Հայու գողգոթայէն տարի մը ետք, Մայիս 6, 1916-ին, Հայկական կոտորածներու արիւնը դեռ չչորցած իր ձեռքերուն, Ճեմալ Փաշա, որ «Սաֆֆահ» (ջարդարար) կոչուած է արաբներու կողմէ, Դամասկոսի եւ Պէյրութի հրապարակներուն մէջ կախաղան բարձրացուց արաբ իսլամ եւ քրիստոնեայ ազգայնական, մտաւորական ղեկավարներ:
Մեր սփիւռքեան պատմութիւնը շաղախուած է արաբական պատմութեան հետ, քանի որ ճակատագրակից եղած ենք, եւ օսմանեան եաթաղանը իջած է թէ՛ հայերուն եւ թէ արաբներուն գլխուն:
Դամասկոս, Մարճէյի հրապարակին մէջ կախուեցան Շաֆիք ալ Ազմ, Ապտըլ Համիտ ալ Զահրաուի, Օմար ալ Ճազայրի, Շուքրի ալ Ասալի, Սալիմ Ահմատ Ապտէլ Հատի, Ռաֆիք Սալլում:
Պէյրութի Պուրճի հրապարակին մէջՙ Հայր Ժոզէֆ Հայէք, Ապտ էլ քարիմ ալ Խալիլ, Ապտ Էլ Ուահապ ալ Ընկլիզի, Ժոզէֆ Պշարա, Մոհամմէտ Մահմասանի, Մահմուտ Մահմասանի, Օմար Ալի Նաշաշիպի, Օմար Համատ, Ֆիլիպ ալ Խազէն, Ֆարիտ ալ Խազէն, Շէխ Ահմատ Թապպարա, Փեթրօ Փաուլի:
Երիտթուրքերը իբր թէ յեղաշրջում կատարեցին ու Սուլթանը գահընկէց ընելով, համիտեան քաղաքականութիւնը ժխտեցին ու նոր էջ բացին. սակայն հպատակ ժողովուրդներու հանդէպ իրենց բռնած դիրքը մազ մը իսկ չփոխուեցաւ: Համիտն ալ, Թալաթ-էնվէր-Ճեմալն ալ, կը սարսափէին մտաւորականներէն, որոնք ոչ միայն գրող ու խմբագիր, տնօրէն կամ ուսուցիչ էին, այլեւ առաջնորդ-ղեկավարներ, ազգային-ազատագրական պայքարի ռահվիրաներ… եւ զանոնք ոչնչացնելը կը փրկէր Թուրքիան…
Եւ ոչնչացուցին:
Մենք, Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայագաղութներու բնակիչ-քաղաքացիներս, իրաւունք չունինք մոռնալու այս սեւ թուականն ալ մեր Ապրիլ 24-ի կողքին:
Սուրիա եւ Լիբանան, Դամասկոս եւ Պէյրութ, այդ երկու հրապարակները Նահատակաց անունով կոչեցին եւ յուշարձաններ բարձրացուցին: Սուրիան Մայիս 6-ը, սկիզբը միայն կախաղանի զոհերուն յիշատակին, ապա, որպէս ընդհանուր Նահատակաց օր կը յիշատակէ եւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ պաշտօնական ծաղկեպսակի մատուցում կ՛ըլլայ Հանրապետութեան նախագահին, Պաշտպանութեան նախարարին, բանակի ընդհ. հրամանատարին եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ: Իսկ Լիբանանը մինչեւ այսօր պաշտօնապէս կը նշէ իր նահատակ մտաւորականներու թրքական կախաղան բարձրացուիլը…
Սուրիոյ եւ Լիբանանի դպրոցական դասագիրքերու մէջ կը յիշուի պատմական այս օրը, ուր անմահացան արաբ նահատակները:
Յարգանք անոնց յիշատակին: