ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ, Պէյրութ-Երեւան
«Գեղեցիկ է Երեւանը, նամանաւանդ գիշերով…»:
Ղեկին մօտ նստած վարորդը նկատելով երաժշտութեան կշռոյթին ենթարկուած մատներուս ակամայ շարժումը, կամացուկ մը կը զօրացնէ ձայնը: Մայրաքաղաքի գիշերային տեսարանները սիրուած երգի հնչիւններուն ներքոյ, հաճելիօրէն զիրար կը յաջորդեն:
Մինչ ձեռքս կ՛երկարեմ գօտիիս վրայ տեղադրուած հեռաձայնիս, նրբանկատ վարորդն անմիջապէս կը մեղմացնէ երաժշտութիւնը:
Ուղերթի աւարտին կը կայանայ ազնիւ հաշուարկը եւՙ բարի գիշեր… Սակայն հանգիստ քնանալ չի յաջողուիր: Երկար փնտռտուքէ մը ետք, չգտնելով դրամապանակս, կը յիշեմ գիշերային թաքսին, որու վերաբերեալ ոչ մէկ տուեալ ունիմ:
Առտուն, օրը լաւատեսութեամբ սկսելու ճիգով, կը փորձեմ մոռնալ կրած նիւթական զգալի կորուստս: Կը նստիմ տանս մօտ գտնուող առաջին իսկ թաքսին: Երբ կը յայտնեմ երթիս ուղղութիւնը, վարորդը կը ժպտի, ապա խնամքով ինձի կը պարզէ կորսուած դրամապանակս. «Թաքսիում ընկած էր, առաւօտ կանուխ նկատեցի եւ շտապեցի այստեղ, յուսալովՙ հանդիպել Ձեզ…»: Մօտէն կը ծանօթանամ երեսունչորսամեայ վարորդ Վահան Պապիկեանին, որ տարիներէ ի վեր բարեխղճօրէն կը սպասարկէ թաքսիի ծառայութենէն օգտուող իր ուղեւորները, դառնալով շատերուն հաւատարիմ ու վստահելի ընկերը:
Եթե մարդկային ազնուութեան պակասը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ երկրին մէջ ստեղծուած անթիւ դժուարութիւններով, նկարող սարքերու յաճախ անհարկի ու անտրամաբանական տուգանքներով, աշխատանքային ծանր օրուան աւարտին երբեմնՙ պլանը չամբողջացնելու, յաճախ ալ ձեռնունայն տուն վերադառնալու դաժան իսկութեամբ, ապաՙ այդ գործօնները բնաւ չեն ազդած Վահան Պապիկեանի մարդկային նկարագրին վրայ: Երիտասարդ, կոկիկ արտաքինով վարորդին ազնուութիւնըՙ անսահման լաւատեսութիւն, սէր ու հպարտութիւն կը ներշնչէ մեր նուիրական հայրենիքին հանդէպ:
Երեւանը ցերեկով ալ գեղեցիկ է, նամանաւանդ իր օրինակելի քաղաքացիներով:
Շնորհակալութիւն, Վահան, շնորհակալութիւն, մա՛րդ…