Վերջերս, Հալէպի մէջ տօնուեցաւ հայկական վարժարանի մը հիմնադրութեան 60-ամեակը. ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանը թէեւ վաթսուն տարեկան է, բայց հալեպահայ դպրոցներուն ամենաերիտասարդն է, քանի որ ուրիշ քոյր հայկական վարժարաններ արդէն նշած են իրենց հիմնադրութեան 80, կամ 90- ամեակները:
Որպէս սոսկական լուր, այս հաղորդագրութիւնը կրնայ հետաքրքրական թուիլ, կամ շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի խօսքերու արժանի ըլլալ հասարակութեան կողմէ, երբ երեւոյթին մակերեսէն տպաւորուած կ՛ըլլան մեր հակազդեցութիւնները, սակայն երբ փորձենք,-ինչպէս կ՛ըսեն,- ծառին ետեւի անտառը տեսնել, այն ատեն միայն կը հասկնանք, թէ ինչ կը նշանակէ ցեղասպանուած ժողովուրդի մը փրկուած մնացորդացին առասպելական կամքը, բերնէն կտրելով դպրոց հիմնելու իր մղումն ու նուիրումը:
Թող քսանականերեսունական տարիներու վկաները նկարագրեն, թէ դպրոցները ինչպէ՞ս կը պահուէին. հոգաբարձութիւն, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողք… ի՜նչ անասելի զրկանքներու գնով այս առաքելութեան նուիրուած էին:
Տոքթ. Ճեպեճեանի հրատարակած հայկական գաղթավայրերու ալբոմին մէջ լուսանկարներ կան Հալէպի յետ-եղեռնեան առաջին դպրոցներու, ուր մանուկներ վիմափոր դարաններու վրայ կողք կողքի սեղմուած հայերէն կը սորվին, կամ ալ,-այժմ հրթիռակոծուած ու աւերուած,- Ս. Գէորգ եկեղեցին լուռ օրերուն, երբ ներքնասրահը վարագոյրներով իրարմէ բաժնուած «դասարաններու» կը վերածէին ու իրար խաչաձեւող երեխաներուն աղմուկը, թիթեղածածկ տանիքին քիւերուն մէջ բոյն դրած թռչուններու ծլուըլոցին կը խառնուէր ու հոգեպարար «ժխորի» կը վերածուէր… ոտաբոպիկ, եղեռնակոծ ծնողներու զաւակները հայերէն կը սորվէին…
Ահա, այսպէս պահպանուեցան հայ դպրոցն ու հայերէնը:
Այսօր, երբ Հայաստանի զանազան դպրոցներ ցուրտ կամ ձիւնոտ օրերուն, կռիփի կամ այլ համաճարակներու առթիւ օրերով փակ կը պահեն, Հալէպի մեր դպրոցները ռումբերու տակ բաց կը մնան:
Խենթութիւն չէ՞ ասիկա: Անշուշտ խենթութիւն է, բայց, «սրբազան» խենթութիւն: Հայը ե՞րբ «խենթի» պէս չէ գործած, երբ իր լեզուին ու մշակոյթին սպառնացող վտանգներու առջեւ ծառանալով տէր կանգնած է իր սրբութիւններուն:
Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, պատմութեան առջեւ խրոխտ կանգնած, այսօրուան պատերազմին մեղսակից – ցեղասպանագործին երեսին ապտակ չէ՞ ասիկա: