ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Ճըրզի
Մօտ 70 հազար հաշուող այս կարեւոր համայնքին մէջ ունինք ընդամէնը մէկ հայկական ամէնօրեայ վարժարան: Միայն մէկ դարբնոց, ուր հայ աշակերտը կրնայ սորվիլ հայերէն լեզուն, հայոց պատմութիւնը, մեր աւանդութիւնները, ու այս բոլորըՙ մէկ յարկի տակ, նոյն ժողովուրդին պատկանող իր դասընկերներուն հետ:
Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը (ՍՆԱՎ) 48 տարիներէ ի վեր բաց կը պահէ իր դռները Ամերիկա ծնած թէ Պէյրութէն ու Իստանպուլէն գաղթած, Հալէպէն, Պուլկարիայէն եւ թէ Պարսկաստանէն այս ափերը հաստատուած հայ աշակերտներուն առջեւ: Ու լոկ հայկական վարժարան մը ըլլալէ բացի, այս դպրոցին կրթական մակարդակը Նիւ Եորքի նահանգային կրթական լաւագոյն առաջին տասնեակին համազօր իր ծրագրովՙ կրնայ միայն երջանկացնել դպրոցին շուրջ հաւաքուած կրթական մշակներն ու ծնողները:
Ցեղասպանութեան դարադարձին այս է որ կրնանք ցոյց տալ որպէս երաշխիք մեր գոյութեան, թէ ունինք տակաւին սերունդ մը, որ պիտի շարունակէ ազգապահպանութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ, գուցէ դժուարին պայմաններու տակ: Ու անոր փաստըՙ ՍՆԱՎ-ի շրջանաւարտները, որոնք ոչ միայն ունին ազգային լայն հետաքրքրութիւն, այլեւ անոնցմէ ոմանք ազգային ծառայութեան մէջ են արդէն մեր աւանդական կազմակերպութիւններէն ներս:
Մայիս 16-ին Մանհեթընի «Նորթ Հիլ քաունթրի» ակումբին մէջ, երեք հարիւրի հասնող կրթանուէր ազգայիններ եկան քաջալերելու իրենց դպրոցը: Դպրոցի տնօրէնուհին` Զարմինէ Պօղոսեան, իր բոլորանուէր կրթական աշխատանքով բարձր կը պահէ դպրոցին մակարդակը եւ իր սիրալիր յարաբերութիւններով դպրոցին շուրջ կը հաւաքէ զանազան յանձնախումբեր եւ մարմիններ, որոնք նիւթապէս կ՛ըլլան օգտակար այս հաստատութեան:
Այս տարուան ճաշկերոյթ-պարահանդէսին նախագահութիւնը տրուած էր ազգային ծանօթ բարերար Էտուըրտ եւ Գարմէն Կիւլպենկեաններուն: Իր սրտի խօսքին մէջ պարոն Կիւլպէնկեան կոչ ըրաւ աւելի եւս օգտակար ըլլալու մեր վարժարանին եւ ըրաւ գործնական առաջարկներ եւ թելադրութիւններ ընդհանրապէս այլ փոքրամասնութիւններու օրինակին հետեւելու: Մի՛շտ ալ բարերար այս ամոլը նիւթապէս օգնութեան հասած է ՍՆԱՎ-ի այլեւայլ ծրագիրներուն:
Շրջանաւարտներէն շատեր, հայ ընտանիքներ կազմածՙ այդ օրը ներկայ էին օգտակար ըլլալու իրենց մայր վարժարանին:
Ազգայիններէն ոմանք մօտենալով ինծի հարց կու տային, որ եթէ հրեայ համայնքը այս երկրին մէջ կրնայ ունենալ 200է աւելի ամէնօրեայ վարժարան, իսկ թուրքերը` 120 վարժարան, ինչո՞ւ մենք հայերս պիտի ունենանք միայն 20 ամէնօրեայ վարժարան:
Անոր պատասխանը յստակ է. այդ հարցը պէտք ենք տալ կրթական ծրագիրներով ճամբայ ելած այն հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն որոնք անցնող երկու տասնամեակներուն գրեթէ դադրած են Ամերիկայի մէջ նոր վարժարաններ բանալու ծրագրէն: (*)
Պէ՛տք են անոնք շարունակեն իրենց կրթական առաքելութիւնը: Սերունդ մը ետք, ուծացած ամերիկահայութիւնը որքանո՞վ պիտի կարենայ հասնիլ Հայաստանին, Արցախին կամ այլ միջին-արեւելեան նօսրացող հայկական համայնքներու կարիքներուն:
Գուրգուրանք մեր ամէնօրեայ հայկական օջախներուն վրայ: Ա՛յս պիտի ըլլայ հրամայականը Ցեղասպանութեան դարադարձի: Այո՛, պահպանենք մեր մայրենի լեզուն, աւանդութիւնները:
(*) Կարծում ենք, որ ակնարկությունը վերաբերում է նաեւ ՀԲԸՄիությանը, որը վերջերս հայտարարել է, որ իր հովանավորությունը վայելող այն դպրոցները, որոնք ի վիճակի չեն նյութապես հավասարակշռել իրենց բյուջեն ինքնուրույն, ենթակա են փակման: Սակայն ցավալի այս իրողությունը արձանագրելուն զուգահեռ չենք կարող զանց առնել մեր մյուս կազմակերպությունները: Օրինակՙ Համազգայինը: Իսկ առավել քննադատելին Հայ առաքելական եկեղեցին է, որ վաղուց, շատ վաղուց դպրոց պահելու պարտականությունը թոթափել է իր ուսերից եւ այդ բեռը «վստահել» ազգային մեր մյուս կառույցներին, ինքը մնալով ամենահարուստը սակայն: Խմբ.: