Կլոր թուականներ կան, կամ իրադարձութիւններ, որոնք անկիւնադարձային ըլլալու հաւատքը կը ներշնչեն. կ՛ուզենք բան մը փոխուած տեսնել, ակնկալութիւններ ունինք, որովհետեւ չենք բաւարարուիր մեր ունեցածով:
Ամէն նոր տարուան սեմին, ինչե՜ր ու ինչե՜ր կը սպասենք որ բերեն նոր օրերը, քանի մը օր ետք հասկնալու համար, սակայն, որ նոր տարին ալ միւս տարիներէն տարբեր չէ, եւ օրերը միեւնոյն վերիվայրումներով, միեւնոյն հանկերգով կ՛ընթանան: Ասով հանդերձ, յաջորդ նոր տարին նոյնը կը կրկնենք, գիտակցուած ինքնախաբէութեամբ մը:
2000 թուականի նախօրեակին ինչե՜ր ըսես չգուշակեցին դարադարձին հետ կապուած. յետոյ տեսան, որ նոր դարն ալ նախորդէն տարբեր չէ, նոր հազարամեակն ալ:
Հիմա, մենք ալ Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցէն շատ բաներ կ՛ակնկալենք, շա՛տ բաներ, բայց ի՞նչ: Հարցուր որեւէ մէկունՙ պատասխան չկայ, կամ ալ շփոթ խօսքեր, որոնք ցանկատեսութեան սահմաններէն անդին քայլ մը իսկ չեն անցնիր: Մէկի փոխարէն տասը հոգիի հարցուր, վստահՙ տասը տեսակ պատասխան կը ստանաս:
Ի՞նչ պիտի փոխուի 24 Ապրիլ 2015ին: Ցեղասպանութիւնը քանի մը երկիր ե՞ւս պիտի ճանչնայ, քսանը քառասո՞ւն պիտի ըլլայ: Բայց ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն թիւը 180ը անցած է: Կարեւորները մեծ երկիրնե՞րն են, շատ բարի, պատկերացնենք, որ առանց բացառութեան, բոլոր երկիրներն ալ ճանչցան, մէջը ըլլալով նաեւ Թուրքիան: Յետո՞յ:
Հոս է հարցը: Եթէ հարիւրամեակը ոչ թէ միջոց, այլ նպատակ դարձուցած ենք, ոչ թէ ցատքատախտակՙ յաջորդ հանգրուանին հասնելու, ապա անիմաստ ու սնամէջ վազվռտուք է մեր ըրածը, որ միմիայն մեզ կը յոգնեցնէ, ու հեւասպառ դարձածՙ քիչ մը կ՛ուրախանանք եւ յետոյ ստեղծուելիք պարապութիւնը լեցնելու համար յաջորդ տարելիցին կը պատրաստուինք: Աստուծոյ տարիները վերջ չունին, մեր ալՙ տարելից նշելու ախորժակն ու ցանկութիւնները:
Գիտեմ, ըսողներ պիտի ըլլան, որ «Կը յիշենքի»ին ետեւ «Կը պահանջենք» ալ դրած ենք: Շատ բարի, կրկին հարց տանք, յստակ պատասխան կրնա՞յ տալ մէկը. տասը հոգիէ տասը տարբեր պատասխան պիտի չստանա՞նք: Բերնի ծամօն դարձած «հատուցում», «արդարութիւն», «մեր հողերը» եւ նման վերամբարձ բաներ պիտի չըսե՞ն: Բացի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սիսի ազգապատկան կալուածները պահանջելու որոշումէն, Սփիւռքի կամ Հայաստանի մէջ որեւէ լուրջ պահանջագիր պատրաստուա՞ծ է: Մեր իրաւաբանները, մեր պատմագէտները, մեր ազգային թէ կրօնական ղեկավարները, կամ Հայաստանի պետութիւնը ծրագիր մը մշակա՞ծ են: Եթէ այո, ապա ո՞ւր է: Իսկ եթէ ոչ, ի՞նչ պիտի ըսեն, «Մէյ մը սա ճանաչումը թող ըլլայ, վերջը Աստուած մեծ է»: Այսպէ՞ս պիտի ըսեն: Այո, Աստուած մեծ է, սակայն մեր ալ միամտութիւնն է մեծ:
Չորս տարի առաջ Հայաստանը 100-րդ տարելիցի մեկնարկի զանգը հնչեցուց համայն հայութեան ի լուր եւ ի գործադրութիւն: Ժողովներ, հանդիպումներ, խորհրդակցութիւններ, ելոյթներ, յօդուածներ, գիրքեր, համերգներ, ներկայացումներ, եւ այսօրինակ նպատակաուղղուծ ձեռնարկներ…
Իսկ մեր ըրածներուն զուգահեռ Թուրքիան ի՞նչ ըրաւ. գրաւել ու պարպել տուաւ հայկական Եագուպիէն (Սուրիա), ներխուժել ու թալանել տուաւ Քեսապը, քանդել ու պղծել տուաւ Տէր Զօրի Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: Իսկ Հալէպը… Հալէպի Նոր Գիւղը… Նոր Գիւղի մէջ հայապատկան հարիւրաւոր տուներ, գործատեղիներ, տասնեակ հայկական հաստատութիւններ, եկեղեցի, վանք, դպրոց, պատսպարան, ակումբ, բարեսիրական կեդրոն… Ու տակաւին հարիւրէ աւելի նահատակ-զոհեր ու աւելի քան 15000 գաղթական:
Նժարներու վրայ դնենք 100-րդ տարելիցին ընդառաջ մեր ըրածներն ու թուրքին ըրածները:
Դեռ չեմ խօսիր Հայաստան-Ադրպէյճան սահմանի թեժացումի ու նահատակուած հայ զինուորներուն մասին: Հրադադարի խախտումները պատահակա՞ն էին , թէ՞ կրկին Թուրքիոյ դրդումով եղան: Փառք Աստուծոյ, որ դիմադրող զօրաւոր բանակ ունինք, թէ չէ, վստահ եմ, շատ աւելին կ՛ըլլային այդ ոտնձգութիւններն ու ներխուժման փորձերը:
Արդ, հազիւ երկու ամիս կը բաժնէ մեզ Ապրիլ 24-էն. գո՞հ ենք չորս տարիէ ի վեր մեր նախապատրաստութիւններէն: Հայաստանի մէջ շատ զգալի չէ այդ մէկը: Թերթերը իրենց ամէնօրեայ «զգայացունց գայթակղութիւնները» կ՛որոճան, երբ կ՛ակնկալուէր, որ տարուան առաջին օրէն թերթին ճակատը ամէն օր դրուէր հարիւրամեակի խորհրդանշանը եւ յաճախ յօդուածներ լոյս տեսնէին: Նոյնը նաեւ հեռատեսիլի կայանները, էկրանի վրայ մնայուն խորհրդանիշով: Նոյնը նաեւ պողոտաներու ու փողոցներու գովազդային սիւներուն վրայ… Կը քալես Երեւանի փողոցներէն, ոչինչ կը տեսնես հարիւրամեակը յիշեցնող:
Երեւանի մէջ բաւական թիւով օտարներ կան, թէ՛ աշխատանքային գործուղումով կայք հաստատած, թէ՛ զբօսաշրջիկ. այդ մարդիկը ինչպէ՞ս պիտի զգան, որ երկիրը լուրջ եւ ծանրակշիռ իրադարձութեան մը կը պատրաստուի. իրենք ալ իրենց կարգին ի՞նչ պիտի փոխանցեն իրենց երկիրներուն, որպէս տեղական լուր:
Ամենասովորական կենցաղային ապրանքի մը գովազդը ամէն վայրկեան աչքերուդ առջեւ կը ցցուի, Մեծ եղեռնի դարադարձը ապրանքի մը չա՞փ ալ չկայ:
Պաշտօնական հրաւէրներ ուղարկուած են աշխարհի չորս կողմը պետական թէ ակադեմական անձնաւորութիւններու. փոխանակ մեզ տեղեակ պահեն, թէ ուղարկուած հրաւէրներէն ի՞նչ պատասխան ստացան, ո՞ր նախագահը, կամ մեծ անձնաւորութիւնը պիտի գայ, Քարդաշեան քոյրերու գալուստը կը ծանուցանեն… Աստուած իմ, այս ինչ անլրջութիւն է: Տակաւին կայ աւելի մտահոգիչը. տարակարծութիւնները շրջանցելով, յանուն միասնական ու հնչեղ կեցուածքի մը, մեր բոլոր ուժերն ու կարողութիւնները լարելու փոխարէն, պետական այրերու միջեւ գզվռտուք մը ծայր առած է, որ այս օրերուն ոչ միայն լրիւ անհեթեթ է, այլ թշնամիին ջրաղացքին ջուր լեցնելու կը ծառայէ:
Պահանջատիրութիւնը խօսքով չ՛ըլլար: Պահանջատէրը պահանջուածին տարողութեան չափ մեծ ըլլալու է: Ո՞ւր ենք մենք այս բոլորէն:
100-րդ տարելից: Իսկ յետո՞յ: