերու վրայ, տարբեր ջուրերերով ոռոգուած ու պատուաստումներ ստացած, որ ակամայ կիսաթափանց մշուշ մը գոյացած է մեր միջեւ,- լաւատեսներու պարագային,- եւ այդ մշուշը ամպի վերածուած է ոչ-լաւատեսներու պարագային:
Ու հիմա երկու տարատեսակ պտուղներ նոյն ծառին վրայ պիտի աճին, կամ, աւելի ճիշտ, այստեղի ծառին վրայ պատուաստումի փորձեր պիտի ըլլան: Ծառն ու շրջապատը առողջ են, կը մնայ որ պատուաստը բռնէ: Ծառը չես կրնար փոխել, ան իր հողին մէջ խոր թաղուած է ու կենսառողջ է, ասիկա լաւ հասկցուելու է, կարեւորըՙ պատուաստուած ճիւղը ապրի ու պտղաւորուի:
Անոնք, որ նախապատրաստուած չէին տարբերը, անծանօթը, անհասկնալին տեսնելու, յարմարելու դժուարութիւն կ՛ունենան ու երբեմն ալ բողոքելու կ՛ելլեն, կը գանգատին շատ բաներէ ու երկիրը յանցաւոր կը նկատեն:
Անոնք, որ փրկութեան կղզի մը գտած ըլլալու գոհունակութիւնը կ՛ապրին, կը յարմարին նոր պայմաններուն ու անգործութեան հարցը լուծելու կ՛աշխատին, առանց բարձրաձայն դժգոհելու ու վարկաբեկելու երկիրը:
Երրորդ տեսակ մըն ալ կայ, որ իրեն համար ոչինչ նորութիւն է, կամ տարօրինակ, քանի որ Հայաստան չապրածՙ Հայաստանով ապրած է ու հիմա երազանքներուն իրականացումի գինարբուքը կ՛ապրի ու եթէ երկրին թերութիւնները կը մատնանշէ, ապա այդ կ՛ընէ, քանի որ կ՛ուզէ հայրենիքը տեսնել անթերի, կատարեալ: Ան ինքզինք տեղացի կը նկատէ, ոչ որովհետեւ քաղաքացիութիւն ունի, այլ իր անկողոպտելի իրաւունքը կը նկատէ հայաստանցի ըլլալը, նոյնիսկ եթէ տեղացիին համար երբեմն խորթ է ատիկա:
Կայ նաեւ չորրորդ տեսակ մը, ինչպէս կ՛ըսենՙ «Պապէն աւելի պապական» եղողներ, որոնք արդէն վաղուց իրենք զիրենք տեղացի դարձուցած ու լաւ տեղաւորուած, հայրենասիրութեան դասեր կը փորձեն տալՙ բողոքել կամ գանգատիլ համարձակողներուն:
Ժամանակը կը հարթէ ամէն ինչ. տրամադրութիւնները կը մաղուին, յարդը կ՛երթայ, ցորենը կը մնայ: